Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժա բուռն քննադատեց Հըզպալլան՝ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմ հրահրելուն համար: «Հըզպալլա Լիբանանը տարաւ պատերազմի եւ այդպիսով մեծ ոճիր գործեց լիբանանցիներուն նկատմամբ», ըսաւ Ժաաժա եւ յիշեցուց, որ իրենք Կազայի պատերազմի առաջին օրէն ի վեր ահազանգած էին Լիբանանը պատերազմի մղելու վտանգներէն: Անոր համաձայն, Կազան եւ Լիբանանը կործանեցան եւ ի յայտ եկաւ, որ Հըզպալլայի յայտարարած ռազմական հրապարակներու միասնութիւնը գետնի վրայ գոյութիւն չունի: