Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՎԻՃԱԿ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

December 3, 2024
in Միջազգային
0

 

 

Հալէպի մէջ իրավիճակը կը շաունակէ մնալ սպասողական եւ մտահոգիչ: Չորս օր առաջ, ընդդիմադիր զինեալ կազմակերպութիւններ ընդամէնը քանի մը ժամերու ընթացքին առանց դիմադրութեան մտան քաղաք եւ տիրապետեցին գրեթէ բոլորր թաղամասերուն՝ ներառեալ զինուորական օդակայանը, ռազմական ենթակառոյցները եւ կառավարական համալիրները, ապա յայտարարեցին պարետային ժամ՝ ապահովական նկատառումներով:

Հալէպէն հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, քաղաքին տիրապետած կազմակերպութիւններուն առաջին գործը եղած է բոլոր շրջաններու քաղաքացիներուն հաց բաժնելը եւ շուրջօրեայ ելեկտրամատակարարումը վերականգնելը՝ 10 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով: Անոնք այս քայլերով փորձեցին շահիլ քաղաքացիներուն վստահութիւնը, խոստանալով չվնասել ոեւէ անմեղ մարդու: Քաղաքացիները շուտով վերաբացին իրենց խանութները, փորձելով ընտելանալ նոր իրավիճակին: Անոնք սակայն մտավախութիւն յայտնեցին Թուրքիոյ հետ զինեալներու առնչութեան հաւանականութենէն, ինչպէս նաեւ գալիք արհաւիրքէն, եթէ բանակին եւ զինեալ կազմակերպութիւններուն միջեւ վերստին բախումներ սկսին՝ քաղաքին տիրապետելու համար: Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանը հալէպահայութեան կոչ ուղղեց խուճապի չմատնուելու, այլ դուրս չգալու տուներէն եւ հետեւելու զարգացումներուն: Իսկ երէկ յետմիջօրէին, համացանցի վրայ տարածուեցան ենթադրաբար նոր լուսանկարներ, ուր թրքական դրօշներ կ’երեւին Հալէպի բերդին եւ զինեալներու կեդրոնատեղիին մէջ: Սուրիական բանակը, միւս կողմէ, խոստովանեցաւ զինեալներուն հողեր կորսնցնելու մասին, սակայն հաւաստիացուց, թէ նախապատրաստութիւնները կը շարունակուին՝ հակայարձակում կազմակերպելու եւ քաղաքն ու մերձակայ շրջանները վերստին հակակշիռի տակ առնելու համար: Հալէպէն անդին, անցնող երեք օրերուն անկայուն էր վիճակը նաեւ քաղաքի արեւմտեան եւ հիւսիսային գիւղերուն, ինչպէս նաեւ մօտակայ Ըտլիպի մէջ: Զինեալները յայտարարեցին, թէ քրտական պաշտպանութեան ուժերէն խլած են ռազմավարական Թել Ռիֆաաթ քաղաքը, որ Հալէպը կը կապէ հիւսիսային քրտական շրջաններուն: Զինեալներու յաջողութիւններուն լոյսին տակ, սուրիական եւ ռուսական ռազմական օդանաւեր անցնող երկու օրերուն ծանր ռմբակոծեցին զինեալներուն դիրքերը՝ պատճառելով կորուստներ: Զինեալ կազմակերպութիւնները Հալէպէն ետք փորձեցին յառաջանալ նաեւ Համայի գիւղերուն ուղղութեամբ, սակայն դէմ-յանդիման եկան բանակին եւ անոր օժանդակող ուժերու սաստիկ դիմադրութեան:

Share62Tweet39
Previous Post

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԸ ՊԱՌԱԿՏԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ

Next Post

ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԸ ՊԱՌԱԿՏԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.