Հայրենի սիրուած բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան 1995-1996 թուականներուն այցելելէ ետք Լիբանան, ըստ իր բարի սովորութեան, լիբանանեան այցին տպաւորութիւնները յանձնեց ընթերցողներուն՝ գրելով երկարաշունչ յօդուածաշարք մը, որ մամուլին մէջ հրապարակուելէ յետոյ, շարքը լոյս տեսաւ որպէս յուշագրական հատոր՝ 1999 թուականին, որ կը կրէր «Քարաւանները հեռանում են» խորագիրը: Հոն էջ 60-ին մէջ կը կարդանք՝ «Հնչակեան շրջանակի հետ իմ հանդիպումները սկսեցին «Արարատ» թերթից: «Արարատ» ասելիս ես տարիներ շարունակ պատկերացրել իմ Ժիրայր Նայիրուն»: Իրաւացի էր հայրենի գրողը, որովհետեւ շուրջ քառասուն տարի, «Արարատ» օրաթերթի խմբագրապետի գրասեղանին նստած, գլուխը հակած, երկար ու դեղնաւուն թուղթերու վրայ կուռ ու ջղուտ յօդուածներ կը գրէր ընկեր Ժ. Նայիրին: Իր անունը համարեա նոյնացած էր «Արարատ»-ին հետ: Հոմանիշ դարձած էին կարծէք: Սակայն, փոխուած էին ժամանակները, փոխուած՝ դէմքերը եւ սերնդափոխութեան օրինաչափութիւնը պարտադրած իր կանոնը:
Ընկեր Ժիրայր Նայիրին ինքնատիպ անձնաւորութիւն մըն էր իր վարքագիծով, քաղաքական հայեացքներով, արտայայտութեան ձեւերով, մարդկանց հետ յարաբերութիւններով եւ նիստ ու կացով: Մէկ անգամ իսկ տեսնելով՝ կը տպաւորուէիր իրմէ: Յիշողութեանդ մէջ ան կը դրոշմուէր անսրբելի կերպով:
Անոր ազգային-հասարակական կեանքը ունեցաւ երկու երեսակ՝ կուսակցական ղեկավարի եւ հրապարակագիրի: Այդ երեսակները, սակայն, խարսխուած էին մէկ անյեղլի ուղղութեան մը վրայ, որն էր անզիջող սկզբունքայնութիւնը: Իր երկարատեւ խմբագրապետութեան շրջանին, միջազգային, շրջանային, ազգային, լիբանանեան կեանքը ապրեցաւ բուռն վերիվայրումներ: Մարդիկ ականատեսն ու յաճախ մասնակիցը դարձան աննախադէպ եւ ցնցիչ իրադարձութեանց: Իսկ, բնականաբար, այդ փոթորկալի ժամանակներուն, խմբագրապետ մը պիտի ունենար իր ծանրակշիռ խօսքը, յստակ դիրքորոշումը, խիզախ նկարագիր մը: Առաւել եւս, երբ ան կը գտնուէր կուսակցական եւ հասարակական կեանքի բարձրագոյն օղակներուն մէջ: Ահա, այսպիսով, Ժ. Նայիրի հարկադրուեցաւ ըլլալ վճռական, աներեր եւ նպատակասլաց նաւավար: Հանրայայտ գրող Թորոս Թորանեան կը գրէ՝ «Պէտք է ըսել վարժ խմբագիր է Ժիրայր Նայիրին եւ ունի իր տեսակէտները եւ զանոնք հրապարակելու խիզախութիւնը»:
Ինքն ականատեսն էր Պաղ պատերազմի տաք օրերուն, Լիբանանի երկու քաղաքացիական պատերազմներուն, միջկուսակցական կրքոտ վէճերուն, ներկուսակցական գզվռտոցներուն, եկեղեցական տագնապին, Խորհրդային Հայաստանի թեր եւ դէմ պայքարներուն, Լիբանանի ընկերային շարժումներուն, ձախակողմեան հոսանքներուն մակընթացութիւններուն, Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութեանց ջերմ եւ զգայուն օրերուն, Լիբանան-Սուրիա փափուկ շփումներուն, նաեւ՝ ականատեսը «Արարատ» օրաթերթի ականահարումին, հայկական եւ հնչակեան թաղերուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններուն, սփիւռքի զինեալ պայքարի ալեկոծումին, արցախեան պատերազմին, Հայաստանի անկախութեան, Խորհրդային Միութեան քայքայումին, Լիբանանի մէջ յետպատերազմեան իրողութեան, իսրայէլեան ճնշումներուն, պաղեստինեան դատի պայքարին եւ ահաբեկչութեանց եւ այլն, եւ այլն: Այս բոլորին մէջ պէտք էր ունենալ սկզբունքային եւ մարտնչող հայեացք ու կեցուածք, որ իբրեւ խմբագրապետ եւ կուսակցական ղեկավար արժանի ըլլաս այդ պատուանդանին: Ընկեր Ժիրայր Նայիրին ունեցաւ այդ եւ արդարացուց ինքզինք: Մնաց մի՛շտ պատնէշի վրայ՝ հակառակ իր դէմ փչած քամիներուն:
Բնականաբար, իր խմբագրապետութեան ժամանակաշրջանին գրեց հազարաւոր խմբագրականներ, առաջնորդող յօդուածներ, յօդուածաշարքեր եւ տպաւորութիւններ: Բարեբախտաբար անոնցմէ ոմանք հաւաքելով մէկ կողքի տակ՝ լոյս ընծայեց՝ զանոնք սեփականութիւնը դարձնելով յետնորդ սերունդներուն: Անոնցմէ յիշենք՝ «Հայրենի կտուրին տակ» (1962), «Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Հայկական հողային դատը» (1968), «Հայուն արեւմուտը» (1969), «Յիսնամեակ վերածնութեան ու փառքի 1920-1970» (1971): Կը կարծենք թէ մնայուն գործը, կուսակցական-գաղափարական իմաստով, Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան ԺԱ համագումարի որոշումներուն ուղիով եւ ոգիով գրուած տեսական-գաղափարական-քարոզչական բովանդակութիւն ունեցող «Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Հայկական հողային դատը» գործն է, որ թարգմանուած է սպաներէնի եւ հրատարակուած 5000 տպաքանակով՝ նախաձեռնութեամբ Հարաւային Ամերիկայի սպանախօս հայ երիտասարդութեան: Ժ. Նայիրի փորձած է գրել վէպ եւ պատմուածքներ, սակայն հետեւողական չէ եղած այդ ուղղութեամբ:
Ընկ. Ժիրայր Նայիրիի խմբագրականներն ու յօդուածները ունէին իւրայատուկ ոճ ու բառապաշար.- անշեղելիօրէն հաստատամիտ, պաճուճապատ նախադասութիւններ՝ դիպուկ նպատակներով, յստակ նպատակին հասնելու համար ինքնատիպ դարձուածքներ եւ եզրաբանութիւններ, ընթերցողը տպաւորելու շնորհք եւ համոզելու հնարամտութիւն, լուրջ վերլուծականներ՝ բարդ հարցերու շուրջ: Մէկ խօսքով՝ ան մնաց տիրական ներկայութիւն լիբանանահայ հրապարակագրութեան մէջ: Իսկ կուսակցական ղեկավարի եւ ողջ էութեամբ հնչակեանի, ընկերվարական-սոցիալիստի, Խորհրդային Միութենապաշտ լիտըրի, պինդ մարտնչողի եւ հնչակեան աւանդոյթները անխափան պահելու եւ պահպանելու իր կառչածութեան մասին լիբանանահայ երգիծաբան Յովհաննէս Աղպաշեան (Խիկար) սրամտօրէն կը գրէ՝ «Մայր կուսակցութեան վերջին հարազատ զաւակը: Նախորդներ ունեցած ըլլալու փաստը չի ժխտեր. իսկ յաջորդներու հարցը կը գտնէ վիճելի». «Ժ. Նայիրիի աշխարհայեացքը ձեւով ազգայնական է, բովանդակութեամբ սոցիալ-դեմոկրատական է՝ քիչ մը համայնավար ֆրազաբանութեամբ ջնարակուած»:
Շա՜տ ցանկալի պիտի ըլլար իր խմբագրականներու եւ յօդուածաշարքերու ընտրանին ունենալ մէկ կողքի տակ եւ կամ մի քանի հատորներու մէջ… արժանի է անոր, մի՛շտ պատնէշի վրայ մնացած ընկեր Ժիրայր Նայիրին:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ