Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԱՍԷՄ. «ԿԸ ԿՌՈՒԻՆՔ ՈՒ ԿԸ ԲԱՆԱԿՑԻՆՔ»

November 21, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՔԱՍԷՄ. «ԿԸ ԿՌՈՒԻՆՔ ՈՒ ԿԸ ԲԱՆԱԿՑԻՆՔ»

 

 

Հըզպալլայի երեսփոխաններէն Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ զինադադարին վերաբերեալ իրենք նկատողութիւններ եւ առաջարկներ ներկայացուցած են խորհրդարանի նախագահին, աւելցնելով որ դրական կը վերաբերին բանակցային ջանքերուն նկատմամբ: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Նայիմ Քասէմ յայտնեց, որ զինադադարի հարցը այժմ կախեալ է իսրայէլացիներէն, յիշեցնելով որ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը արդէն անգամ մը դրժած էր զինադադարի ամերիկեան-ֆրանսական առաջարկը գործադրելու խոստումը՝ ահաբեկելով կուսակցութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլան: «Այնպէս չէ որ մենք կրակի տակ կը բանակցինք, որովհետեւ իրենք եւս ծանր հարուածներ կը ստանան նոյն միջոցին», ըսաւ Քասէմ՝ աւելցնելով, որ մայրաքաղաք Պէյրութի թիրախաւորումին դիմաց կը թիրախաւորուի Թել Աւիւի կեդրոնը: «Թշնամին կը խորհի, թէ ամէն ինչ պիտի առնէ բանակցութեամբ, սակայն այդ սխալ է», շեշտեց Քասէմ ու հաստատեց, որ իրենք բանակցութեան զուգահեռ կը շարունակեն նաեւ մարտերը: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին խօսքով, կարեւորը ոչ թէ լիբանանեան գիւղերուն մէջ իսրայէլեան ներթափանցումն է, այլ թշնամի ուժերուն կրած ծանր կորուստները: «Մենք կարողութիւն ունինք նոյն թափով երկար ժամանակ կռուելու, իսկ Իսրայէլ չի կրնար մեզի յաղթել կամ իր պայմանները պարտադրել», հաւաստիացուց շէյխ Նայիմ Քասէմ:

Share62Tweet39
Previous Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

Next Post

ՀԱՄԵՄԱՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՀԱՄԵՄԱՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՄԵՄԱՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.