Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու նախարարութենէն պատասխանատու մը յայտնեց, որ վերջապէս ազատ արձակուած է Չինաստանի մէջ արգելափակուած ամերիկացի երեք քաղաքացի: Այս կարելի եղած է իրականացնել Փեքինի հետ գերիներու փոխանակումի գործողութեամբ, որուն ծիրին մէջ ամերիկացիները իրենց կարգին ազատ արձակած են բանտարկեալներ ու յանձնած՝ Փեքինին: