Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՈՔՇԹԱՅՆ ՄԱՐԱԹՈՆԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

November 21, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀՈՔՇԹԱՅՆ ՄԱՐԱԹՈՆԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

 

«Իսկական հնարաւորութիւն կայ զինադադար յայտարարելու Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ»: Այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Ժան Նուէլ Պարօ, երկու կողմերէն պահանջելով չկորսնցնել այս կարեւոր առիթը: Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Ամուս Հոքշթայն երէկ եւ նախանցեալ օր նախ Պէյրութի, ապա Թել Աւիւի մէջ լիբանանցի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ ունեցած մարաթոնային քննարկուններէն ետք յայտնեց, թէ յառաջ կը մղուի զինադադարին վերաբերող ամերիկեան առաջարկը, որ կը պահանջէ վերջ տալ զինուորական գործողութիւններուն, յայտարարել զինադադար, իսրայէլեան ուժերը դուրս բերել լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն եւ Հըզպալլան հեռացնել հարաւային սահմանէն՝ առնուազն մինչեւ Լիթանի գետը: Ամերիկացի բանագնացը երէկ երկրորդ տեսակցութիւնը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, ապա զինադադարի նիւթը արծարծեց նախկին նախագահ Միշէլ Աունի հետ: Պըրրի Հոքշթայնի հետ խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ յայտնեց, որ այս ամերիկացի պատուիրակին վերջին շրջագայութիւնը պիտի ըլլայ, որովհետեւ «բանակցութիւնները այս անգամ ունին որոշ հիմք»: Պըրրի խորհրդարանի դիւանի խորհուրդը հրաւիրեց Երկուշաբթի օր գումարուելիք ժողովի՝ քննարկելու համար ընթացիկ թղթածրարները:

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլաս յայտնեց, որ «բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրած ենք, առանց հրաժարելու մեր գերիշխանութենէն, միաժամանակ տապալելով Լիբանանի մէջ ազատ շարժելու իսրայէլեան պահանջը»: Իսկ Լիբանանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը անգամ մը եւս ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն պատուիրակութենէն պահանջեց հերթական բողոքը ներկայացնել Իսրայէլին դէմ՝ քաղաքացիական անվտանգութեան աշխատակիցներ թիրախաւորելուն համար:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատարը սակայն ահազանգեց, որ եթէ 1701 բանաձեւը ամբողջութեամբ չգործադրուի, ապա այդ պիտի առաջնորդէ նոր պատերազմի: Իսկ ամերիկեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը շեշտեց, որ իրենք նախ կ’ուզեն հանդարտութիւն տեսնել Իսրայէլի հիւսիսային սահմանին վրայ, նախքան լիբանանեան բանակի զինումին նիւթը քննարկելը:

Share63Tweet39
Previous Post

Մարզական

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.