Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ

December 2, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ

 

 

Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ իրավիճակը երէկ զգուշաւոր հանդարտ էր, զինադադարի համաձայնութեան իսրայէլեան սահմանափակ խախտումներով: Իսրայէլեան անօդաչու դիտարկող սարքերը երէկ ժամեր շարունակ չհեռացան հարաւի օդային տարածքէն, մինչ լիբանանեան տարածք ներթափանցած ուժերը հրետանիի օգնութեամբ մերթ ընդ մերթ կրակ բացին սահմանային գիւղերուն վրայ՝ թիրախաւորելով քաղաքացիներուն շարժումները: Լրջագոյն միջադէպը տեղի ունեցաւ Խիամ քաղաքին մէջ, ուր իսրայէլացի զինուորները կրակ բացին իրենց մահացած հարազատը թաղող երեք երիտասարդի վրայ եւ զանոնք հեռացուցին գերեզմանատունէն: Թշնամին նաեւ յառաջացաւ սահմանային Մարքապա գիւղի կեդրոնական հրապարակին ուղղութեամբ, ուր փակեց ճամբաները: Իսկ մերձակայ Քֆարքիլայի մէջ արմատախիլ ըրաւ բազմաթիւ ձթենիներ: Երեկոյեան ժամերուն հաղորդուեցաւ, որ Պընթ Ժպէյլի մէջ մարդիկ վիրաւորուած են իսրայէլեան հրաձգութեան պատճառով: Իսրայէլեան բանակը հարաւի սահմանային առաջին գիծի գիւղերուն բնակիչները դարձեալ զգուշացուց այս փուլին իրենց գիւղերն ու տուները վերադառնալու վտանգներէն եւ խստիւ արգիլեց նշեալ գիւղերուն մէջ մարդոց երթեւեկութիւնը՝ երեկոյեան ժամը 5-էն առաւօտեան ժամը 7: Բանակը նշեց, որ «տակաւին տեղակայուած է Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ՝ պաշտպանելու համար իսրայէլեան սահմանամերձ բնակավայրերուն բնակչութիւնը»: Իսրայէլեան սպառնալիքներուն լոյսին տակ, սահմանային շարք մը շրջաններու քաղաքապետերն ու գիւղապետերը քաղաքացիներուն կոչ ուղղեցին առայժմ չփորձելու տուն վերադառնալ եւ սպասելու լիբանանեան բանակի ցուցմունքներուն, որպէսզի կարողանան արժանապատիւ վերադառնալ իրենց գիւղերը:

 

Share63Tweet40
Previous Post

  ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

 ԺԱԱԺԱԱ. «ՀՐԱՊԱՐԱԿՆԵՐՈՒ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ

Next Post

 ԺԱԱԺԱԱ. «ՀՐԱՊԱՐԱԿՆԵՐՈՒ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.