Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄԻ ՍԱՍՏԿԱՑՈՒՄ

November 26, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0

 

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան շարունակուող գործողութիւններուն հետեւանքով մահացած մարդոց ընդհանուր թիւը բարձրացած է առնուազն 3768-ի, իսկ վիրաւորները՝ 16 հազարի: Ըստ նախարարութեան, միայն անցնող 24 ժամերուն ընթացքին կայ 14 մահ եւ 73 վիրաւոր: Զինադադարի վերջնականացումին մասին շշուկներուն զուգահեռ, իսրայէլեան ուժերը երէկ սաստկացուցին գործողութիւնները լիաբանանեան զանազան շրջաններու մէջ: Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Հարէթ Հրէյք, Շուէյֆաթ, Ղոպէյրի, Պորժ էլ-Պարաժնէ եւ այլ հատուածներ ենթարկուեցան հրթիռային քանի մը ալիքներու, մինչ օդային յարձակումները ներառեցին նաեւ հարաւային զանազան շրջաններ եւ Պեքաայի Նապի Շիթը, ուր մահացաւ եօթը հոգի: Սուրի մէջ մահացաւ վեց հոգի, իսկ Պաալպաք եւ Հերմէլ գաւառներուն մէջ եւս ինկան զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ, մինչ Ժըզզինը Մաշղարային կապող ճամբան փակուեցաւ ռումբերու պայթումներուն պատճառով:

Գետնի վրայ, իսրայէլեան ցամաքային գործողութիւնն ու Հըզպալլայի դիմակայումը շարունակուեցան երէկ, կեդրոնանալով մասնաւորաբար արեւելեան Խիամի շրջանին եւ արեւմտեան Շամաա գիւղին մէջ: Զոյգ շրջաններուն մէջ, իսրայէլացի զինուորները իրականացուցին ծանր պայթումներ՝ թիրախաւորելով ինչպէս քաղաքացիներուն բնակարանները, այնպէս ալ Շամաայի պատմամշակութային արժէք ունեցող բերդը: Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ իրենց ծառայութեան օրերուն, Հայաստանի խաղաղապահները տեղակայուած էին Շամաա գիւղի իտալական զօրամասին մէջ: Մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամմատ Ուիսամ Մուրթատա յայտնեց, որ թշնամին ոչ միայն թիրախաւորած է Շամաայի բերդը, այլ կը սպառնայ Սուրի ծովեզերքին:

Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը զեկոյցի մը մէջ Իսրայէլը ամբաստանեց լիբանանեան թիրախներու դէմ ամերիկեան արդիական հրթիռներ գործածելու մէջ: Ըստ կազմակերպութեան զեկոյցին, 25 Հոկտեմբերին հարաւի մէջ երեք լրագրող սպաննած հարուածը կատարուած է ամերիկեան զինամթերքի գործածութեամբ:

Հըզպալլա իր կարգին երէկ բազմացուց եւ սաստկացուց հրթիռարձակումները եւ անօդաչու սարքերով գրոհները: Շարք մը հաղորդագրութիւններով Հըզպալլա յայտարարեց, թէ 24 ժամերու ընթացքին աւելի քան 350 հրթիռ արձակած է թէ՛ Թել Աւիւի, թէ՛ կեդրոնական այլ քաղաքներու եւ սահմանամերձ բնակավայրերու ուղղութեամբ, թիրախաւորելով նաեւ զինուորական կուտակումները եւ Լիբանան ներխուժած ուժերը: Ըստ Հըզպալլայի, անցնող ժամերուն կործանուած է իսրայէլեան «Միրքաւա» տիպի վեց արդիական հրասայլ: Հըզպալլայի գործողութիւններուն լոյսին տակ, իր պաշտօնէն հրաժարեցաւ յատուկ ուժերու Կոլանի զօրախումբին սպայակոյտի պետը:

Share62Tweet39
Previous Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄ

Next Post
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄ

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.