«ՃՇՄԱՐՏԱՊԷՍ ԾԱՌԱՅԵԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ»
Երկրին մէջ տիրող ռազմական գործողութիւններուն դադրեցումը պատճառ դարձաւ, որ միութենական կեանքը այլեւս կամաց-կամաց մտնէ բնականոն հունի մէջ: Հ.Մ.Մ. Պէյրութի Սկաուտական խորհուրդը եւ խմբապետական կազմը, հաւատալով հայ պատանիին ու երիտասարդին մարդկային նկարագրի կերտման համար կենսական եղող սկաուտական շարժման առաքելութեան, անմիջապէս լծուեցան գործի, աշխուժացնելու համար մարդկային տիպար դաստիարակութիւն ստանալու, հոգեմտաւոր ու ֆիզիքական կրթութեամբ օժտուելու իրենց կրթարանը:
Արդարեւ, Շաբաթ, 30 Նոյեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Ռըմէյլի Սբ. Յարութիւն եկեղեցւոյ շրջափակը ժամադրավայր դարձած էր Հ.Մ.Մ. Պէյրութի սկաուտական շարժման առաջին հաւաքին: Հոն էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետն ու անդամները, Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութեան ատենապետն ու անդամները: Սկաուտական վաշտը քաջալերելու համար, նաեւ ուշագրաւ ներկայութիւն կ’արձանագրուէր Խալիլ Պատաուիի Սբ. Յարութիւն եւ Նոր Հաճնոյ Սբ. Գէորգ եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներու ատենապետներուն ու անդամներուն, քոյր վարչութիւններու՝ Հ.Մ.Մ. Անթիլիաս՝ իր ատենապետով ու վարչական անդամներով, եւ Հ.Մ.Մ. Մասիս՝ իր փոխատենապետով ու վարչական անդամներով, ծնողներու, բարեկամներու եւ թաղեցիներու կողմէ:
Բոլորն ալ համախմբուած էին Հ.Մ.Մ.-ի դրօշին տակ եւ հպարտութեամբ կը դիտէին կարմիր–ճերմակ փողկապներով խրոխտ կեցուածքով տողանցող գայլիկները, արծուիկները, արիները, արենուշներն ու երէցները: Ծնողները առաւել խանդավառներն էին: Անոնցմէ շատեր հանդիսատեսի հանգամանքը մոռնալով, բջիջային հեռախօսներով կը փորձէին իրենց հոգեհատորին ամէն մէկ շարժումը արձանագրել:
Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբի կատարողութեամբ քայլերգներու ունկընդրութենէն ետք, հոգեւոր հովիւ Տէր Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեան աղօթքով օրհնեց սկաուտական վաշտի անդամներն ու ներկաները, անոնց փոխանցելով իր սրտի խօսքը:
Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական շարժման 2024-2025 տարեշրջանի բացման խօսքը ներկայացուց Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբի առաջնորդ ընկեր Նարեկ Ղարիպեան: Ան Հ.Մ.Մ. Պէյրութի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին անունով ողջունեց ներկաները, ապա ամփոփ պատմական մը ներկայացուց Հայ Մարմնամարզական Միութեան սկաուտական շարժման 1921-ին հիմնադրման եւ զանազան շրջաններու մէջ տարածման մասին՝ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանի մէջ տեղի ունեցող հաւաքներու օրերէն անցնելով Դամասկոսի շրջանի հիմնադրութեան եւ հասնելով Պէյրութի շրջանը, զանոնք հաճելիօրէն կապելով յառաջիկայ՝ 2025 թուականին միութեան պանծալի 90-ամեակին հետ:
Ընկեր Ղարիպեան ըսաւ. «90 տարիներ անդադար, Հ.Մ.Մ.-ի պատասխանատու ընկերներ, հակառակ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող անապահով պայմաններուն, կը փորձեն ապահովել ջերմ մթնոլորտ, սկաուտներուն փոխանցելով բարձր գիտակցութեամբ բարձր գիտելիքներ տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ»։ Ընկերը այս ձեռքբերումներուն համար շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրեալ ընկեր-ընկերուհիներուն, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի վարչութեան, որոնք ջանք չեն խնայեր ապահովելու սկաուտներուն կարիքները: Շնորհակալական խօսք ուղղուեցաւ նաեւ ծնողներուն, որոնք հաւատացած են Հ.Մ.Մ.-ի առաքելութեան եւ իրենց զաւակները վստահած են փառապանծ միութեան: Ընկեր Նարեկ Ղարիպեան իր խօսքի աւարտին խոստացաւ ուրախ պահել Հ.Մ.Մ.-ի անդամները, այնպէս՝ ինչպէս սկաուտական ծրագիր-կանոնագրին մէջ նշուած է՝ «Սկաուտութեան նպատակն է ազնուացնել տղուն սիրտը, սրել միտքը, մշակել կարողութիւնը, եղբայրասէր կորովի պատանիներ պատրաստել, որոնք ճշմարտապէս ծառայեն Աստուծոյ եւ հայրենիքին»: Ան եզրափակեց՝ 2024-2025 տարեշրջանը բացուած յայտարարելով հետեւեալ լոզունգով՝ «Մէկ սիրտ, մէկ հոգի Հ.Մ.Մ.-ի համար»:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ բոլորին սպասուած պաշտօններու բարձրացման արարողութիւնները: Յայտարարուեցաւ նաեւ խմբապետական աստիճանաւորման բարձրացման պաշտօնները: Ընկեր Յակոբ Վասիլեան ստացաւ ընդհանուր խմբապետի պաշտօն, իսկ ընկերուհի Մեղրի Պարախեան բարձրացաւ աքելլայի աստիճանին: