Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի 7 Յունուարին նշանակեց հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան խորհրդարանական նիստ: Պըրրի վստահութիւն յայտնեց, որ նիստը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ, խոստանալով հրաւէրներ յղել նաեւ Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն: «Զինադադարէն ետք իմ առաջնահերթութիւնս է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, որովհետեւ այդ թղթածրարը կը ներկայացնէ ազգային կարեւորութիւն», շեշտեց խորհրդարանի նախագահը: