Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

November 29, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0

 

Տեղահանուած լիբանանցիներուն այս ինքնաբուխ տունդարձը սակայն զերծ չմնաց վտանգներէն եւ զինադադարի իսրայէլեան սահմանափակ խախտումներէն: Համեմատաբար լարուած էր մանաւանդ սահմանափակ ներթափանցումի բեմավայր՝ հարաւային Խիամ քաղաքին դրութիւնը: Այնտեղ, իսրայէլեան ուժեր յայտարարեցին, թէ կրակ բանալով վիրաւորած են երկու լրագրող, որոնք մօտեցած էին իրենց դիրքերուն: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ ձերբակալած է հարաւի լիբանանեան հողեր ներթափանցած զինուորներու դիրքերուն մօտեցած չորս լիբանանցի եւ զանոնք կը հարցաքննէ՝ բացայայտելու համար Հըզպալլայի հետ անոնց հաւանական առնչութիւնը: Իսրայէլեան բանակը քաղաքացիները նաեւ զգուշացուց Լիթանիէն հարաւ ուղղուելու ընկերակցող վտանգներէն: Երեկոյեան մէկ այլ յայտարարութեամբ, իսրայէլեան ուժերը արգիլեցին քաղաքացիներուն դէպի հարաւ տեղաշարժը երեկոյեան ժամը 5-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 7: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց բանակին հրահանգեց ձերբակալել սահմանին եւ արգիլուած գօտիին մօտեցող Հըզպալլայի ոեւէ անդամ:

Լիբանանեան բանակը, իր կարգին, լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց չշտապելու վերադառնալ վտանգուած շրջաններ, պահանջելով մասնաւորաբար չմօտենալ հարաւի այն շրջաններուն, ուր ներթափանցած ու տեղակայուած են իսրայէլացի զինուորները, որովհետեւ կրնան ենթարկուիլ թշնամական կրակոցներու: Բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ սկսած են զինուորական յաւելեալ ուժեր տեղակայել Լիթանի գետէն հարաւ՝ գործադրելու համար 1701 բանաձեւը եւ ամրապնդելու պետութեան ներկայութիւնը պատերազմի ականատես դարձած շրջանին մէջ: Ըստ յայտարարութեան, տեղակայումի ծրագիրը գործադրելու համար զանազան շրջաններու մէջ գործող զօրախումբեր իրենց սարքերով ուղղուած են հարաւ: Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ շեշտեց, որ հարաւային շրջաններուն մէջ պիտի տեղակայուի աւելի քան 10 հազար զինուոր:

Ինչ կը վերաբերի ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահներուն դերակատարութեան, ապա Գերմանիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ լիբանանեան ծովային տարածքին գործող գերմանական մարտանաւուն գլխաւոր առաքելութիւնն է արգիլել Հըզպալլայի զինամատակարարումը:

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԱՆՑԱԿԷՏԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ

Next Post

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ

Next Post
ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.