Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՎԱՆ»Ի ԵՒ «ՄԵԾՆ ՄՈՒՐԱՏ»Ի ՀԵՐՈՍԻՆ ՇԻՋՈՒՄԸ

November 26, 2024
in Այլազան
0
«ՎԱՆ»Ի ԵՒ «ՄԵԾՆ ՄՈՒՐԱՏ»Ի ՀԵՐՈՍԻՆ ՇԻՋՈՒՄԸ

 

Անցեալ Ուրբաթ, ֆէյսպուքեան էջերուն վրայ կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ բօթը: Ոչ եւս էր Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի «Վան» անձնասպանական գործողութիւնը իրագործած «Եղիա Քեշիշեան անձնասպանական քոմանտոյի» փոխհրամանատար եւ արցախեան առաջին պատերազմին Ս.Դ.Հ.Կ.-ի հովանաւորութիւնը վայելող «Մեծն Մուրատ» ջոկատին հրամանատար Գէորգ Կիւզէլեանը: Ողբացեալին մարտական եւ գաղափարական ընկեր, «Վան» անձնասպանական գործողութեան քոմանտոներէն ընկեր Վազգէն Սիսլեանն էր այս մասին առաջինն արձագանգողը: Ստորեւ անոր գրառումը:

 

ԳՈՅԺ

Ուշացումով եւ մեծ ցաւով իմացայ մահը իմ մարտական եւ գաղափարական ընկերոջ՝ Գէորգ ԿիւզԷլեանի, անբուժելի հիւանդութեան հետեւանքով (28 Հոկտեմբեր 2024, Գալիֆորնիա)։

Գէորգ ԿիւզԷլեան 20 տարեկանին զինուորագրուեցաւ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակին (ASALA)։ Իբրեւ «Վան» անձնասպանական գործողութիւնը իրագործած «Եղիա Քեշիշեան անձնասպանական քոմանտոյի» փոխհրամանատար, Գէորգ մասնակցեցաւ 24-լոյս 25 Սեպտեմբեր 1981-ին Փարիզի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի գրաւման գործողութեան՝ իմ, Յակոբ Ճուլֆայեանի եւ նահատակ ընկեր Արամ Պասմաճեանի հետ։ Ան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ իմ վիրաւորուելու պատճառով հիւպատոսարանէն դուրս գալէս ետք գործողութիւնը շարունակելու եւ զայն յաջող աւարտին հասցնելուն մէջ։ ԿիւզԷլեան ինքզինք հիանալի դրսեւորեց նաեւ «Վան» գործողութեան չորս մարտիկներուս փարիզեան դատավարութեան ընթացքին (Յունուար 1984)։ Չորսս միասնաբար դատապարտուեցանք 7 տարի ազատազրկման, եւ բացի բանտին մէջ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ ինքնասպան եղած Արամ Պասմաճեանէն, հինգ տարի չանցած՝ 1986-ի Օգոստոսին ազատ արձակուեցանք ու վերադարձանք Լիբանան։

Գէորգ Կիւզէլեան աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Արցախեան առաջին պատերազմին։ Ան հրամանատարն էր Ս.Դ.Հ.Կ.-ի հովանին վայելող «Մեծն Մուրատ» ջոկատին եւ ղեկավարեց արցախեան բազմաթիւ բնակավայրեր ազատագրելու կամ պաշտպանելու ռազմական գործողութիւններ կամ մասնակցեցաւ անոնց։ Զինադադարէն ետք քանի մը տարի Հայրենիքի մէջ բնակելէ ետք, անձնական պայմաններու ստիպողութեան տակ, Գէորգ ԿիւզԷլեան հեռացաւ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։

Գէորգ ԿիւզԷլեանի անունը փառքով արձանագրուած է վերջին կէս դարու հայկական զինեալ ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ։

Օտար հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի, ամէն։

Share63Tweet40
Previous Post

ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՇԵՇՏԵՑԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Next Post

Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՅ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ*

Next Post
Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՅ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ*

Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՅ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ*

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.