Սփիւռքի մէջ, յաճախ, ահազանգ կը հնչեցնենք արեւմտահայերէնի նահանջին մասին, որովհետեւ գրեթէ ամէն օր տխրօրէն ականատես կ’ըլլանք, թէ ի՛նչպէս այս փառաւոր լեզուին գործածութեան ծիրը հետզհետէ կը կծկուի, օղակը կը նեղնայ։ Արեւմուտքէն ետք՝ հիմա այլեւս միջինարեւելեան մեր գաղութներն ալ սկսեր են թերանալ արեւմտահայերէնին տէր կանգնելու, զայն բծախնդրօրէն պահպանելու, անոր վրայ գուրգուրալու եւ զայն դէպի ապագայ փոխանցելու իրենց բնական պարտականութեան մէջ։ Եւ ուստի, կը գունաթափի լեզուն, կ’աղճատի, կ’աղաւաղուի՝ գրաւոր թէ բերանացի իր զոյգ արտայայտութեանց մէջ, մամուլով թէ բեմերէն։ Ո՜ւր մնաց նախաեղեռնեան Գեղապաշտ Սերունդի շքեղ հայերէնը, ո՜ւր մնաց Սփիւռքի հին շրջաններու գրողներուն կամ հրապարակագիրներուն պերճափայլ հայերէնը։ Չկայ։
Ասիկա մետայլին մէկ երեսն է միայն։ Կայ միւս երեսն ալ, որ կը վերաբերի արեւմտահայերէնի ուղղագրութեան։ Հո՛ս եւս շատ թերացած ենք։
Մեր մեծագոյն դժբախտութիւններէն մէկն է հայերէնի ուղղագրութեան երկուութիւնը, երկփեղկեալ վիճակը։ Ահա արդէն շուրջ հարիւր տարիէ իվեր հայերէնի ուղղագրութիւնը միասնական չէ։ Կայ Սփիւռքի մէջ կիրարկուող դասական բազմադարեան ուղղագրաձեւը, որ կը կոչենք մեսրոպեան ուղղագրութիւն, եւ կայ Խորհրդային Հայաստանի առաջին տարիներուն (1922-ին) որդեգրուած ու յետոյ ալ Հայաստանի Հանրապետութեան ժառանգ թողուած կերպարանափոխեալ նոր ուղղագրաձեւը, որ առաւելաբար ծանօթ է աբեղեանական ուղղագրութիւն անունով։ Սովետ վարչակարգի շրջանին այս խեղաթիւրեալ ուղղագրութիւնը պարտադրուեցաւ ոչ միայն Խորհրդային Միութեան տարածքին ապրող ամբողջ հայութեան (Վրաստան, Ատրպէյճան, Ռուսաստան եւ այլուր), այլեւ Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ նման արեւմտահայ պատմական հին գաղութներու, որոնք Բ. Աշխարհամարտէն ետք ինկած էին Մոսկուայի շուքին տակ…։ ՍոՖիայի «Երեւան» (1944-էն) ու Պուքրէշի «Նոր Կեանք» (1950-էն) հայկական զոյգ շաբաթաթերթերը առաջին իսկ օրէն հրատարակուեցան ու դեռ կը շարունակեն հրատարակուիլ աբեղեանական ուղղագրութեամբ։
Հայ սփիւռքը, որ մինչեւ անցեալ դարավերջ կամ 2000-ական թուականներ իրեն ընձեռուած կարելի բոլոր միջոցներով հաւատարմօրէն տէր կանգներ էր իր աւանդական ուղղագրութեան, այսօր ձեռնթափ է արդէն։ Ան այլեւս տէրն ու պաշտպանը չէ՛ իր ուղղագրութեան։ Արեւմտահայերէնի նահանջին կողքին ու անոր քովն իվեր՝ այսօր ականատես վկաներն ենք մեսրոպեան դասական ուղղագրութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ընդվզեցուցիչ անտարբերութեան մը,– պիտի ըսենք նոյնիսկ՝ անտեսումի մը,– որ կու գայ նո՛յն այդ լեզուին եւ ուղղագրութեան բնական պաշտպանն ու վահանը կարծուած 4 մայր հիմնարկութիւններէ. մամուլ, միութիւններ, դպրոց եւ եկեղեցի։
Ի՞նչ ըսել կ’ուզենք։
Բացէ՛ք արտասահմանեան հայ մամուլը (Պէյրութէն մինչեւ Ամերիկա) ու տեսէք թէ ուղղագրական սխալագրութիւնները ի՜նչ ահաւոր համեմատութեամբ կը վխտան մեր թերթերու էջերուն վրայ…։ Փաստօրէն, արեւմտահայ մամուլը (քիչ բացառութեամբ) այլեւս հոգածու չէ մեր լեզուին։
Մօտէ՛ն հետեւեցէք մեր մշակութային միութիւններուն։ Մա՛նաւանդ Արեւմուտքի մէջ՝ անոնց լեզուն հայերէնը չէ արդէն։ Անոնց ծանուցումներն իսկ, մեծ մասամբ, տեղական լեզուով են (կարդացէ՛ք Փարիզի «Նոր Յառաջ»–ին ծանուցումներու էջերը)։
Մտէ՛ք միջինարեւելեան մեր ամէնօրեայ դպրոցներու (Հալէպէն մինչեւ Պոլիս, Քուէյթ ու Գահիրէ) դարպասներէն ներս ու փորձ-քննութեան ենթարկեցէք բարձր կարգերու մեր աշակերտութեան ուղղագրական կարողութիւնը։ Յուսախաբ պիտի ըլլաք. պիտի վհատիք ու շշմի՜ք, որովհետեւ անձամբ պիտի հաստատէք, թէ մեր վարժարաններուն շուքին տակ հասակ առնող նոր սերունդը (մէկ քանի անհատ բացառութիւններէ դուրս) բնաւ չի տիրապետեր հայերէնի ուղղագրութեան, անոր ծանօթ կանոններուն եւ օրէնքներուն, յաճախ՝ դոյզն չափով ու տարրական մակարդակով իսկ…։ Փաստօրէն, սփիւռքեան մեր դպրոցները, լայն չափով, կը թերանան կամ չեն յաջողիր հայ պատանի-պատանուհիին տոկուն հայերէն մը սորվեցնելու իրենց բնական առաքելութեան մէջ։
Մամուլէն ու դպրոցներէն ետք, ընկրկումի նշաններ ցոյց կու տայ նաեւ եկեղեցին։ Եւրոպայի ու Ամերիկայի մեր եկեղեցական թեմերէն կամ ծուխերէն ոմանք, տեղական լեզուին առընթեր, հիմա սովորութիւն դարձուցեր են իրենց պաշտօնական հաղորդագրութիւններն ու լրատուութիւնները խմբագրել ու հրապարակել… աբեղեանական ուղղագրութեամբ։ Ի՞նչ դրդապատճառով կամ ո՞ր տրամաբանութեամբ՝ յստակ չէ։
Շ.
(Շարունակելի՝ յառաջիկայ Երեքշաբթի)