Ծննդեան տարեդարձ մը չէ, այլ` մահուան տարելից մը։
Յիսուն տարի առաջ, 1974-ի Օգոստոսին, Փարիզի մէջ հողին կը յանձնուէր սփիւռքահայ գրականութեան առաջին վիպագիրներէն Շահան Շահնուրի հիւծեալ եւ անշունչ մարմինը։ Փէռ-Լաշէզի գերեզմանատան երեւելի ննջեցեալներուն ցուցակին վրայ կ’աւելնար անուն մը եւս…։
Երբ կ’արտասանուի Շահնուրի անունը, անմիջապէս անոր կը զուգորդենք իր համբաւաւոր վէպը՝ «Նահանջը առանց երգի»–ն։ Շատ կարդացուած ու բազմիցս վերատպուած բախտաւո՜ր վէպ մը։ Այս գործը գրուեցաւ, երբ հեղինակը տակաւին հազիւ 24-25 տարեկան էր, ինչ որ մտածելու առաջնորդող յատկանշական երեւոյթ մըն է, մա՛նաւանդ այս օրերուն։ Միշտ մտածեր եմ այս մասին ու հարց տուեր՝ ես ինծի. հայեցի դաստիարակութեան կամ հայերէնի ուսուցման այն ո՞ր հրաշալի կերպն էր, որ Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանէն շրջանաւարտի մը կը յաջողէր տալ մայրենի լեզուի, քերականութեան ու գրողական փորձառութեան այնքան հիւթ ու աւիշ՝ որ 25 տարեկան տղայ մը անցնէր իր գրասեղանին ետին ու 250 էջանի վէպ մը գրէր…։ Արտակարգ տաղանդի՞ վերագրել այս երեւոյթը, այդ ժամանակաշրջանի պատկառելի ուսուցիչներու նպաստի՞ն, ընտանեկան խթանիչ միջավայրի՞ն…։ Ինչի՞…։
Շահնուր միակ օրինակը չէ։ Մեր գրականութեան պատմութեան մէջ կան բազմաթիւ համանման պարագաներ։
Առանց պահուըտելու ձեր զոյգ մատներուն ետին՝ բաղդատեցէ՛ք Շահնուրի պարագան սփիւռքի այսօրուան մեր վարժարաններու շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներու երամին հետ։ Մոռցէ՛ք վէպ կամ քերթուած գրելը (որ հասուն գրագէտի գործ կը սեպուի), այլ պարզապէս ստուգեցէք, թէ մեր նորահաս երիտասարդներուն քանի՞ տոկոսը կը յաջողի հայերէնով գրուած ընթացիկ յօդուած մը սահուն կարդալ…։ Պարզապէս՝ կարդա՜լ։
Ճիշդ այս պատճառով ալ Շահնուրն ու իր վէպը տեւաբար օրակարգի վրայ են սփիւռքեան մեր քննարկումներուն մէջ, քանի որ նահանջի ահազանգը կը խռովէ մեզ։ Բայց գլխաւոր հարցումը կը մնայ անպատասխան. ո՞վ պիտի կասեցնէ նահանջը։ Սփիւռքեան մեր գլխաւոր կառոյցները (եկեղեցի, դպրոց, մշակութային միութիւններ, մամուլ) պատրա՞ստ են հաւաքաբար պատնէշ մը բարձրացնելու նահանջի յորձանքին դիմաց…։
*
Շահնուրի կեանքը, առհասարակ, տառապանքներու շղթայ մը եղաւ։ Շա՛տ քիչ ուրախութիւն ապրեցաւ այս հէք տղան։
Փորձենք վերագծել իր կեանքին գլխաւոր դրուագները։
Ֆրանսահայ գրականութեան Ա. սերունդի ամէնէն ուշագրաւ դէմքերէն մին է Շահան Շահնուր, բուն անունով՝ Շահնուր Քերեսթէճեան։
Աչքերը լոյսին բացաւ Պոլիս, հայահոծ Սկիւտար թաղամասը, 1903-ին։ Բանասէր եւ տարեցոյցներու հանրածանօթ հրատարակիչ Թէոդիկի քրոջ որդին էր։
Պէրպէրեան վարժարանի ընթացքը աւարտելէ ետք (1921, Շահան Պէրպէրեանի տնօրէնութեան շրջանին), քեմալական շարժումի օրերուն անցաւ Փարիզ եւ սկսաւ զբաղիլ լուսանկարչութեամբ։ Արուեստասէր տղայ էր ու ինքզինք մօտիկ կը զգար գիր-գրականութեան։ Դիւրասահ էր իր ֆրանսերէնը։ Շատ յաջող փորձեր կատարած էր երգիծանկարչութեան մէջ ալ՝ դեռ Պոլիս եղած շրջանին։ Փարիզի մէջ ան հիմնադիր անդամներէն մին եղաւ «Մենք» գրական հանդէսին, որուն շուրջ, կարճատեւ շրջան մը (1930-ականներու սկիզբը), հաւաքուեցան Ֆրանսա ապաստանած երիտասարդ տասնեակ գրողներ։
Բայց նախքան «Մենք»–ը, Շահնուր անակնկալ ու արտակարգ «էջք» մը կատարեց մեր գրականութեան պարտէզին մէջ…։ Գրեց ժամանակակից ֆրանսահայ գաղթական երիտասարդներու առօրեայէն վերցուած վէպ մը ու ատով շշմեցուց եւ զգաստութեան հրաւիրեց բովանդակ սփիւռքը։ Գաղթաշխարհի հայ մամուլը երկա՜ր ամիսներ խօսեցաւ ու վիճաբանեցաւ այս վէպին ու անոր անծանօթ հեղինակին մասին, կատարեց քննարկումներ ու վերլուծումներ։ Վէպը կը կոչուէր «Նահանջը առանց երգի»։
Վիճայարոյց այս վէպը նախ տպուեցաւ իբրեւ թերթօն՝ հիւրընկալուելով Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին մէջ, 1929-ին (Մայիսէն մինչեւ Սեպտեմբեր)։ Նոյն տարին լոյս ընծայուեցաւ առանձին հատորով, հնավաճառ Վահան Իսպիրեանի մեկենասութեամբ։ Շահնուրի յաղթական ու ինքնավստահ մուտքն էր այս՝ հայ գրականութենէն ներս։ Բայց թերթօնը, արդէն, աննախընթաց աղմուկ մը բարձրացուցեր էր ընթերցողներու շրջանակին մէջ։ Բուռն քննադատութիւնները իրարու կը յաջորդէին։ Շատ-շատեր անընդունելի ու գայթակղեցուցիչ կը նկատէին վէպին էջերուն մէջ երեւցող սիրային յանդուգն, համարձակ եւ հոլանի պատկերները ու զանոնք անյարիր կը համարէին մեր գրական աւանդապահ ըմբռնումներուն…։ Ոմանց կողմէ՝ Շահնուր մինչեւ իսկ ամբաստանուեցաւ իբրեւ… պոռնկագիր, ինչպէս պատահած էր Դանիէլ Վարուժանի պարագային ալ, երբ հրատարակուեր էր անոր «Հեթանոս երգեր» քերթողագիրքը (1913, Պոլիս)։ «Յառաջ»-ի խմբագրութեան հասցէին ամէն օր տեղացող դիտողութիւններուն եւ բողոքներուն դիմաց, սակայն, խմբագրապետ Շաւարշ Միսաքեան (որ գրական հոտառութեան տէր բանիմաց հրապարակագիր մըն էր) անդրդուելի մնաց վէպը առանց դոյզն «մկրատում»-ի հրատարակելու իր նախնական որոշումին մէջ եւ թերթօնին տպագրութիւնը հասցուց իր աւարտին, անեղծ ու անվթար։
Հետաքրքրական է իմանալ, թէ այս վէպը լոկ Պէյրութի մէջ տպուած է երեք անգամ (1948, 1959, 1981), ունեցած է իր անգլերէն թարգմանութիւնը 1982-ին (Լոնտոն, թրգմչ.՝ Միշա Գիւտեան), իսկ իր հրատարակութենէն աւելի քան 85 տարի ետք՝ թարգմանուած ու տպուած է թրքերէնով ալ, ԱՐԱՍ հրատարակչատան կողմէ (Պոլիս, 2016)։
Լ. Շ.
(Շարունակելի՝ յառաջիկայ Երեքշաբթի)