Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզէֆ Աուն իր գրասենեակին մէջ ընդունեց զինադադարի դիտարկումի հնգակողմ յանձնախումբի նախագահ, ամերիկացի զօրավար Ճեսփըր Ճեֆըրզը, որուն հետ քննարկեց ապահովական ընդհանուր զարգացումները, զինադադարի գործադրութեան մանրամասնութիւնները եւ Լիբանանի հարաւային շրջանին իրավիճակը առնչակից կողմերուն հետ համակարգելու ընդհանուր գիծերը: