Ընկերուհի Ազնիւ Կիտուրեանի 1998 թուականին լոյս տեսած «Հայը եւ հայուն աշխարհը» գրքոյկէն քաղուած սոյն յօդուածը քառորդ դար ետք «Հայ Կնոջ Էջ»-ով դարձեալ վերահրատարակելու պատճառը, անոր մէջի արտայայտուած ցաւերն ու առաջարկուած դեղամիջոցներուն ժամկէտը տակաւին ուժի մէջ ըլլալն է պարզապէս:
«Ա.»
Հրաշալիքներու եւ սքանչելիքներու շտեմարան մըն է կինը․ կինը շտեմարանն է նաեւ գեղեցիկ յոյզերու ու ապրումներու։ Կինը կրնայ հրաշքներ գործել՝ եթէ կամենայ. նաեւ կրնայ «աշխարհ» մը կառավարել՝ եթէ կրցած է մշակել ու զարգացնել իր թաքուն կարողութիւնները։
Ինչո՞ւ ծանրացանք կնոջ խառնուածքային առաւելութիւններուն վրայ։ Մասնաւոր ըսելիքներ ունինք կիներուն ուղղուած՝ շեշտելու անոնց դերը ընտանեկան յարկէն ներս։ Եթէ ընդունուած ճշմարտութիւն մըն է վերոյիշեալ credit-ները, որոնք կը զարդարեն կին էակը, այն ատեն մենք պարտաւո՛ր կը զգանք հրաշքներ ակնկալել կնոջ կարելիութիւններէն։ Սքանչելիքներով զարդարուած կինը կը ներկայանայ մարդկութեան երեք հանգամանքներով․
Կինը՝ որպէս ամուսնոյն կողակից․
Կինը՝ որպէս մայր.
Կինը՝ որպէս տանտիկին:
Եթէ կին մը թերանայ զինք ներկայացնող այս երեք «վիճակ»ներէն մէկուն մէջ, այդ կինը ձախողած կ’ըլլայ նաեւ միւս երկու հանգամանքներուն մէջ եւս. մէկ խօսքով՝ իբրեւ կի՛ն, յաջողած մէկը չի կրնար ըլլալ։
Կինը՝ որպէս ամուսնոյն կողակիցը։
Մի՛ զարմանաք եթէ ըսենք, թէ կին մը եթէ ձախողած է որպէս կողակից՝ ձախողած կ’ըլլայ նաեւ թէ՛ որպէս մայր, թէ՛ որպէս տանտիկին։ Զարմանալի՞… այո՛, զարմանալի բայց իրաւ։ Փաստե՞նք… կամ՝ համոզենք։
Կին մը եթէ իր ամուսնոյն հետ երջանիկ ու «սահուն» կեանք մը չունի, արդէն դարձած կ’ըլլայ ջիղերու կոյտ մը՝ միշտ ջղագրգիռ, տակն ու վրայ հոգեվիճակի տէր, յոռետես ու տխուր եւ վերջապէս հոգեկան հիւանդ մը։ Ուրեմն այս վիճակին մէջ գտնուող կնոջմէ ինչպէ՞ս կրնանք ակնկալել լա՛ւ մայր մը եւ կանոնաւոր տանտիկին մը. կարելի չէ։ Կին մը համերաշխ ու սիրով պէտք է ըլլայ ամուսնոյն հետ, որպէսզի նուիրուի զաւակներուն եւ լծուի տան գործերուն իբրեւ յաջողած մայր մը եւ տանտիկին մը:
Մօրմէ մը եւ տանտիկինէ մը սպասուած առաքելութեանց մասին պիտի չխօսինք այսօր. այլ պիտի ծանրանանք միա՛յն ամուսնոյն կողակից հանդիսացող կնոջ մասին։ Թուենք ամփոփ ու յստակ տուեալներ:
– Արդէն եթէ այր եւ կին զիրար կը սիրեն իրա՛ւ սիրով մը, անոնք երբեք հարցեր չեն ունենար։
– Կին մը եթէ առաքինի նկարագիր ունի, ժպտուն դէմք եւ քիչ խօսող լեզու մը, ամուսինը իրեն կը կապէ ուժեղ կապերով։
– Եթէ կին մը խոհեմ է եւ իմաստուն, իր «գործէն դուրս ելած» ամուսինը` շատ դիւրաւ կրնայ ճամբու բերել. մենք շատ խօսուն օրինակներ ունինք մեր շրջապատէն։ Ամուսինը խմող-գինով մը, ամուսինը ուրիշ կնոջ մը կապուած է, ամուսինը թղթախաղի` մոլութեան մատնուած է եւ այլն: Խելացի եւ դիւանագէտ կինը` իր ճկուն վարուելակերպով, անուշ խօսքերով, զուսպ արտայայտութիւններով եւ մանաւանդ հոգեբան վերաբերմունքով կամաց-կամաց ամուսինը ճամբու կը բերէ․ փաստուած եղելութիւններ են վերոյիշեալ օրինակները, ո՛չ թէ համոզիչ «պատմութիւններ»։
Յաջողած կողակից կնոջմէ՛ մը կախեալ է յաջող հայ մայրը եւ հայ տանտիկինը: