ՎԻՐԱՒՈՐ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ
ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ
Լիբանանի պատմութեան ամենամռայլ անկախութեան օրն է որ պիտի նշուի այս տարի: Արդէն «տօն» առինքնող բառն ալ դարձած է անհեթեթ:
Օսմանեան դարաւոր լուծէն ազատագրուելէ յետոյ եւ ապա ֆրանսական գաղութարար ուժէն ձերբազատուելէ ետք, 1943 Նոյեմբեր 22-ին, լիբանանցիք ունեցան իրենց ինքնուրոյն եւ ինքնավար երդիքը կապոյտ երկինքին տակ եւ անկախ աթոռը միջազգային ընտանիքէն ներս: Ի՜նչ բարեբաստիկ հնարաւորութիւն եւ ի՜նչ բարեպատեհ երեւոյթ, երբ ժողովուրդ մը իր ազատ եւ ինքնիշխան ճակատագիրը կու գայ տնօրինելու եւ վարելու ամենայն պատասխանատուութեամբ: Լիբանան ի վերջոյ հասաւ այդ բաղձալի պատուանդանին՝ շնորհիւ իր զաւակներուն վճռական պայքարին, համակեցութեան որոշումին եւ միասնական ոգիին: Լիբանանի հաստաբուն մայրին խայտաց այդ օր, աղաղակեց յաղթօրէն՝ քանի դարձաւ խորհրդանիշն ու հոմանիշը Լիբանանի Հանրապետութեան:
Արհաւրալից եւ դժուարին օրերն ու տարիները եղան անպակաս Լիբանանի պատմութենէն. խռովեալ եւ փոթորկայոյզ ալիքները հարուածեցին ադուլօրէն եւ ցաւառիթ դէպքերը հիւսեցին Լիբանանի տարեգրութեան սեւ ու մութ էջերը: Այո՛, թուխպ ամպերը կարծէք չուզեցին չքանալ մայրիներու հայրենիքէն: Կարծէք անոր զաւակները դատապարտուած էին ըլլալ զոհերը աջէն ու ձախէն փչող քամիներուն, քաւութեան նոխազները այլոց հարուածներուն. իսկ հայրենիքը՝ մնայուն զոհասեղանը շրջանային եւ միջազգային կռիւներու, տարակարծութեանց թէ սակարկութեանց: Մարդ այն տպաւորութիւնը կը ստանայ, որ Լիբանան տեւական պատանդ է տարատեսակ ուժերու, կապանքներու տակ է տարաբնոյթ հոսանքներու:
Հակառակ վերոբերեալ բացասական տուեալներուն եւ ի հեճուկս ճնշիչ ժխտականութեան, լիբանանցիք, տարիներու ընթացքին, յոյսի եւ լոյսի նշոյլներու ընդմէջէն կը տօնէին անկախութեան օրը: Պետական, ժողովրդային, պաշտօնական կամ կրթական շրջանակներ, դրօշներ ծածանելով, տողանցքով, հանդիսութիւններով կամ համեստ ձեռնարկներով, կը խոնարհէին անկախութիւն կերտած սերունդին յիշատակին առջեւ, կ’ոգեկոչէին պետական առաջին այրերուն սխրանքներն ու անոնց կտակը, կը փառաւորէին եւ կը դրուատէին անկախութեան երթն ու գաղափարը. կ’ուզէին մխիթարուիլ եւ գօտեպնդուիլ անկախութեան յանձնառութեամբ. խինդ ու ծիծաղով դիմաւորել այդ պայծառ առաւօտը: Տարբե՛ր էին օրերը, տարբե՛ր՝ ժամանակները եւ տարբե՛ր՝ սերունդները:
Իսկ այսօ՞ր: Այսօր, գլխահակօրէն եւ թացոտ աչքերով, ի՞նչպէս գրել, խօսիլ կամ նշել անկախութեան ոգեշնչիչ օրը: Ո՞ւր է տօնական մթնոլորտը: Ո՞վ կրնայ նշմարել անոր մշուշոտ ուրուանկարն անգամ: Ինչպիսի՛ ահազնացող վայրագութեան թիրախ է երկիրը՝ ահա մի քանի ամիսէ ի վեր: ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամ հանդիսացող Լիբանան, ողջ մարդկութեան անտարբեր հայեացքներուն դիմաց, օրն ի բուն կը վճարէ գինը անզսպելի Իսրայէլին սանձարձակութեան, քմայքին եւ մոլուցքին:
Ակնբախ է, որ ոչ մէկ երկիր կատարելապէս անկախ կրնայ ըլլալ՝ մեկուսացած եւ ինքնապահ: Միշտ ալ կապեր եւ առնչութիւններ պիտի ըլլան միջազգային ընտանիքին հետ՝ քաղաքական, տնտեսական, ռազմական թէ հոգեբարոյական առումներով: Այս օրինաչափութիւնը ակնյայտօրէն կը շեշտուի յատկապէս փոքր եւ թոյլ երկիրներու պարագային: Սա՛ է դիւանագիտութեան ու պատմութեան կոշտ խաղի կանոնը: Կը մնայ ունենալ ճկուն, խոհուն եւ վարչագէտ յարաբերութիւններ բոլորին հետ. պահել ու պահապանել հաւասարակշռութեան օրէնքները: Նոյնն է Լիբանանի պարագային: Սակայն, ցաւ ի սիրտ, տասնամեակներէ ի վեր, ականատեսն եղած ենք «քոյր» թէ «եղբայրական» հանրապետութիւններու վարքագիծին, ճաշակած ենք «բարեկամ» երկիրներու միջամտութիւնները, որոնք առաւելագոյնս շահագործած են Լիբանանի կացութիւնը. փորձած լլկել անոր ինքնիշխանութեան յատկանիշերը, մինչեւ իսկ դարձնել լծակից եւ ստորադաս երկիր: Այս դաժան խաղերուն եւ դիւանագիտական սադրանքներուն դիմաց, Լիբանանի ժողովուրդը կրած է տառապանքներուն առիւծի բաժինը: Արդարեւ, այլոց հակամարտութեանց թատերաբեմը դարձած է Լիբանան եւ այն ալ՝ արիւնալի եւ կործանարար թատերաբեմ: Կը տարուինք հարց տալու՝ ո՞ւր մնաց Լիբանանի անկախութեան հանդէպ յարգանքն ու պատշաճութիւնը. մինչեւ ե՞րբ եւ ո՞ւր լիբանանցիք արիւն պիտի թափեն յանուն ուրիշներու յետին հաշիւներուն: Լիբանան մինչեւ ե՞րբ պիտի դառնայ փորձադաշտը սիոնական նորագիւտ հրթիռներուն եւ քանդիչ ռումբերուն: Ինչո՞ւ լուռ եւ ձեռնածալ է ՄԱԿ-ը, որուն անդամ է Լիբանան: Ո՞ւր է անոր Ապահովութեան Խորհուրդը, որ կը կատղի որեւէ պահու եւ կը մնայ մունջ՝ ի տես Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած անյագուրդ արշաւին: Ինչո՞ւ պապանձած են Արաբական Աշխարհը՝ իր Լիկայով եւ Իսլամական Համագումարը՝ իր սինուփուչ յայտարարութիւններով:
Անկախութի՞ւն նշել, երբ ամէնօրեայ հարուածի տակ է երկիրը: Անոր օդը, ծովն ու ցամաքը բաց են ոսոխին համար: Երբ հարաւային շրջանի գիւղերն ու աւանները կիսաւեր են այսօր, երբ Պէքաայի հովիտն ու Լեռնալիբանանը որեւէ պահու կրնան նշաւակ դառնալ սիոնական օդուժին, մահասփիւռ յարձակումին: Անկախութի՞ւն, երբ որեւէ պահու, մայրաքաղաք Պէյրութի սիրտը կրնայ հասնիլ Իսրայէլի արնաթաթախ թաթը: Անկախութի՞ւն, երբ երկրին մէկ մասը գաղթական է ու բնաւեր, տարագրուած իր բնօրրանէն՝ տարրական կարիքներու կարօտ: Անկախութի՞ւն, երբ անորոշութեան եւ մութ ապագայի սեւ պատանքը պլլուած է երկրին շուրջ:
Հոգելլկիչ օրերու մէջ կը նշուի անկախութեան օրը: Այո՛, վիրաւոր է անկախութիւնը այսօր: Այո՛, նահատակուած են Լիբանանի զաւակներուն մէկ մասը եւ միւսները՝ կենդանի նահատակներ…
Սակայն, երէկուան Փիւնիկէն, ի հեճուկս ամէն ցաւի ու տառապանքի, փիւնիկի նման պիտի յառնի ապահովապէս: Ա՛յս ոգին կտակեցին անկախութեան սերունդին անկախասէր այրերը: