Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴԱՆԻԷԼ ՉԱՒՈՒՇԻ ԽՈՒՄԲԻՆ

November 19, 2024
in Այլազան
0
ԴԱՆԻԷԼ ՉԱՒՈՒՇԻ ԽՈՒՄԲԻՆ

 

Տասնըմէկ էին, Գարահիսարէն,

Փոթորկի նման վար իջան սարէն

Սուրբ Հայրենիքին արդար վրէժքէն,

Իրենց զրահ ըրած եւ բռնուած երկունքէն

Յեղափոխութեան, կռուիլ ուխտեցին

Բռնապետութեան դէմ դժոխածին։

 

Դանիէլ Չաւուշի կը կոչուէր այն խումբ,

Թափել ուզեցին կայծակ ու ծծումբ,

Գլուխներուն վրայ կեղեքիչներուն,

Անխիղճ՝ պէկերուն, ցած աղաներուն,

Որոնք արիւնով հէգ ժողովուրդին

Կը յղփանային, կը գինովնային:

 

Խումբին համբաւը տարածուեցաւ շուտ,

Եւ վատ թշնամին եղաւ ծակամուտ,

Ու Սեբաստիոյ գիւղերը հայ շէն

Ազատ մնացին ընդհանուր ջարդէն,

Մինչեւ ցարդ Շապին Գարահիսարը

Կը պաշտեն իրենց Ազատարարը…:

 

Գարա Պայիրի ձորն անիծապարտ,

Ուր մղուեցաւ այն սեւ գոյամարտ,

Հազարներու դէմ մինակ ՏԱՍՆԸՄԷԿ,

Ճակատամարտէն վերջ, ողջ մնաց ԵՐԵՔ,

Երիտասարդներ, ութն ալ գլխատուած,

Ութին գլուխներ Զառա փոխադրուեց:

 

Գարահիսարէն, Մեծ Արմտանէն

Զառա եւ Կամիս ու Էնտէրէսէն,

Գրիգոր, Գառնիկ, Գուրգէն, Սամուէլ,

Երկու Մկրտիչք, Սեդրաք, Դանիէլ,

Կ’օրհնէ հայրենիք Ձեր յիշատակն սուրբ,

Հնչակեան դրօշին նահատակ Քաջ խումբ։

Share63Tweet39
Previous Post

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՄ ԿԷՕՏԷԼԷՔԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ԽՈՒՄԲԸ

Next Post

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԳԵՏԻՆ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ – Ա. 

Next Post

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԳԵՏԻՆ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ - Ա. 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.