Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՄԵՄԱՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

November 21, 2024
in Լիբանանեան
0
ՀԱՄԵՄԱՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Բանակցային մարաթոնային խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ, պատերազմի նախորդ օրերուն հետ բաղդատած, կացութիւնը երէկ համեմատաբար զգուշաւոր հանդարտ էր Պէյրութի եւ հարաւային արուարձաններուն մէջ: Սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել հարաւի որոշ շրջաններու մասին, ուր շարունակուեցան թէ՛ օդային հարուածները, թէ՛ ցամաքային գործողութիւնները: Իրավիճակը ծանր էր մանաւանդ հարաւարեւելեան Խիամ քաղաքին շուրջ, ուր իսրայէլեան ուժերը վերստին փորձեցին քաղաքի կեդրոնը հասնիլ արեւելեան, հարաւային եւ հիւսիսային հատուածներէն: Հըզպալլա սակայն յայտարարեց, թէ հրետանային եւ հրթիռային հարուածներով թիրախաւորած է Խիամի մերձակայ շրջաններուն մէջ կուտակուած իսրայէլեան ուժերը՝ խափանելով անոնց քաղաքի կեդրոն մուտքը: Հարաւի բախումներուն ընթացքին անցնող ժամերուն մահացաւ երեք իսրայէլացի զինուոր:

Հըզպալլա երէկ հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր արձակեց նաեւ իսրայէլեան սահմանային բնակավայրերուն եւ Աքքա քաղաքին ուղղութեամբ: Իսկ իսրայէլեան շտապ օգնութիւնը իր կարգին նշեց, թէ խուճապի մատնուած շարք մը քաղաքացիներ փոխադրած է հիւանդանոց: Ի դէպ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ 2023-ի 7 Հոկտեմբերին սկսած Կազայի, ապա Լիբանանի բախումներուն ընթացքին մահացած զինուորներուն թիւը բարձրացած է 800-ի:

Լիբանանի Տեղեկատուութեան նախարարութիւնը, մամլոյ եւ լրագրողներու սենտիքաները, ինչպէս նաեւ Լսատեսողական լրատուութեան ազգային խորհուրդը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեցին հարաւի ռազմական գօտիին մէջ աշխատող լրագրողներուն՝ ի տես անոնց նկատմամբ արձակուած իսրայէլեան սպառնալիքներուն:

Share62Tweet39
Previous Post

ՔԱՍԷՄ. «ԿԸ ԿՌՈՒԻՆՔ ՈՒ ԿԸ ԲԱՆԱԿՑԻՆՔ»

Next Post

  ԲԱՆԱԿԷՆ ԶՈՀԵՐ

Next Post
  ԲԱՆԱԿԷՆ ԶՈՀԵՐ

  ԲԱՆԱԿԷՆ ԶՈՀԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.