Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԱՍՏԻԿ ԿՐԱԿՈՎ ՃՆՇՈՒՄԻ ՓՈՐՁԵՐ

November 26, 2024
in Միջազգային
0
ՍԱՍՏԻԿ ԿՐԱԿՈՎ ՃՆՇՈՒՄԻ ՓՈՐՁԵՐ

 

 

Լիբանան անցնող ժամերուն ականատես դարձաւ ինչպէս իսրայէլեան ծանր հարուածներու եւ յաւելեալ կործանումի, նոյնպէս մօտալուտ զինադադարի մասին շշուկներու: Տեղական եւ արաբական լրատուամիջոցներ երէկ գիշեր պնդեցին, թէ ժամանակաւոր զինադադարի շուրջ համաձայնութիւնը ամբողջացած է եւ կը մնայ միայն ձեւական յայտարարութիւնը, մինչ այլ աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ 60 օր երկարող զինադադար մը պիտի յայտարարուի այսօր՝ ամերիկացի եւ ֆրանսացի նախագահներուն նախաձեռնութեամբ: Այսուհանդերձ, Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան բանբերը շեշտեց, որ բանակցութիւններուն մէջ կայ մեծ յառաջընթաց, սակայն ոչ վերջնական համաձայնութիւն, աւելցնելով որ իրենք պիտի յայտարարեն նման համաձայնութեան մը առկայութեան պարագային:

ՄԱԿ հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղեց համաձայնելու զինադադարի առաջարկներուն եւ վերջ տալու արիւնալի պատերազմին: Միջին Արեւելքի հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պատուիրակի բանբեր Մուհաննատ Հէտի Ապահովութեան խորհուրդին առջեւ արտասանած խօսքին մէջ ողջունեց զինադադար յայտարարելու ուղղութեամբ տարուած դիւանագիտական աշխատանքը, հակամարտողներէն պահանջելով վերջ տալ պատերազմին եւ գործադրել ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւին բոլոր յօդուածները:

Լիբանանի արտաքին գործերու նաախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ կոչ ուղղեց անյապաղ զինադադար յայտարարելու եւ լիբանանեան բանակէն յաւելեալ ուժեր տեղակայելու երկրի հարաւային հատուածին մէջ: Իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուները նշեցին, որ բանակցութիւնները շատ յառաջացած են, ուստի զինադադար կրնայ յայտարարուիլ 36 ժամուան ընթացքին:

Այսուհանդերձ, ինչպէս յաճախ պատահած է Լիբանանի մէջ, զինադադարի վերաբերեալ լաւատեսութիւնը կրնայ շոգիանալ ընդամէնը վայրկեաններու ընթացքին, իրավիճակը վերադարձնելով իր մագլցող դրութեան:

Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարար Անալենա Պերպոք շեշտեց, որ բանակցային վիճակը շատ աւելի մօտ է համաձայնութեան, քան այն ինչ էր քանի մը օրեր կամ շաբաթներ առաջ:

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.