Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՕՐ

December 3, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՕՐ

 

Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ սեպտեմբերեան պատերազմը դադրեցուցած զինադադարի համաձայնութեան յայտարարութենէն նուազ քան շաբաթ մը երք, իրենց ծաւալով սահմանափակ խախտումներուն թիւը զգալիօրէն բազմացաւ երէկ Լիբանանի հարաւային սահմանային շրջաններուն եւ մերձակայ իսրայէլեան բնակավայրերուն մէջ: Իսրայէլ օդուժը եւ հրետանին անցնող երկու օրերուն բազմաթիւ առիթներով թիրախաւորեց Խիամը, Թալլուսէն եւ այլ շրջաններ: Իսրայէլեան ուժեր երէկ երկրորդ անգամ ըլլալով փորձեցին հրասայլերով մօտենալ Մէյս էլ-Ժապալ գիւղի հիւանդանոցին ուղղութեամբ, մերթ ընդ մերթ արձակելով կրակոցներ: Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ Նաքուրայի մէջ գտած է իր ինքնաշարժին մէջ զոհուած սպայի մը մարմինը: Բանակին համաձայն, սպան անհետ կորսուած էր 26 Նոյեմբերէն ի վեր՝ իսրայէլեան յարձակումի հետեւանքով: Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնն ալ յայտարարեց, թէ իր ծառայողներէն Մըհտի Խրէյսը զոհուած է Նապաթիէի մէջ իսրայէլեան անօդաչու սարքի հարուածին պատճառով:

Share64Tweet40
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 10 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post
ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.