Չկայ մայր մը, որ չգանգատի իր երեխաներուն իրար հետ ունեցած կռիւներէն: Զարմանալին այն է, որ հոգեբանական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ մանկութեան շրջանին պզտիկներուն ունեցած կռիւները կը համարուին հասկացողութեան եւ ընկերային յարաբերութիւն կերտելու ոճ մը: Անհասկացողութեան միջոցով պզտիկը կը սորվի իր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները: Զարմանալի է նաեւ, թէ գոյութիւն ունի ընդհանրացած մեթոտ մը, որ կը հաւաստէ զոյգ պզտիկներու համաձայնութիւնն ու իրար կապուածութիւնը: Սակայն, իրականութիւն է, թէ զոյգերն ալ կը կռուին իրար հետ:
Մանկավարժութեան մասնագէտ մը կ’ըսէ, թէ վիճաբանութիւնը բնական հարց մըն է պզտիկներուն մօտ եւ կը բնութագրուի մարմնային շարժումներով կամ իրարու ունեցուածքները բռնագրաւելով: Այս վիճաբանութիւնները կը պակսին որքան պզտիկը յառաջանայ տարիքով: Շատ անգամ անոնք բռնութիւն կը բանեցնեն եւ ձեռքերով ու ոտքերով կը կռուին, մինչ ուրիշ անգամներ կը համագործակցին:
Պզտիկներուն կռիւին վերջ դնելու համար, մայր մը պէտք է ներող եւ հանդարտ գտնուի, որովհետեւ անոնց դիմադրելը կրնայ աւելցնել անոնց կռուելու փափաքը: Անշուշտ կռիւին ձեւը կը տարբերի ըստ պզտիկներու սեռին. աղջիկները կը պոռչտան, մինչ տղաքը ուժ ցոյց կու տան յարձակելու եւ զարնելու:
Զաւակներուն վարքագիծը բարելաւելու համար, մասնագէտը կը խրատէ մօր՝ հետեւիլ հետեւեալ ցուցմունքներուն.
* Ամրապնդել «ուրիշին հետ վարուիր այնպէս՝ ինչպէս կ’ուզես ինք հետդ վարուի» սկզբունքը, եւ այս կարելի է կատարել երբ մայրը տեսնէ իր մէկ զաւկին ցաւն ու նեղութիւնը՝ անոր խաղալիքները ուրիշ մէկը առած ըլլալուն պատճառով: Հոս մայրը իր զաւակին պէտք է խրատէ ուրիշներուն խաղալիքը չառնել, որովհետեւ այդ վնասակար վարուելակերպ մըն է:
* Թելադրելի է պզտիկը վարձատրել երբ ան ընդունելի արարք մը կատարէ. օրինակ՝ երբ եղբօրը խաղալիքը չառնէ: Մինչ, պէտք չէ զինք վարձատրել երբ գէշ արարք մը գործէ, ըլլայ այդ նիւթական թէ բարոյական արարք մը:
* Մօր արտայայտութիւնները պէտք է ըլլան դրական. օրինակի համար, ան կրնայ ըսել. «գիտեմ որ դուն եղբայրդ կը սիրես եւ ուզեցիր իր խաղալիքը փորձել, սակայն զայն չառած նախ պէտք է իրմէ հրաման առնես»:
* Հարկ է կառչած մնալ սկզբունքին վրայ մանկավարժական վարքագիծի դաստիարակութեան գործընթացին մէջ: Պէտք չէ մայրը բան մը ըսէ եւ ապա յաջորդ օրը խօսքը ետ քաշէ, որպէսզի պզտիկը երկու տարբեր խօսքերու առջեւ չգտնուի:
* Մայր մը երբ սխալները կը խոստովանի, այդ արարքը առիթ կու տայ պզտիկին յարաբերելու մէջ ճիշդ օրինակ մը յայտնաբերելու եւ մօրը առաքինի տիպար մը համարելու:
Անշուշտ ոեւէ մայր չի կրնար նախատեսել, որ իր երեխաները չկռուին, սակայն հետեւեալ նկատողութիւններուն ուշադրութիւն դարձնելը կրնայ պակսեցնել անոնց կռիւները:
* Օգնել պզտիկին ընտրելու իր խաղալիքը, առանց անոր վրայ ճնշում բանեցնելու եւ առանց այդ խաղալիքին ընտրութեան պատճառը հարցնելու: Ինչպէս նաեւ պէտք է վստահ ըլլալ, որ ան գիտէ խաղալիքին ինչ ըլլալն ու զայն գործածելու կերպը: Անշուշտ հարկ է, որ այդ խաղալիքը յարմար ըլլայ պզտիկին տարիքին ու աճման յատկութիւններուն:
* Արգիլել պզտիկները իրար հետ վիճաբանելէ եւ հակակշռել անոնց վարքագիծը վճռական ու խոհեմ ոճով, հեռու բռնութենէ եւ խստութենէ: Այս վարուելակերպը մօրմէն կը պահանջէ ըլլալ զօրաւոր կամքի տէր եւ ունենալ իշխողական ուժ, ինչ որ կ’օգնէ իրեն վիճաբանութեան դէմ կենալու: Ան պէտք չէ պզտիկներուն հետ տկար ոճով խօսի, որ կարծես գանգատի նմանի, որովհետեւ այդ ոճին հետ պզտիկը կրնայ մերժումով վերաբերիլ:
* Մօր հոգեկան վիճակը կ’արտացոլայ պզտիկներուն վարքագիծին մէջ: Օրինակի համար, երբ ան զօրաւոր ըլլայ իր մօտեցումին մէջ, պզտիկներուն միջեւ կռիւները կը պակսին, մինչ անոնք կ’աւելնան երբ մտահոգութիւնն ու տխրութիւնը իշխեն մօր վրայ, որովհետեւ ան իր պզտիկներուն հետ հանդարտութեամբ պիտի չվարուի եւ խիստ պիտի գտնուի իր նեղութեան պահուն:
* Տարիքի մօտիկութիւնը կ’աւելցնէ երկու պզտիկներուն միջեւ վիճաբանութիւնները, հետեւաբար, մայրը պէտք է փորձէ բնաւ խտրութիւն չդնել անոնց միջեւ: Պարզ կռիւներու պարագային մայրը պէտք չէ դատաւորի դերը խաղայ, այլ թոյլ տայ որ անոնք փորձեն անձամբ լուծել խնդիրները: Այսուհանդերձ, ան նաեւ զգոյշ պէտք է ըլլայ որ տունը մարտավայրի չվերածուի, այլ պէտք է խոհեմութեամբ տնօրինէ իր զաւակներուն հարցերը, առանց զիջելու անոնց կռիւին ու վիճաբանութեան դիմաց: