Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ ԵՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՏՈՒՆԴԱՐՁ

November 29, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ ԵՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՏՈՒՆԴԱՐՁ

 

 

Լիբանանցիներուն 27 Նոյեմբերը բոլորովին տարբեր էր անոր նախորդած աւելի քան երկու ամսուայ լարուած, մտահոգ եւ յուսահատ վիճակէն: 17 Սեպտեմբերին «փէյճըր»ներու իսրայէլեան ծանօթ գործողութեամբ սկսած, Հըզպալլայի ղեկավարութեան գլխատումով եւ ռազմական կարողութիւններու կրճատումով, ցամաքային ներթափանցումներով, անխնայ սպանութիւններով,  կործանումի վայրագ ալիքներով եւ լայնածաւալ տեղահանութեամբ 70 օր շարունակուած պատերազմը վերջապէս դադրեցաւ երէկ արեւածագի ժամը 4-ին՝ տալով իրենց գիւղերէն հեռացած եւ նոյնիսկ տուները կորսնցուցած շուրջ մէկուկէս միլիոն քաղաքացիներու հաւաքական տունդարձի ազդանշանը: Այդպէս, լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը 17 Սեպտեմբերէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ամբողջ օր մը բոլորեց առանց ռազմական օդանաւ նկատելու կամ անօդաչու սարքերուն զզուելի ձայնը լսելու: Զինադադարի գործադրութեան պահէն վայրկեաններ առաջ, իսրայէլեան վերջին հարուածները հասան հիւսիսային Արիտա եւ Տապուսիէ սահմանային անցակէտերուն:

Երէկ, զինադադարի յայտարարութեան գրեթէ զուգահեռ, Պէյրութէն, հիւսիսէն ու Լեռնալիբանանէն սկսաւ տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներու հոսքը դէպի հարաւային արուարձաններ, Պեքաա եւ հարաւ, որոնց բաժին հասած էր իսրայէլեան հարուածներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը: Արշալոյսէն մինչեւ ուշ գիշեր չդադրեցաւ ծովեզերեայ մայրուղիին եւ լեռնային երկրորդական ճամբաներուն խճողուածութիւնը: Շատերու գլխաւոր նպատակն էր անյապաղ ստուգել իրենց ետին ձգած բնակարաններուն եւ այլ սեփականութիւններուն վիճակը, ուրիշներ գերյոգնած էին տեղահանութեան ընկերակցող տառապանքէն, ոմանց համար ալ արագ տունդարձը պարզապէս ցուցանիշ էր դիմակայութեան եւ արժանապատուութեան:

 

Share63Tweet39
Previous Post

Հ.Մ.Մ.Ի ԱԿԱԴԵՄԻԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՄՐՑԵԼՈՒ

Next Post

ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԱՆՑԱԿԷՏԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ

Next Post

ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԱՆՑԱԿԷՏԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.