«ԱՐԱՐԱՏ», 17 Նոյեմբեր-21 Նոյեմբեր 1969
«Արարատ»-ի այս շաբթուան թիւերուն մէջ ի՞նչ կը գտնենք։
Իմ ուշադրութիւնը կը գրաւէ հնչակեան վեթերան հրապարակագիր ու թատերագիր Սեդրակ Շահէնի (1888-1975) «Կարգեր, բարքեր եւ կանոններ» յօդուածը, ուր ան կ’արծարծէ Էջմիածնայ եպիսկոպոսաց վերջին ժողովի օրակարգին դրուած կուսակրօնութեան հարցը։ Ըստ իրեն՝ պէտք չէ խիստ ըլլալ այս «մանուածապատ» հարցին նկատմամբ, այլ հարկ է որդեգրել մեղմ ընթացք մը՝ օրինակ առնելով Անկլիքան եկեղեցիէն, ուր եպիսկոպոսները կրնան ամուսնանալ։ Յօդուածագիրը համամիտ է նաեւ, որ ընտանիք կազմել փափաքող մեր կուսակրօն վարդապետները իջնեն պարզ քահանայական կարգի (փոխան կարգաթող ըլլալու), իսկ իրենց կողակիցը կորսնցուցած ու այրիացած քահանաներուն ալ արտօնուի բարձրանալ դէպի վարդապետական ու եպիսկոպոսական աստիճաններ…։ Այս առումով, ան կու տայ հետեւեալ օրինակը.
— Տերսիմի շրջան՝ Բինկեան անունով գիւղի քահանայ Տ. Գէորգ Արսլանեանը հետագային կը դառնայ արքեպիսկոպոս եւ պատրիարք Կ. Պոլսոյ։ Նաեւ՝ Շապին–Գարահիսարի քահանայ Տ. Վռամշապուհ Քիպարեանը հետագային կը դառնայ արքեպիսկոպոս եւ առաջնորդ Ֆրանսայի թեմին։
Սեդրակ Շահէնի այս պարբերութեան մէջ կան քանի մը անճշդութիւններ։
Սկսելով յիշատակեալ երկրորդ անունէն, ըսենք որ՝ այո՛, նախկին Վռամշապուհ քահանան այրիանալէ ետք ընդունեց կուսակրօնութեան կարգը, վեղար ստացաւ ու դարձաւ Փարիզի առաջնորդ (ո՛չ՝ Ֆրանսահայ թեմի, որ գոյութիւն չունէր այն ատեն)։ Վախճանեցաւ 1940-ին, ալեւոր ու պարտասուն։ Իսկ առաջին անունը՝ Արսլանեան արք., քահանայ չէ եղած երբե՛ք։ Ան աշխարհական մըն էր, ամուսնացած ու զաւակներու տէր։ Համիտեան կոտորածներու օրերուն կը նահատակուի իր կողակիցը՝ բոցերու մէջ ողջ-ողջ այրելով, ինչ որ պատճառ կը դառնայ որ 28 տարեկան այս դժբախտ տղան որոշէ հոգեւոր կոչում ստանալ։ Աբեղայ կը ձեռնադրուի 1900-ին Սեբաստիոյ մէջ ու հետզհետէ կը բարձրանայ մինչեւ եպիսկոպոսական աստիճան (1922)։ Բայց ան բնաւ պատրիարք չէ եղած, այլ երկու անգամ վարած է Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահի պաշտօն (1922-27՝ Նարոյեան պատրիարքի ընտրութենէն առաջ եւ 1944-51՝ Խաչատուրեան պատրիարքի ընտրութենէն առաջ)։ Վախճանած է 1951-ին։ Ունեցած է ջերմ համակիրներ ու բուռն հակառակորդներ։ Եթէ թղթատէք պոլսահայ մամուլի 40-ական թուականներու հին հաւաքածոները՝ վերահասու պիտի դառնաք «արսլանեանական-հակաարսլանեանական» կոչուած երկարատեւ պայքարի մը ծալքերուն…։
Անցնինք այլ նիւթի մը։
Թերթին ամերիկաբնակ աշխատակիցներէն Վահրամ Փափազեան (Փրաւիտենս),– որ ինքզինք կը ծանօթացնէ որպէս նախկին դաշնակցական ու հայ մամուլի 57 տարուան կամաւոր աշխատակից,– կը բերէ «վկայութիւն» մը, որ կը վերաբերի Էջմիածին-Անթիլիաս այդ օրերու ծանօթ հակադրութեան։ Ան կը պատմէ որ 1962-ին, Անթիլիաս պաշտօնավարող պրն. Բիւզանդ Եղիայեանի ընկերակցութեամբ «մտերիմ տեսակցութիւն մը» ունեցեր է Զարեհ Ա. կաթողիկոսին հետ (գահակալած՝ 1956-63), որուն փափաքով, երկու օր ետք, անգամ մը եւս տեսակցեր է Վեհափառին հետ, առանձինն։ Վեհափառը յայտներ է որ անկեղծօրէն փափաք ունի կապեր հաստատելու Էջմիածնայ հետ եւ թէ՝ արդէն երկու նամակ յղեր է Վազգէն կաթողիկոսին, սակայն պատասխան չէ ստացեր։ «Բացորոշ էր,– կը գրէ Վ. Փափազեան,– որ իրեն սպասարկողները նամակները գրաքննելէ յետոյ՝ հասցէներուն չէին ղրկած»…։ Այնուհետեւ, ան Զարեհ կաթողիկոսի բերնին մէջ կը դնէ հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Երբ երրորդ մը գրելու վրայ էի, յանկարծ Հ. Փ. (Հրաչ Փափազեա՞ն — Լ.Շ.) վրայ հասաւ, գրածս տեսաւ եւ սաստեց ինձ սպառնալով.– Եթէ այս ընթացքդ շարունակես, ձեռքովս քեզ դաշունահար կ‘ընեմ…»։ Յօդուածը գրի առնուած է կրքոտ ու ատելավառ ոճով։ Ստո՞յգ են այս ըսուածները, պէ՞տք է հաւատալ…։
Սոնա Ղազարեան (Պէյրութէն) յօդուած մը նուիրեր է խմբավար եւ յօրինող Օհան Տուրեանի (1922-2011), անոր Լիբանան այցելութեան առիթով։ Արագ թւումներով ան պատմեր է Երուսաղէմի ծնունդ այս աշխարհահռչակ հայրենադարձ հայուն անկասելի վերելքը երաժշտական մարզին մէջ՝ Մոսկուայէն Երեւան ու մինչեւ Գերմանիա…։
Հայաստանէն թղթակից Վանիկ Սանթրեան կարճ զրոյց մը ունեցեր է ասմունքի մեծ վարպետ Սուրէն Քոչարեանի հետ (1904-1979)։ Կ’ըսուի, թէ ան կէս դարու ընթացքին ստեղծեր է ասմունքի իր «քոչարեանական դպրոց»-ը՝ Ռուսաստանի ու Հայաստանի մէջ։
Սովետ մամլոյ գործակալութեան մը թղթակիցը ընդարձակ հարցազրոյց մը ունեցեր է մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի հետ (1897-1982)։ Զրոյցը տրուած է «Աշխարհի ճակատագիրը ժողովուրդներու ձեռքերուն մէջ է» վերնագրով։ Մարաջախտին ուղղեալ հարցումները առաւելաբար կը շօշափեն Բ. Աշխարհամարտին առնչուած այլազան տուեալներ։ Պարզուեր է, որ 1939-45 պատերազմական գործողութիւններ կատարուեր են 40 երկիրներու հողամասերուն վրայ, զօրակոչուեր են 110 միլիոն զինուորներ, զոհուեր է ընդհանուր 50 միլիոն մարդ, որուն 20 միլիոնը՝ Խորհրդային Միութեան զաւակներ։
Տեղական հայկական լուր մը կը հաղորդէ, որ Պէյրութի Ազգ. Ռուբինեան վարժարանի աշակերտները նշեր են բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան յիսնամեակը։ Սաները իրե՛նք պատրաստեր են յայտագիրը ամբողջովին։ Խօսքով, երգով կամ արտասանութեամբ հանդէս եկեր են Գարմէն Աւետիքեան, Սիրուն Գաբրիէլեան, Էլօ Գարթունեան, ՌաՖՖի Չիլինկիրեան, Հուրիկ Գոճայեան, Անի Մուղալեան եւ Յ. Գասապեան։ Փակման խօսքը արտասաներ է տնօրէն պրն. Սիմոնեան։ Այս առթիւ, ստացուեր ու կարդացուեր է բանաստեղծուհիին հայրենիքէն յղած յատուկ մէկ նամակն ալ՝ դպրոցի աշակերտութեան։
Ի դէպ, տեղական հայկական լուրերու շա՛տ զգալի (նոյնիսկ՝ ընդվզեցուցիչ) պակաս մը կայ «Արարատ»–ի մէջ։ Թերթին ծանուցումներու էջին վրայ օրեր առաջ կարդացած կրնաք ըլլալ մշակութային կամ գեղարուեստական ձեռնարկներու յայտարարութիւններ, սակայն ահա՛ տասը օր, քսան օր կ’անցնի այդ թուականէն եւ դուք իզո՜ւր կը սպասէք որ քանի մը տողնոց ամփոփ թղթակցութիւն մը լոյս ընծայուի անոնց մասին…։ Զորօրինակ, մենք «Արարատ»-ի մէջ ո՛չ մէկ արձագանգ գտանք Թումանեանի պէյրութեան յոբելեանին, երգիչ Գէորգ Կակոսեանի կոմիտասեան երգահանդէսին, Համազգայինի բեմադրած «Սալեմի վհուկները» թատերախաղին ու մինչեւ իսկ Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Միութեան նախաձեռնութեամբ սարքուած համեստ դասախօսութեան մը մասին…։ Ասոնց բոլորին ծանուցումները կա՛ն թերթին մէջ, սակայն չկա՜ն թղթակցութիւնները։ Ասիկա անարդարանալի թերացում մըն է լրագրի մը համար։ Վերջին հաշուով՝ ընթերցողը ո՞ւր պիտի փնտռէ այդ ձեռնարկներուն (անոնց ներկայ եղած ըլլայ կամ չըլլայ ինք) արձագանգը, եթէ ոչ՝ իր ընթերցած թերթին մէջ։ Յետոյ, թերթ մը, պատմութեան համար ստիպուած է արխիւի դեր ալ կատարել, չէ՞։
Կարօ Գրիգորեան, «Այս շաբթուան ֆիլմերը» սիւնակին մէջ, մի առ մի ներկայացուցեր է Պէյրութի հանրային սինեմաներուն ընթացիկ ժապաւէնները, ամփոփ կերպով ծանօթացուցեր է անոնց սենարիոները։ Այսօրուան սերունդը լսե՞ր է արդեօք այդ շրջանի սինեմայի սրահներուն անունները. Տիւնիա, Սթրանտ, Քոլիզէ, Փիքատիլլի, Պիպլոս, Ալ–համրա, Ռոքսի, Ամփիր, Էտիսըն, Քափիթոլ, Փավիյյոն, Ռիվոլի, Սարուլլա, Էլտորատօ, Ռատիօ Սիթի, Օրլի, Սթարքօ, Քլեմանսօ…։
Ծանուցումներու սիւնակին մէջ կը կարդանք, որ երգիչ Լեւոն Գաթըրճեան (1940-2022) հրապարակ հաներ է նոր երգապնակ մը, որ չորրորդն է։ Մեծաքանակ ստանալու համար պէտք է դիմել եղեր Տիսքոթէք Անդրանիկ Մարտիրոսեանին (Պուրճ Համուտ)։
Ծանուցուեր է, որ 1969 Յուլիսէն սկսեալ Հայաստանի Պետ. Հրատարակչութիւնը սկսեր է լոյս ընծայել մանկապատանեկան «Ծիծեռնակ» ամսաթերթը, յատուկ՝ սփիւռքահայ երեխաներուն համար, մեսրոպեան դասական ուղղագրութեամբ (անձնապէս ալ կը յիշենք հայրենական գունափետուր այդ «Ծիծեռնակ»-ը, ուրկէ բազմաթիւ ընթերցումներ կատարեր ենք օրին…)։
Լոյս տեսեր է Ճիպէյլի Ամերիկեան որբանոցի «Յուշամատեան»-ը։ Այս առթիւ պիտի կայանայ եղեր նախկին սաներու հաւաք մը՝ Համազգայինի «Վասպուրական» սրահը (Նոյ. 22)։
Հայկազեան գոլէճի Հայագիտական ամբիոնը «Յիշատակի երեկոյ» մը պիտի սարքէ եղեր Վեր. Տիգրան Խրլոբեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով։ Ձեռնարկը պիտի կայանայ եղեր գոլէճի հանդիսասրահին մէջ, Մեքսիք փողոց, 28 Նոյեմբերին։ Այս առթիւ պիտի կատարուի եղեր ողբացեալին ձօնուած յուշատախտակի մը բացումը։
Ոմն Նուրիձա Տաքէսեանի մահուան առիթով, փոխան ծաղկեպսակի, բաւական առատ նուիրատուութիւններ կատարուեր են Եօզղատի եւ Շրջակայից Հայրենակցական Միութեան (տրուած է նուիրատուներուն անուանացանկը)։ Այս միութիւնը կը գործէ՞ ցայսօր…։
Այս շաբթուան իմ «պեղում»-ը կ՛աւարտեմ «վիճակագրական» տուեալով մը, որ «Արարատ» հրճուագին հրամցուցեր է իր ընթերցողներուն.
— Ներկայիս, Խորհրդային Միութեան բարձրագոյն դպրոցները երկու անգամ աւելի ուսանողներ կը հաշուեն, քան Եւրոպայի կապիտալիստական բոլոր երկիրները միասնաբար…։
Ցտեսութի՛ւն։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)