Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ԱՌԱՍՊԵԼԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԵՐԷՆ

November 19, 2024
in Յօդուածներ
0

 

17 Հոկտեմբեր 2024-ին համայն աշխարհը կը հետեւէր պաղեստինեան Ռաֆահի Թալ Ալսուլթան շրջանին մէջ կատարուող շշմեցուցիչ իրադարձութեան՝ Համաս-ի 62-ամեայ առաջնորդ Եահիա Սինուարի նահատակութեան դէպքին:

Աշխարհը ականատես կ’ըլլար 22 տարի իսրայէլեան բանտերուն մէջ տուայտած ղեկավարի կեանքի վերջին վայրկեաններու հերոսութեան: Ղեկավար մը, որ ե՛ւ առաջնորդ էր ե՛ւ մարտիկ: Աղքատութեան եւ տառապանքի արգանդէն ծնած առաջնորդ մը, որ իր նահատակութեամբ անմիջապէս վերածուեցաւ Պաղեստինի ազգային ազատագրութեան խորհրդանիշի, իսկ յառաջադէմ մարդկութեան մտապատկերին մէջ ահաբեկիչի տիպարէն՝ ազգային պայքարի ամենանշանաւոր խորհրդանիշներէն մէկուն:

Ան զոհուեցաւ մարտի դաշտին վրայ, փայտեայ զէնքը ձեռքին, թշնամիին դէմ կռուելով մինչեւ վերջին շունչը։

Աշխարհը ճանչցաւ Սինուարը: Սակայն չի ճանչնար հայ ազգի հերոսները, որոնք անոր նման, եթէ ոչ աւելի, անցեալին հերոսաբար դէմ տուած են քանակով եւ ռազմամթերքով իրենցմէ տասնապատիկ անգամ աւելի հզօր թշնամիին: Դժբախտաբար մեզմէ շատերն ալ չճանչցան զանոնք: Անոնց ժամանակ տեսերիզներ ալ չկային աներեւակայելի հերոսութիւնները փաստարկող: Եւ ի զուր չէ, որ ատենին բանաստեղծներն ու ժողովուրդը անոնց արդար գովքը հիւսած են երգերով կամ դիւցազներգութիւններով:

Ահա՜ հայ ժողովուրդի ազգային ու ընկերային ազատագրութեան դատի ռահվիրաներէն զոյգ օրինակներ: Թշնամին զիրենք ահաբեկիչ, խափանարար կ’անուանէր: Սակայն անոնք մեր յիշողութեանց մէջ պիտի մնան որպէս մարդկային վեհ գաղափարներու եւ հայութեան ընդհանրական երազներու իրականացման ճամբուն վրայ նահատակուած կուռքեր:

 

«Ա.»

Share63Tweet40
Previous Post

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԳԵՏԻՆ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ – Ա. 

Next Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.