Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

December 3, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հըզպալլա հաղորդագրութեամբ մը յստակացուց, թէ իսրայէլեան հետեւողական խախտումներուն լոյսին տակ դիմած է ինքնազսպումի՝ գործադրելով զինադադարի համաձայնութիւնը: «Սակայն երբ խախտումները բազմացան, ներառեցին զանազան տեսակի զէնքեր եւ նոր շրջաններ եւ սպաննեցին երկու քաղաքացիներ, ստիպուեցանք զգուշացնող նախնական հակահարուած տալ Քֆարշուպայի բռնագրաւեալ բարձունքներու Ռուէյսէթ էլ-Ալամ դիրքին, որովհետեւ առնչակից կողմերուն հետ մեր բոլոր հաղորդակցութիւնները եւ իսրայէլեան խախտումները կասեցնելու պահանջները մնացին ապարդիւն»:

Իսրայէլեան բանակը իր կարգին Հըզպալլան ամբաստանեց զինադադարի դրութիւնը խախտելու մէջ: Ըստ հակառակորդին, Հըզպալլա հրթիռներ արձակած է Շըպաայի բարձունքներուն ուղղութեամբ: Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Կէտաուն Սաէր պնդեց, որ իրենք պարզապէս կը գործադրեն համաձայնութիւնը՝ պատասխանելով Հըպալլայի խախտումներուն, իսկ ելեւմուտքի ծայրայեղական նախարարը Հըզպալլային կոչ ուղղեց «իմանալու, թէ հաւասարակշռութիւնը այժմ փոխուած է եւ անցեալին պատահածը դարձեալ պիտի չկրկնուի»: Ուժանիւթի նախարարն ալ շեշտեց, որ իրենք Հըզպալլային «պիտի չարտօնեն վերադառնալ հարաւային Լիբանան եւ վտանգել իսրայէլացի քաղաքացիները»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ մինչ այդ հաղորդեցին, թէ ամերիկացի բանագնաց Ամուս Հոքշթայն Թել Աւիւին փոխանցած է նամակ մը, ուր կը նշուի զինադադարի իսրայէլեան խախտումներուն մասին:

 

 

Իսրայէլեան խախտումներուն լոյսին տակ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զինադադարի գործադրութեան հետեւող միջազգային յանձնախումբէն պահանջեց իսկոյն անցնիլ աշխատանքի եւ կանխել խախտումները: Իսկ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց զինադադարը դիտարկող միջազգային յանձնախումբի նախագահ, ամերիկացի զօրավար Ճէսփըր Ճեֆֆըրզը, որուն հետ քննարկեց յանձնախումբին գործունէութիւնը:

Share64Tweet40
Previous Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՕՐ

Next Post

ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՎԻՃԱԿ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Next Post

ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՎԻՃԱԿ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.