Այսօր սկզբունքով Լիբանան պիտի ժամանէ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իւ Լը Տրիան՝ քաղաքական ուժերուն հետ քննարկելու զինադադարի գործադրութիւնը եւ քաղաքական ճգնաժամը լուծելու միջոցները: Իսրայէլեան լայնածաւալ պատերազմին կարելի եղաւ վերջ տալ եւ վերջապէս զինադադար յայտարարել շնորհիւ ամերիկեան եւ ֆրանսական կողմերուն առաջնորդած բանակցութիւններուն: Զինադադարի մասին յայտարարութիւնը հրապարակուած էր նախանցեալ կէս գիշերին՝ նախագահներ Ճօ Պայտընի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի միացեալ յայտարարութեամբ: Նախագահները նշեցին, որ Պէյրութի ու Թել Աւիւի հետ պիտի աշխատին գործադրելու զինադադարի համաձայնութեան բոլոր կէտերը: Բանակցութիւնները վարած ամերիկացի միջնորդ Ամուս Հոքշթայն յայտնեց, որ ըստ զինադադարի որոշումին, իսրայէլեան եւ լիբանանեան կողմերը իրաւունք ունին դիմելու ինքնապաշտպանութեան, եթէ միւս կողմը խախտէ զինադադարի համաձայնութիւնը: Հոքշթայնի համաձայն, այս որոշումը հիմնուած է միջազգային օրէնքներու վրայ:
Նախագահ Պայտըն աւելի ուշ յայտնեց, թէ յառաջիկայ օրերուն աշխատանք պիտի տարուի Իսրայէլի, Թուրքիոյ, Եգիպտոսի եւ Քաթարի հետ՝ լուծելու համար նաեւ Կազայի պատերազմին թղթածրարը: Իսկ Մաքրոն կոչ ուղղեց անյապաղ ընտրելու Լիբանանի Հանրապետութեան նոր նախագահը, մաղթելով որ ռազմական գործողութիւններու դադարը դուռ կը բանայ շատ սպասուած երկարատեւ զինադադարի:
Միջազգային մեկնաբանութիւններուն մէջ, Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաքէր Քալիպաֆ ողջունեց զինադադարի յայտարարութիւնը ու շեշտեց, որ Հըզպալլայի մարտիկները չեն արտօնած, որ թշնամին նոյնիսկ մէկ մեթր գրաւէ Լիբանանի տարածքէն: Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը ողջունեց զինադադարը եւ մաղթեց, որ անոր միջոցաւ կարելի կ’ըլլայ պահպանել Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ ամբողջութեաամբ գործադրել ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւը: Քաթարի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը եւս ողջունեց զինադադարը, մաղթելով որ շուտով կարելի կ’ըլլայ նմանօրինակ լուծում գտնել Կազայի հարցին համար: Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով կարծիք յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի վիճակը կը շարունակէ վատթարանալ իսրայէլեան թշնամական քաղաքականութեան պատճառով: Իսկ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ուսթին յայտնեց, որ զինադադարի համաձայնութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն համար, տեղի ունեցածը համարելով տարածաշրջանին համար պատմական պահ մը: