Շատերու կարծիքով, դժուար հասկնալի գաղտնիքներու աշխարհ մըն է տղամարդոց աշխարհը եւ կիներու հանդէպ անոնց յարաբերութիւնը: Ի՞նչ կը ծրագրեն անոնք կամ ի՞նչ կը թաքցնեն՝ մեզ որպէս կիներ մեզ կ’ընկղմեցնէ բացատրութիւններու ծովու մէջ, ուրկէ գրեթէ չենք կրնար դուրս գալ:
Մեկնաբանութիւնները ընդհանրապէս վատ ենթադրութիւններու կը տանին, մանաւանդ եթէ անոնք չյարմարին նախատեսուածին: Սակայն որքանո՞վ այս մեկնաբանութիւնները կը համապատասխանեն տղամարդոց իրականութեան հետ: Արդեօք ճշմարտութի՞ւն է իրենց մտածածը: Բարեբախտաբար, իրականութիւնը մեր պատկերացուցածին չափ վատ չ’ըլլար եւ կրնանք բացատրութիւն կամ տրամաբանական արդարացում գտնել տղամարդոց իւրաքանչիւր վերաբերմունքին, որ մեզի տարօրինակ կը թուի:
* «Կը սիրեմ քեզ» չըսա՞ւ: Այս չի նշանակեր, թէ ան քեզ չի սիրեր կամ թէ ձեր յարաբերութիւնը լուրջի չէ առած, որովհետեւ ան թերեւս կը վախնայ այդ բառը ըսելէ եւ իրեն համար այդ կը նշանակէ լուրջ կապ հաստատել, ապա յանձնառու ըլլալ: Ան պարզապէս կ’ուզէ իր սէրը քեզի յայտնել գործերով եւ օր մը անպայման ան կ’ըսէ այդ խօսքը քեզի:
* Իրարու ծանօթանալէ եւ իրար հասկնալէ ետք հեռաձայնի թիւեր փոխանակեցիք. օրեր անցան եւ ան տակաւին չհեռաձայնե՞ց քեզի: Ամէնէն պարզ բացատրութիւնը կ’ըլլայ այս հաւանականութիւններէն մէկը՝ կամ թիւդ ջնջուեցաւ իր հեռաձայնին մէջէն մինչ ինք քեզի հետ կապուելու այլ միջոց կը փնտռէ, կամ քանի անգամ հեռաձայնը ձեռքը առաւ որ հետդ խօսի սակայն վերջին վայրկեանին տատամսեցաւ՝ վախնալով քու հակադարձութենէդ:
* Բարեկամներուն ընկերակցութիւնը աւելի՞ կը նախընտրէ քան հետդ մնալը: Մի կարծեր, որ զանոնք քեզմէ աւելի կը նախընտրէ եւ թէ անոնք քեզմէ աւելի կարեւոր դեր ունին իր կեանքին մէջ: Իրականութիւնը այն է, թէ բարեկամներուն ներկայութիւնը իրեն կու տայ ազատութիւն. ան կրնայ ձայնը բարձրացնել, պատշաճութենէ դուրս բառեր գործածել, ֆութպոլի եւ ինքնաշարժներու մասին խօսիլ, մինչ երբ քեզի հետ ըլլայ, ան ստիպուած է հանդարտ ըլլալ, պատշաճ կերպով խօսիլ եւ սահմանները չանցնիլ: Կասկած չկայ որ ինք իր ենթագիտակցութեան մէջ լաւ գիտէ, թէ ձեր միասնական կեանքը իր անձնական կեանքէն որոշ բան մը պիտի խլէ, հետեւաբար, ան չի փորձեր կառչած մնալ այս կեանքի երեւոյթներէն մէկուն, այդ մէկն ալ կը կատարէ իր բարեկամներուն հետ յարաբերութեան միջոցով:
* Բաւարար չափով քեզ չի՞ շփացներ եւ այս քու կարծիքովդ ապացո՞յց է անձնասիրութեան եւ քեզի հանդէպ անտարբերութեան: Ան կրնայ վարժուած չըլլալ շփացնելու: Ինչպէս նաեւ, ան երբեմն դժուարութիւն կը գտնէ իր սէրը առանց կապանքներու արտայայտելու: Քեզ շփացնելն ու յաւելեալ հոգ տանիլը իրմէ կը պահանջեն ձերբազատուիլ ինքնազսպումէն: Տղամարդը մանկութենէն վարժուած կ’ըլլայ շփանալու իր մօրմէն եւ քոյրերէն, եւ ոչ թէ ինք ուրիշները շփացնելու:
* Իր ընտանիքով աւելի՞ կը հետաքրքրուի քան քեզմով: Կ’ուզես որ ան միայն քո՞ւկդ ըլլայ եւ կը կարծես թէ այդ կը պակսեցնէ քեզի տրամադրելիք ժամանակէ՞ն: Այս մէկը սխալ է, որովհետեւ դուն չես ուզեր «ծառէն կտրուած անձ մը» ունենալ, որ ոչ ծագում ունի եւ ոչ ալ արմատ: Ընտանիքը իր գոյութեան մէկ մասնիկն է, զինք ընդունիլը կը նշանակէ իր ընտանիքն ալ ընդունիլ: