Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՐԱՁԳՈՒԹԻՒՆ ԽԱԼԻԼԻ ՄԷՋ

December 2, 2024
in Միջազգային
0
ՀՐԱՁԳՈՒԹԻՒՆ ԽԱԼԻԼԻ ՄԷՋ

 

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ իր ուժերը Այսրյորդանանի Արիէլ բնակավայրին մօտ ենթարկուած են զինեալ յարձակումի: Ըստ յայտարարութեան, պաղեստինցիներուն կատարած գործողութիւնը թիրախաւորած է հանրակառք մը, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է առնուազն ինը զինուոր՝ ներառեալ երեք ծանր պարագայ: Ըստ բանակի ձայնասփիւռի կայանին, ապահովական լայնածաւալ գործողութին մը ձեռնարկուած է Այսրյորդանանի մէջ՝ բացայայտելու համար զոյգ յարձակումներուն հաւանական մասնակիցները: Կարճ ժամանակ ետք, Համաս շարժումի «Քասսամ» զինեալ թեւը ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը եւ նշեց, թէ իր մարտիկներէն մէկը կրակ բացած է իսրայէլացի զինուորներուն ուղղութեամբ, որոնք հակադարձած են նոյն միջոցներով եւ սպաննած Համասի անդամը: Իսկ իսրայէլեան շարք մը բնակավայրերու ղեկավարները վարչապետին եւ պաշտպանութեան նախարարին կոչ ուղղեցին զինուորական լայնածաւալ գործողութիւն մը կատարելու Այսրյորդանանի մէջ:

Նորվեկիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցած է պաղեստինցիներուն զօրակցող ժողովրդային հաւաք, որուն մասնակցած են թագաւորը, կառավարութեան անդամները եւ քաղաքական ուժերը: «Պէտք է վերջ տալ Կազայի պատերազմին եւ համատարած սպանութեան, գործադրելու համար պաղեստինցիներուն իրաւունքները», ըսաւ արտաքին գործերու նախարարը: Ան նաեւ կոչ ուղղեց ոչ միայն զինադադար յայտարարելու Կազայի մէջ, այլ լրջօրէն քննարկելու պաղեստինեան պետութեան յայտնութեան հարցը:

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱԼԷՊ

Next Post

  ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post
  ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

  ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.