Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱԼԷՊ

December 2, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱԼԷՊ

 

Լիբանանի մէջ աւելի քան երկու ամիս տեւած պատերազմի զինադադարի յայտարարութենէն ընդամէնը օր մը ետք Հալէպի իրավիճակը դարձեալ բռնկեցաւ, քանի մը տարուայ զգալի հանդարտութենէն ետք: Նախանցեալ օր, զինեալ կազմակերպութիւնները սկսան քաղաքին ուղղութեամբ շարժիլ արեւմուտքէն եւ հարաւէն, իսկ երէկ մարտերուն մեծամասնութիւնը տեղի ունեցաւ քաղաքի մուտքին եւ շարք մը թաղամասերու մէջ: Յատկանշականօրէն, Հալէպի մէջ երէկ պայթեցան նաեւ զինուորական բազմաթիւ հաղորդակցութեանց անթել միջոցներ (Walkie-talkie), ճիշդ այնպէս ինչպէս պատահած էր Հըզպալլայի դէմ իսրայէլեան հետախուզական գործողութեան երկրորդ օրը:

Սուրիական զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ բանակը կը շարունակէ ծանր մարտեր մղել Հալէպի եւ Ըտլիպի գիւղական շրջաններուն մէջ՝  դէմ դնելով զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու յարձակումներուն: Ըստ յայտարարութեան, Ժըպհէթ Նուսրայի հովանիին տակ միաւորուած զինեալներու յարձակումին ընթացքին կը գործածուին ծանր զէնքեր եւ անօդաչու յարձակողական սարքեր, աւելցնելով որ յարձակողներու շարքին են բազմաթիւ օտարազգի զինեալներ: «Բանակը յաջողեցաւ ծանր կորուստներ պատճառել յարձակողներուն, որոնք մարտի դաշտին վրայ ձգեցին հարիւրաւոր մահեր եւ վիրաւորներ: Միաժամանակ կործանուեցան 17 անօդաչու սարքեր եւ քանի մը տասնեակ զինուորական ինքնաշարժներ», նշուեցաւ սուրիական յայտարարութեան մէջ: Բանակը հաստատեց նաեւ, որ յաւելեալ ուժեր առաքած է Հալէպ՝ տիրապետելու համար զինեալներուն հակակշիռին տակ անցած շարք մը կէտերու, հաւաստիացնելով որ համացանցի վրայ զինեալներուն տարածած տեսանիւթերը որեւէ կապ չունին իրականութեան հետ: Ըստ սուրիական կողմին, ռուսական ռազմական օդանաւերը եւս գործի լծուած են՝ կասեցնելու համար զինեալներու յառաջընթացի փորձերը: Մարդկային իրաւունքներու սուրիական դիտարանը իր կարգին յայտարարեց, թէ իսրայէլեան ռազմական օդանաւեր ռմբակոծած են Հալէպի օդակայանը, սպաննելով 42 մարդ՝ ներառեալ Հըզպալլայի վեց անդամ: Իսկ պաշտօնական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ չորս քաղաքացի զոհուած է հալալսարանական համալիրին վրայ զինեալներու յարձակումին պատճառով:

Զինեալ կազմակերպութիւնները միւս կողմէ յայտարարեցին, որ տիրապետած են Հալէպի արեւմտեան արուարձաններու եօթը թաղամասի, ինչպէս նաեւ ռազմական վարժարանին ու հրետանային ուժերու վարժարանին: Ընդդիմադիր կազմակերպութիւնները պնդեցին նաեւ քաղաքի կեդրոնական հատուած հասնելու մասին, իսկ գերմանական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քաղաքին մէջ զինեալներուն ներթափանցումը հասած է 8 քիլոմեթրի:

Սուրիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը Հալէպի եւ անոր գիւղական շրջաններուն ուղղութեամբ զինեալներու լայնածաւալ յարձակումը համարեց իսրայէլեան ծրագրերու յստակ ծառայութիւն:

Ռուսիոյ նախագահութեան բանբեր Տմիթրի Փեսքով Հալէպի զարգացումները համարեց սուրիական գերիշխանութեան բացայայտ խախտում, Մոսկուայի աջակցութիւնը յայտնելով Դամասկոսի իշխանութիւններուն՝ վերատիրապետելու քաղաքին եւ անոր մերձակայ շրջաններուն:

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաքժի իր կարգին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ զինեալ կազմակերպութիւններուն աշխուժացումը ամերիկեան-իսրայէլեան դաւ է, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ Իսրայէլի կրած պարտութիւններէն ետք»:

Share63Tweet40
Previous Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

ՀՐԱՁԳՈՒԹԻՒՆ ԽԱԼԻԼԻ ՄԷՋ

Next Post
ՀՐԱՁԳՈՒԹԻՒՆ ԽԱԼԻԼԻ ՄԷՋ

ՀՐԱՁԳՈՒԹԻՒՆ ԽԱԼԻԼԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.