Ճշմարիտ է ըսուած. «Լեզուն ազգի մը հոգին է. կենդանի է այդ հոգին, կենդանի է եւ ազգը. կենսունակ է առաջինը, ուրեմն կենսունակ է եւ երկրորդը»:
Այո՛, որովհետեւ լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլեւ լեզուամտածողութիւն է, պատմութիւն ու մշակոյթ է, ազգային նկարագիր ու հոգեկերտուածք է, շունչ ու ոգի է:
Յետեղեռնեան հայ սփիւռքը՝ հայրենահանուած ու արմատախիլ, եթէ կրցաւ դար մը ամբողջ ու դեռ աւելի գոյատեւել որպէս հայ հաւաքականութիւն, ատիկա վստահաբար կը պարտի, գերազանցօրէն, իր հայ դպրոցներու ցանցին, ուր հայոց լեզուն, հայ գիրն ու գրականութիւնը, անոնցմով ստեղծուած հայեցի ոգին ու շունչը փոխանցուեցան իրերայաջորդ սերունդներուն, օղակ առ օղակ շաղկապելով զանոնք իրարու, որպէս մէկ ժողովուրդի մը զաւակները, մէկ մշակոյթի ու մէկ պատմութեան ժառանգորդներն ու կրողները:
Ներկայիս, ցաւով պիտի արձանագրել, թէ որքա՛ն կ’աղաւաղուի ու կ’աղճատուի արեւմտահայերէնը՝ օտար բառերու անխնայ ներխուժումովը մեր լեզուին՝ քիչ մը ամէն տեղ, մամուլի էջերուն մէջ, հայ մարդկանց շուրթերուն…: Կ’աղաւաղուի ու կ’աղճատուի ան լատինատառ գրութիւններով՝ համացանցի տարածքին վրայ, եթերէն եւ քիչ մը ամէնուր հնչող կոպիտ սխալախօսութեամբ… Մենք կարծես դադրած ենք, ըստ էութեան, արժանի գուրգուրանք տածելէ հայոց լեզուին, զայն ուսուցանող հայ դպրոցին, մասնաւորաբար Սփիւռքի օտար ափերուն վրայ, ուր յետեղեռնեան սերունդը, անչափելի զոհողութիւններու ու զրկանքներու գնով, բացաւ հայ դպրոցներու ցանցը՝ բոլոր հայագաղութներու մէջ ալ, միշտ հաւատալով հայոց լեզուի վճռորոշ դերին՝ հայը հայ պահելու սրբազան առաքելութեան մէջ: Տակաւ կ’աղքատանայ, կը խեղճանայ մեր լեզուն, անոր բառապաշարը, կ’այլասերի անոր շարահիւսութիւնը, անոր հնչերանգը կամ արտասանութիւնը…Եւ դպրոց-դպրոցի ետեւէ կը փակուին թեթեւ ձեռքով… Վերջին երկու տասնամեակներուն փակուած են 250-է աւելի հայ դպրոցներ, որոնց մէջ՝ գիշերօթիկ մեր մեծագոյն կրթական հաստատութիւնը՝ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը: «Կարեւորը հայ զգալն է», ըսողներ կան կարեւոր կազմակերպութեանց եւ միութեանց ղեկավարի դեր ստանձնած անձանց կողմէ, որոնց համար հայ դպրոց պահելը տնտեսական գործունէութիւն է կարծէք, «պիզնես»ի կամ գրպանային տրամաբանութեամբ գործող վայր է: Զուգահեռաբար, որքա՛ն պակսած է հայ գիրքի, հայ մամուլի ընթերցանութիւնը մեր մատղաշ սերունդին մօտ յատկապէս…Եւ այսպէս կը նահանջէ մեր լեզուն, կը նահանջեն հայ հոգին եւ հայեցի ինքնութիւնը…. Մեղա՛յ, մեղա՛յ Արարատին, պիտի ըսէր մեծ գրող Շահան Շահնուր:
Արեւմտահայ տարագիր մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեան 1942-ին մարգարէաշունչ ցաւատանջութեամբ կը գրէր.
«Լեզուն որով գրեցի՝ երկրի երեսը քիչեր
Կը կարդային զայն արդէն ու պակսեցան անոնք ալ…
Եւ քերթուածները որոնց մէն մի բառին ու վանկին
Վրայ ես սիրտ հատցուցի՝ գուցէ անկիւն մը պառկին
Առանց որ մէկը դնէ իրենց բուն շեշտն անոնց վրայ…
Հարիւր տարի ետք միայն…լեզուն անուշ զոր խօսեր
Էին անուշ տղաքներ, գուցէ խօսող չունենայ…»
Տակաւին հարիւր տարի չէ անցեր վերոնշեալ թուականէն, սակայն արեւմտահայերէնը գահավէժ ընթացքով տեղի կու տայ եւ արդէն դասուած է անհետանալու վտանգին ենթակայ լեզուներու շարքին, UNESCO-ի իսկ վկայութեամբ: Հանգամանք մը, որ մտորելու, հարցադրելու առիթ կու տայ տարբեր ուղղութիւններով…:
Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկումի ահռելի ոճրագործութեան հետեւանքը եղաւ ոչ միայն Արեւմտահայաստանի հայազրկումը, մարդկային եւ գոյքային անչափելի կորուստները, այլեւ ու յատկապէս՝ հարազատ մշակոյթի անհետացման սպառնալիքը, որուն հիմնական կորիզն է, անտարակոյս, լեզուն՝ արեւմտահայերէնը, լեզու մը հազարագանձ, որ յղկեր ու մշակեր էին մեր մեծ գրողները, բանաստեղծներն ու հրապարակագիրները, երգի, թատրոնի եւ արուեստի գործիչները…: Կը խորհի՞նք երբեւէ որ լեզուի կորուստը հիմնական կորուստ է, որովհետեւ լեզուն մեր ազգային վաւերական ինքնութեան ամէնէն էական, առանցքային բաղադրիչն է: Կը հարցադրե՞նք երբեւէ, թէ ի՞նչ կը մնայ սփիւռքացած տարագիր մեր ժողովուրդէն, եթէ անկէ զեղչենք հայերէնը՝ արեւմտահայերէնը, հայ խօսքն ու գիրը, հայ երգն ու տաղը…: Առանց ազգային էութեան այս բաղադրիչներուն, կը մնայ վստահաբար հայկական անունով կամ ծագումով անդիմագիծ ամբոխ, լաւագոյն պարագային կը մնան հայասէրներ, հայամէտներ ու բարեսէրներ, օդին մէջ հայ զգացողներ, ազգային անհետացման սպառնալիքին տակ:
Պատճառնե՞րը այս նահանջին: Կարելի է թուել անշուշտ մեր ժամանակներուն սպառողական հասարակութեան ստեղծած նիւթական արժէքներու գերակայութիւնը, գործնապաշտ եւ օգտապաշտ փիլիսոփայութիւնը եւ համաշխարհայնացման ամենակուլ յորձանքը, մեր օտարամոլութեան ախտը: Կարելի է թուել մեր կենսունակ, հայօրէն աշխոյժ հայագաղութներուն թուլացումն ու տկարացումը,՝ քաղաքական-քաղաքացիական տակնուվրայութիւններու հետեւանքով, ինչպիսիք էին մասնաւորաբար Լիբանանի, Սուրիոյ հայագաղութները եւ ուրիշներ, որոնք հայկականութեան արիւնատար, կենսատու երակներն էին համայն Սփիւռքին:
Ամէնէն ճակատագրականը սակայն ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ նահանջն է, քանզի հայ դպրոցն է, որ Սփիւռքի օտար ափերուն վրայ կոչուած է սորվեցնելու արեւմտահայերէնը, անով կերտելու Հայ ՍԵՐՈՒՆԴԸ եւ երաշխաւորելու ազգային հաւաքականութեան շարունակականութիւնը: Հայ դպրոցի նահանջով, Հայոց լեզուի ուղղախօսութեան, ուղղագրութեան եւ ճիշդ շարադրութեան անկումը ահաւոր չափերու հասած է:
Հայ դպրոցի վերակենսաւորման ուղղութեամբ, անհրաժեշտ է, կը խորհիմ, կեանքի կոչել ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ, որ ճիշդ ուղիի վրայ կարենայ դնել արեւմտահայերէնի դասաւանդումը, անոր ուսուցման եղանակները, մեթոտաբանութիւնը, հայերէն դասագիրքերու ճիշդ ընտրութիւնը, լեզուական նիւթերը շատ աւելի հետաքրքրական, այժմէական եւ գրաւիչ դարձնելու միտումով, ինչպէս նաեւ որպէս ՎԵՐԱՀՍԿՈՂ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՄԱՐՄԻՆ: Ներկայիս չկայ բոլորին կողմէ ընդունուած արեւմտահայերէնի ՄԷԿ ԳՐԵԼԱՁԵՒ, ՄԷԿ ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՄԷԿ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, ՄԷԿ ՈՒՂՂԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ…
Զուգահեռաբար, որքան բաղձալի պիտի ըլլար կեանքի կոչել ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ մը, որ ֆինանսական աջակցութիւն ցոյց տար նիւթական դժուար եւ անելանելի վիճակին մէջ յայտնուած հայ դպրոցներուն:
Արեւմտահայերէնի ուսուցման արդիւնաւէտ միջոց կրնայ ըլլալ նաեւ անոր առցանց ուսուցումը, որուն փորձը կայ կը կարծեմ եւ տարածուելու յոյս ու հեռանկար կը ներշնչէ:
Իսկ Մայր հայրենիքը կրնայ վստահաբար բերել իր մեծագոյն ներդրումը ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ պահպանման ու զարգացման, հիմնելով ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ուսուցման կեդրոն, ուր կրնան յաճախել սփիւռքահայութեան նոր սերունդի ներկայացուցիչներ եւ այլ փափաքողներ, լուծում տալով նաեւ արեւմտահայերէնի ուսուցման ուսուցիչներ պատրաստելու կարեւոր խնդրին: Նմանապէս, ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ տարածման կրնայ սատարել ՀՀ Կրթական նախարարութիւնը եւ պատկան մարմինները, եթէ հայ գրականութեան դասապահերուն կարեւոր տեղ յատկացնեն արեւմտահայ գրականութեան դասական եւ արդի նորագոյն ստեղծագործութեանց: Այս կարեւոր քայլը որքան պիտի քաջալերէր նոր ստեղծագործողները, նոր թափ ու սլացք պիտի տար արեւմտահայերէնի ուժականացման: Նոր մթնոլորտ պիտի ստեղծէր:
Պիտի ուզէի խօսքիս վերջին հատուածը ներկայացնել դրական արձանագրութեամբ: Արդարեւ, Կիպրոսի մէջ, ներկայիս երեք քաղաքներու՝ Նիկոսիոյ, Լառնագայի եւ Լիմասոլի մէջ գործող ՆԱՐԵԿ ՀԱՅԿԱԿԱՆ վարժարանները ամբողջովին կը ֆինանսաւորուին Կիպրոսի կառավարութեան կողմէ, առանց որեւէ կաշկանդումի ենթարկելու հայերէն նիւթերու ընտրութիւնը կամ անոնց դասաւանդումը: Սա կարելի է համարել ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄ մը կիպրահայ համայնքին համար, ուր ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ պաշտօնապէս ճանչցուած է Կիպրոսի կառավարութեան կողմէ որպէս կրօնական համայնքի մը լեզուն, որ պէտք է պահպանուի եւ պաշտպանուի օրէնքի ոյժով: Սա է գլխաւոր պատճառը գուցէ, որ կիպրահայ գաղութը կը մնայ ՀԱՅԱԽՕՍ: Եւ մենք՝ կիպրահայերս, խորապէս երախտապարտ ենք Կիպրոսի կառավարութեան իր այս հայասիրական բացառիկ վերաբերմունքին համար:
Հակառակ մեզի՝ կիպրահայերուս ընծայուած այս բացառիկ դիւրութեան, լրագրական ասպարէզէս ներս, յաճախ դէմ-յանդիման կու գամ տխուր իրականութեան մը: Շատ մը կիպրահայեր ինծի կ’ըսեն. «Պարզ գրէ, դժուար բառեր մի՛ գործածեր, որպէսզի կարենանք հասկնալ…»…Բայց, յարգելիներս, ամէն միտք, ապրում, իր իւրայատուկ բառը, եզրոյթը ունի արտայայտելու համար…Արդեօ՞ք հայոց մեր լեզուն՝ մեր ոսկեղենիկ Մեծասքանչը, պիտի վերածենք «հաց ու պանիր»ի լեզուի, կամ զայն աղճատենք օտարաբանութեամբ…ՍԻՐԵԼ ՀԱՅԵՐԷՆԸ պիտի նշանակէր նաեւ ՃԻՇԴ ԽՕՍԻԼ եւ ՃԻՇԴ ԳՐԵԼ, ընտրելով ՃԻՇԴ բառը…Հարուստ է մեր լեզուն, զարգանալու լայն կարելիութիւններով…ՉԱՂՔԱՏԱՑՆԵՆՔ ու ՉԱՂՃԱՏԵՆՔ զայն…Անիկա իր զոյգ ճիւղերու՝ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի պահպանունումով եւ զարգացումով, մեր մեծագոյն հարստութիւնն է, առանց որուն նոյնիսկ հայրենիքը պիտի կորսնցնէր իր բուն իմաստն ու արժէքը, իր ազգային նկարագիրը, իր ազգային էութիւնը:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
*Այս գրութիւնը որպէս ԶԵԿՈՅՑ (տեսագրուած) ներկայացուած է «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ. ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ ԵՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» միջազգային գիտաժողովին, կազմակերպութեամբ Հայաստանի գիտութեանց ազգային ակադեմիոյ, համագործակցաբար Երեւանի պետական համալսարանին եւ Մանկավարժական համալսարանին, 7-8 Նոյեմբեր 2024-ին, Լեզուի Ակադեմիոյ հիմնարկին մէջ, Երեւան: