Ապերախտ չենք կրնար ըլլալ:
Ամէն անգամ, Հայաստանի տարբեր վայրեր կամ քաղաքամայր Երեւանի փողոցներով դեգերելուս ընթացքին, ակամայից մտմտալով ես ինքզինքիս հարց կու տամ.- եթէ խորհրդային կարգեր չհաստատուէին, այսքա՜ն տպաւորիչ կառոյցներ պիտի ունենայի՞նք արդեօք:
Նոյեմբեր 29-ը մեզի պահ մը կը յիշեցնէ մեր պատմութեան այն փուլը, երբ սկիզբ առաւ Հայաստանի երկրորդ հանրապետութիւնը: Քեմալական Թուրքիոյ սպառնաշունչ զօրքերը, Ալեքսանդրապոլը (Կիւմրի) գրաւելէ ետք, իրենց ծանր պայմաններով դաշնագիր ստորագրել տուած էին առաջին հանրապետութեան այրերուն: Վտիտ երկիր մը, անձնատուր եղած բանակով, բարոյալքուած ժողովուրդով, ձեռնթափ ղեկավարութեամբ, քայքայուած տնտեսութեամբ, հիւծող եւ սովահար գաղթականներով, ինչպէ՞ս պիտի դիմակալէր թրքական դամոկլեան սուրը, որ չարագուշակօրէն կախուած էր երկրին գլխուն: Այդ օրերուն բարեբախտութիւն էր որ նոր կարգեր կը հաստատուէին երկրէն ներս: Այդ փոփոխութիւնը զսպաշապիկ պիտի ըլլար թշնամիներուն, որոնք պիտի կանգնէին արդէն խորհրդային իրականութեան եւ սահմաններուն դիմաց: Հայաստանն առանձին, անշուշտ, հեշտ պատառ կը թուէր Քեմալի, իսկ արդէն մեծ միութեան մը կազմէն ներս՝ Հայաստան կը զգենուր բոլորովին ուրիշ իմաստ ու տարողութիւն:
Ոմանց համար հի՜ն-հի՜ն յիշատակ կրնայ թուիլ Հայաստանի խորհրդայնացման դէպքը: Աւելի ապերասաններ ընդհանրապէս կ’ուզեն անգոսնել եօթանասուն տարուան պատմութիւնը՝ իր սեւ ու սպիտակ էջերով: Հատուած մըն ալ կամովին կը փակէ իր աչքերը՝ չտեսնելու համար այն՝ ինչ որ փառահեղօրէն կառուցուեցաւ Հայաստանի երկրորդ հանրապետութեան ժամանակաշրջանին: Չենք կրնար այպանել սա կամ նա, քանզի երախտամոռութիւնը ախտավարակ երեւոյթ մըն է այս օրերուն. ընդհանրացա՛ծ երեւոյթ:
Պահ մը չե՞նք կրնար մտաբերել եւ ընդգծել այն դրական կողմերը, որոնք ակնբախօրէն արձանագրուեցան եօթանասուն տարիներու ընթացքին եւ որոնք այսօր նոյնիսկ եթերային կը թուին ըլլալ: Ո՞վ կրնար վտանգել Հայաստանի սահմանները, ո՞վ կրնար թափանցել հայրենըքէն ներս կամ սպառնալ անոր գոյութեան: Մենք որ դարերու ընթացքին կարօտն ունէինք ֆիզիքական ապահովութեան, ահա ստացանք այդ օրերուն, երբ սահմանները հայոց պինդ էին եւ անառիկ: Գալով ազգահաւաքին, ե՞րբ հայութիւնը իր հողին վրայ այդքան արագ թափով կ’աճէր, համարեա միատարր բնակչութեամբ երկիր կը կառուցէր, երբ մարդոց աչքերը սեւեռուած էին հայրենի հողին ուղղութեամբ եւ հայրենիքը կ’առինքնէր իր ցրիւ զաւակները: Խօսինք Արփա-Սեւան գետնաջրանցքի մասին, որ իսկական փրկութիւն եղաւ այնքան կարեւոր Սեւանայ լիճին համար, ուրկէ՞ այդքան գումար, աշխատանք եւ մարդուժ պիտի ապահովուէր ճեղքելու այդ ապառաժները եւ կառուցելու փրկարար ջրուղին: Կամ այսօր, Երեւանի մեթրօն, որ քաղաքին փոխադրութեան մայր երակն է, ո՞վ պիտի հայթայթէր անոր վիթխարի գումարն ու աշխատանքը: Խօսի՞նք գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, գրականութեան, տնտեսութեան, առողջապահութեան, ծանր ու թեթեւ արդիւնաբերութեան բազմաճիւղ եւ սրընթաց յառաջդիմութեանց մասին, որոնք ափ ի բերան կը ձգէին օտարները: Ապա աթոմակայանը, Մատենադարանը, Սարդարապատը, գիտութիւններու ակադեմիան, համալսարանները, թանգարանները, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, հանրագիտարաններն ու գիրքերու միլիոնաւոր տպաքանակը եւ այլն: Խօսքը տանք հանրայայտ գրող եւ սիրուած բանաստեղծ Արամայիս Սահակեանին՝ «թէեւ, եթէ արդար դատենք, խորհրդային դառնալը տուեալ դէպքում՝ «չարիքներից փոքրագոյնն էր», որը թէեւ շատ զրկանքներ բերեց նաեւ հայ ժողովրդին, միաժամանակ, խոստովանենք, ֆիզիքապէս փրկեց շրջակայ հայակերներից, հնարաւորութիւն տուեց՝ զարգացնելու գիտութիւնը, մշակոյթը, գրականութիւնը, կրթութիւնը, կենսամակարդակը, ունենալու պետական ձօներգ, պետական դրօշ, պետական զինանշան, պետական լեզու: Աւելին կառուցեցինք 70 տարում, քան… 7 դարում…»:
Իսկ ինչ կը գրէր բանաստեղծ, Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ, հրապարակագիր Հրաչեայ Յովհաննիսեան. «Մեզ մնացած Հայաստանը եօթանասուն տարի ամուր նստած է պատմական իր տարածքի վերջին, մէկ տասներորդ հատուածի վրայ, անվախ՝ իր մշտարթուն թշնամիների առաջ եւ հպարտ՝ իր բարեկամների աչքում: Հայաստանի փառքը տարածուել էր աշխարհով մէկ նաեւ իբրեւ արուեստի, ճարտարապետութեան, գիտութեան մի ծաղկուն օրրան: Նախկին գլխիկոր, խեղճ, աստանդական, «պատմութեան խորթ զաւակ» համարուող ժողովուրդը հռչակ էր ձեռք բերել աշխարհում իր մարշալներով, կեներալներով, հերոսներով, քաղաքական գործիչներով, գիտնականներով, գեղարուեստագէտներով, մարզիկներով… Հայաստանի առաջընթացով խանդավառուել, հպարտացել են նրա բանաստեղծները, երգահանները, նկարիչները, գիտնականները, ճարտարապետները, ղեկավարները, բանուորները, գիւղացիները, ողջ հայ ժողովուրդը՝ բնաշխարհում եւ սփիւռքում: Այս բոլորը ժխտելու, հերքելու, անտեսելու համար կամ կոյր պիտի լինել, կամ մաղձաւոր, կամ տեմակոկ»:
Այո՛, ապերախտ չենք կրնար ըլլալ:
Իսկ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մոռնալ այն բազմահարիւր սփիւռքահայ ուսանողները, որոնք կը փութային Խորհրդային Հայաստան ուսման ծարաւով: Անվճար կրթութեան եւ թոշակներու կողքին, արտագնայ պտոյտներու գումար կը յատկացնէր պետութիւնը: Կեցութեան եւ տարրական յարմարութեան պայմաններ էին ստեղծուած ուսանողներու համար, որոնք իրենց ծննդավայրին այս կամ այն անկիւնին մէջ շարքային արհեստաւորներ պիտի ըլլային, կրթութենէ հեռու եւ ուսման կարօտով: Սփիւռքահայ բազմաթիւ ազգային ու կրթական, մշակութային ու քաղաքական կառոյցներու առաջատար քատրայիններ Երեւանի համալսարաններու բովէն անցան, կոփուեցան ու կրթուեցան: Աւա՜ղ, անոնցմէ շատեր հետագային նիւթապէս ապահովուեցան, որպէսզի այսօր ուրանան հայրենիքը, մոռնան որ իրենց փարթամութիւնը կը պարտին խորհրդային կարգերուն: Ցաւ ի սիրտ, մեծ մասը անոնցմէ ապերախտ է հայրենիքին հանդէպ: Մի գուցէ կը շփոթի Հայաստանին տեղն անգամ…
Դուք ազատ էք: Բայց մենք ապերախտ չենք կրնար ըլլալ: Գէթ այսօր յիշելու համար Նոյեմբեր 29-ի պատմական ու պանծալի թուականը:
Ո՛չ ապերախտութեան:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ