Իրանի իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամինէի շեշտեց, որ իսրայէլեան թշնամին պիտի չկարենայ յաղթել Կազայի կամ Լիբանանի մէջ, կոչ ուղղելով մահապատիժի դատապարտելու իսրայէլացի ոճրագործները: «Թշնամիները կը թուլանան մեր դիմաց: Մենք տապալեցինք անոնց մեծամտութիւնը, մանաւանդ եուրանիւմի հարստացումի մեր փորձերը սահմանափակելու ամերիկեան ջանքը», ըսաւ իրանցի առաջնորդը: