Քնացիր աղջիկ …
Քնքուշ քօղածածկ գլուխդ հեշտագին
Հանգչեցուր մեղմիկ մայրիկիդ կուրծքին,
Եւ անուշ նիրհէ, ու երգըս մեղմիկ
Թող քեզի գողտրիկ օրօրներ հիւսէ:
Քնացիր՛ աղջիկ, թող ինքնաշարժը
Սլանայ արագ ին՜չ փոյթ քեզ կանչը
Ճամբան եզերող պղտոր գետակին,
Եւ կամ դաշտերուն փռուած իր ափին:
Թեւերու վրայ՝ դուն անրջային
Կը ճախրես հիմա, բայց յանկարծ ահա,
Գըլուխըդ կ’իյնայ իմ ձեռքիս վըրայ:
Ահ՛ աղուոր աղջիկ այդ հրեշտակային
Չբանաս աչքերդ պահն այնքան քաղցր է,
Որ պիտ՛ ուզէի յաւիտեան տեւէ…
ԲԱԶԷ
Դամասկոսէն վերադարձիս 23/04/1964
*Անտիպ քերթուածներ Երուանդ Գարաճեանէն