Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տոնըլտ Թրամփ լիբանանցի-ամերիկացի Մասաատ Պուլոսը նշանակեց արաբական եւ միջինարեւելեան հարցերու խորհրդական: Պուլոս նշեց, որ Թրամփի նպատակն է խաղաղութիւն հաստատել Միջին Արեւելքի մէջ եւ վերջ տալ հակամարտութիւններուն: Ըստ Պուլոսի, Թրամփ նախագահ ընտրուելէ ետք յաջողեցաւ գործող նախագահ Ճօ Պայտընի հետ զինադադար հաստատել Լիբանանի հարաւային ճակատին վրայ, իսկ այժմ աշխատանք կը տարուի գործադրելու եւ ամրապնդելու այդ համաձայնութիւնը: