Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԵՐՅԻՇԵՆՔ «ԱՐԱՐԱՏ»Ի ԵՐԱԽՏԱԳՈՐԾՆԵՐԸ ԵՐԿԱՐԱՄԵԱՅ ԽՄԲԱԳԻՐ ԺԻՐԱՅՐ ՆԱՅԻՐԻԻ

November 29, 2024
in Այլազան, Յօդուածներ
0
ՎԵՐՅԻՇԵՆՔ «ԱՐԱՐԱՏ»Ի ԵՐԱԽՏԱԳՈՐԾՆԵՐԸ  ԵՐԿԱՐԱՄԵԱՅ ԽՄԲԱԳԻՐ ԺԻՐԱՅՐ ՆԱՅԻՐԻԻ

ՄԱՀՈՒԱՆ 11-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՈՐՊԷՍ ԽՈՒՆԿ ՈՒ ՄՈՄ

 

 

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՆՕԹԵՐ. ԺԻՐԱՅՐ ՆԱՅԻՐԻ (ԹՕՍՈՒՆԵԱՆ)

Ծնած է 28 Օգոստոս 1929-ին, Լիբանան:

Վաղ հասակէն բնական մղում մը զինք տարած է դէպի մշակոյթ, ազգային ծառայութեան ասպարէզը։ Իր մէջ կազմաւորած է կոչումնաւոր գրողը, հասարակական գործիչը, հայ մամուլի խնկարկու մը եւ ներհուն մտաւորականը։

Դեռ 18 տարեկանին (1948 թ.) իրեն հասակակից քանի մը տեսլապաշտ երիտասարդներու հետ լոյս ընծայած է գրական պարբերաթերթ մը «Փորձ» անունով, որ իրապէս ալ փորձ մնացեր է:

Այդ շրջանէն սկսած է աշխատակցիլ «Արարատ» օրաթերթին, ստորագրելով գրական, քաղաքական եւ ընկերային բովանդակութեամբ յօդուածներ: Եղած է հիմնադիրներէն Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան – Լիբանան։ Աշխատակցած է նոյն շրջանին Հ.Մ.Մ.-ի պաշտօնաթերթ «Կայծ» ամսաթերթին, «Արարատ Գրական»ի եւ ուրիշ հանդէսներու:

1953-էն մաս կազմած է «Արարատ» օրաթերթի խմբագրութեան, իսկ 1958-էն սկսեալ՝ ստանձնած է օրկանին գլխաւոր խմբագրի-տնօրէնի պաշտօնները եւ զանոնք վարած է մինչեւ 1994 թուական: Միշտ եռանդուն եւ դժուարութիւններէն չվհատող այս հայը, ընկերվարական մարդը, հետագային ձեռք բերելով Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթի արտօնատիրութիւնը, մինչեւ մահ խմբագրած եւ հրատարակած է զայն, լայն տարածում եւ ընթերցողներ ունենալով, բացի Լիբանանէն եւ Հայաստանէն, շուրջ քսան գաղութներու մէջ:

1987-1993 վարած է Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։

Հեղինակ է չորս գործերու` «Հայրենի կտուրի տակ» 1962, «Հայուն արեւմուտը» 1969, «Յիսնամեակ վերածնութեան եւ փառքի» 1971, «Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Հայկական հողային դատը» 1968։ Այս վերջինը սպաներէնի թարգմանուելով լոյս ընծայուած է 1969-ին, Արժանթինի մէջ, մասնաւորաբար այս գաղութի օտարախօս հայ նոր սերունդին համար:

Իր գործերը ունին գեղարուեստական, պատմական, յուշագրական, ընկերային եւ հրապարակագրական բովանդակութիւն։ Հարուստ է իր մշակած քաղաքական գրականութիւնը։

Իր գրութիւնները կը յատկանշուին մտքերու խորութեամբ ու լրջութեամբ, սուր դիտողականութեամբ, երեւոյթներու գիտական մեկնաբանումով եւ ազգային թէ միջազգային իրադրութեան յստակ պատկերացումով, իրադարձութիւններու իմացումով, որոնք զինք դարձուցեր են տիպական դէմք մը սփիւռքահայ հասարակական կեանքի մէջ, ազգային ու գաղափարական ղեկավարի իրաւ արժանիքներով օժտուած անձնաւորութիւն։

Իր բազմաժանր յօդուածները, խմբագրականներն ու յուշագրութիւններ – ճամբու նօթեր ընդհանրապէս – որոնք «Արարատ» օրաթերթի հաւաքածոները կը լեցնեն, կրնան հատորներ կազմել։

Աշխատակցած է նաեւ սփիւռքահայ եւ հայրենական մամուլին, ինչպէս՝ «Երիտասարդ Հայաստան», «Շարժում», «Սովետական Հայաստան» եւ «Ջահակիր» թերթերուն։

Իր գրական ուսումնասիրութիւնները լոյս ընծայուած են «Արարատ», «Զարթօնք», «Յառաջ», «Երիտասարդ Հայաստան», «Հայրենիքի Ձայն», «Սովետական Գրականութիւն» թերթերու մէջ։

Խմբագրած է այլ հեղինակներու գործերը, որոնք լոյս տեսած են «Նայիրի» հրատարակչութենէն. Վլատիմիր Պետրոսեանի «Էնվերի վերջը» 1996, Ժիրայր Արամ Վարժապետեանի «Բեմի կեանքս եւ կեանքիս բեմը» 2001, Վլատիմիր Պետրոսեանի «Արարատը պէտք է մնայ Երեւանի կողմը» 2001, Յովհաննէս Չիլինկիրեանի «Սուտերու եւ երազներու զոհ, էշ նահատակ եղած ազգ մը՝ հայերը» 2004, եւ Տիգրան Սարաֆեանի «Հայ մարմնամարզական միութեան պատմութեան հետքերով» 2007: Եղած է բեմբասաց, հասարակական գործիչ եւ քաղաքագետ, օժտուած զանգուածները դաստիարակելու, կազմակերպելու եւ առաջնորդելու կարողութեամբ: Չորս տասնամեակէ ի վեր, Սփիւռքի մէջ ամէնէն աւելի փնտռուած բանախօսներէն եղած է, ունենալով ելոյթներ շատ գաղութներու բեմերէն, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւորոպա, Լատին Ամերիկա, Եգիպտոս ու Աւստրալիա, այլազան թեմաներու շուրջ, ամէն մարզի մէջ ալ ցուցաբերելով շօշափուած նիւթի խոր իմացութիւն:

19 Նոյեմբեր 1987-ին պարգեւատրուած է Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան «Խաղաղութեան եւ Մայր հայրենիքի հետ կապերի ամրապնդման օգտին ակտիւ գործունէութեան համար» շքանշանով։

1992-ին պարգեւատրուած է «Ռուբէն Սեւակ Յիշատակի Տուն»ի գրական մրցանակով եւ պատուոգրով։

1997-ին Երեւանի «Հրաչեայ Աճառեան համալսարան»ի Գիտական խորհուրդի որոշումով, Ժիրայր Նայիրիին շնորհուած է Փրոֆեսորի կոչում։

1998-ին ընդունուած է Փարիզի «Արարատ» Գիտութիւններու միջազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ։

Անդամ էր Լիբանանի Խմբագիր-Լրագրողներու միութեան եւ կը մաս կը կազմէր դիւանին։

2001-էն ի վեր անդամ էր Արաբ լրագրողներու միութեան, որուն կեդրոնը կը գտնուի Գահիրէ:

2001-ին պարգեւատրուած է Պուլկարիոյ հակա-ֆաշիստ ուժերու միութեան պատուանշանով։

2004-ին պարգեւատրուած է Ռուսահայերու միութեան Պատուոյ գիրով։

«Նայիրի» թերթի հրատարակութեան տասնամեակին առթիւ, Մ․ Նահանգներու «Մաշտոց Գոլէճը» (Լ․ Անճելըս) պարգեւատրած է Ժիրայր Նայիրին «Հայագիտութեան եւ լրագրութեան Պատուոյ դասախօս»ի ակադեմական կոչումով եւ Սրբ․ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան «Ազգային բացառիկ ծառայութեան» գնահատագրով եւ մետալով։

Արժանացած է Լիբանանի եւ Ա.Մ.Նահանգներու Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեանց կողմէ Պատուոյ գիրի եւ շքանշանի։

17 Մայիս 2005-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» բարձր շքանշանով եւ համապատասխան կոնդակով:

2007-ին պարգեւատրուած է Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդութեան կողմէ, առ ի գնահատութիւն իր մշակութանուէր բազմամեայ ու արդիւնաշատ գործունէութեան:

Մահացած է 27 Նոյեմբեր 2013-ին, Պէյրութի մէջ:

Share63Tweet40
Previous Post

ՉԻՆ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

Next Post

ՄԻ՛ՇՏ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ

Next Post
ՄԻ՛ՇՏ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ

ՄԻ՛ՇՏ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.