«Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւնը» (2014, Անթիլիաս) հատորի էջ 505-ին վրայ կը կարդանք «Հայ հրոսակախումբի մը բնաջնջումը» խորագիրը կրող դրուագ մը: Աչքէ անցընենք անոր վերջին հատուածը, ապա կատարենք հետաքրքրական բացայայտում մը:
Ուրեմն այսպէս.- «Հայ հրոսակախումբի մը բնաջնջումը»
1911-ի ատենները, Տիգրան եւ Համբարձում Կէօտէլէքեան եղբայրներ, Յակոբ Պըզըղըրեան եւ Ճին Թորոս Տարտաղանեան անունով չորս կտրիճ հաճընցի երիտասարդներ, հայրենասիրական զգացումներէ մղուած, խումբ մը կը կազմեն եւ լեռները քաշուած՝ թուրքերուն վրայ յարձակումով եւ ասպատակութեամբ կ՚ապրէին:
1913 Յունուարին, անոնք Հաճընի երեւելիներէն Յարութիւն էֆէնտի Թերզեանի տունը կը մտնեն: Կառավարութիւնը անմիջապէս պաշարման տակ կ’առնէ յիշեալ տունը։ Երեք օր շարունակ քաղաքին մէջ կատարեալ հրացանաձգութիւն ըլլալէ յետոյ, հայ հրոսակները տեսնելով որ այլեւս պիտի չկարենան դիմադրել, ռազմամթերքի նուազութեան պատճառաւ, կ’որոշեն հսկայ շէնքը հրդեհել, այն մտքով, որ երբ ոստիկանները հրդեհը մարելով զբաղին՝ իրենք խոյս տալով կ’ազատին։ Եւ իրենց ծրագիրը գործադրելու համար, քարիւղ թափելով տունը կը հրկիզեն եւ կը ջանան խոյս տալ։ Սակայն, ոստիկանները հրդեհին առանց կարեւորութիւն տալու՝ զանոնք մէկիկ-մէկիկ զարնելով` դիտապաստ գետին կը փռեն փախուստի պահուն:
Ժողովուրդը, անոնց դիակները վերցնելով, չորսը միասին կը թաղէ մէկ գերեզմանի մէջ՝ Սբ. Յակոբայ գերեզմանատունը»:
***
Այժմ խօսինք լուսանկարին մասին: Վերոյիշեալ հատորներուն մէջ հրոսակախումբին մասին լուրը կը պատմուի, սակայն չորս հերոսներուն լուսանկարները չկան: Հաստափոր երկու գիրքերուն մէջ նշուած անուններէն միայն Ճին Թորոս Տարտաղանեանի լուսանկարը մեջբերուած է, այն ալ առանձին բաժինով: Հոն կը նկարագրուի, թէ ինչպէս Ճին Թորոսի քաջագործութեան եւ արթնամտութեան շնորհիւ, «Գարսպազարի հայութիւնը կ’ազատի ստոյգ կոտորածէ մը 1909 թուականին, Կիլիկիոյ աղէտի ատեն»:
Տարիները կը սահին ու յանկարծ վերջերս, Մոնրէալէն տիար Ժիրայր Ժամկոչեան համացանցէն կը ստանայ այս լուսանկարը: Ան ալ իր կարգին զայն կը փոխանցէ Հայրենիքի մէջ բնակող մօրաքրոջ տղուն՝ հայրենակից Տիգրան Չալեանին: Կապ հաստատեցինք յարգելի պարոն Չալեանին հետ եւ այս լուսանկարին մասին իրմէ ստացանք չափազանց հետաքրքրական տեղեկութիւններ: «Մեծ մօրս՝ Ովսաննա Չալեան-Կէօտէլէքեանի երկու եղբայրները՝ Տիգրան եւ Համբարձում (հօրս՝ Կարապետ Չալեանի մօրեղբայրները) երկու այլ ֆետայիներու հետ՝ Յակոբ Պըզըղըրեան եւ Ճին Թորոս Տարտաղանեան, հռչակաւոր չորս քաջարի հաճընցիներ կազմած էին պարտիզանական խմբակ մը: Անոնք ահ ու սարսափ սփռած էին Հաճընի եւ Գարսպազարի շրջաններուն մէջ: Կ’ապրէին լեռներուն մէջ եւ երկար տարիներ թուրք կառավարութեան պատուհասը դարձած էին: Ամենահռչակաւորը Տիգրան Կէօտէլէքեանն էր: Իմացած եմ, որ Ովսաննա մեծ մայրս շատ ուրախացած է իր նահատակ եղբօր անունով մկրտուելուս համար՝ Տիգրան»:
Մեր յարգելի հայրենակիցը շարունակելով կ’ըսէ.- «Անոնք Ատանայի կռիւներուն վերջին անգամ ապաստանած են դպրոցի մը մէջ: Երկար ընդհարումէ ետք թուրքերը կրակի տուած են փայտաշէն կառոյցը: Համբարձումը յաջողած է փախուստի դիմել եւ փրկուիլ: Երեքին դաժանաբար սպաննած եւ անշնչացած մարմինները ձիերով ցուցադրաբար քարշ տուած: Համբարձումը հետագային կը մեկնի Պրազիլ, կ’ամուսնանայ եւ հոն ալ կը մահանայ: Կը պատմեն, թէ մեծ մայրս այս մասին շատ անգամներ անդրադարձած, անոնց շուրջ հիւսուած թրքերէնով երգերը երգելով արտասուած է»:
Մեր կողմէ ալ երկու եզրակացութիւն:
Առաջին. Յակոբ Պ. Պօղոսեանի երկասիրած գիրքին մէջ գրուած սա մասը «ոստիկանները … զանոնք մէկիկ-մէկիկ զարնելով` դիտապաստ գետին կը փռեն փախուստի պահուն:
Ժողովուրդը, անոնց դիակները վերցնելով, չորսը միասին կը թաղէ մէկ գերեզմանի մէջ՝ Սբ. Յակոբայ գերեզմանատունը» տողերուն մէջ արձանագրուած «չորսը» սխալ է: Պէտք է ըլլայ «երեքը»: Հերոս Համբարձում Կէօտէլէքեանը կրցած է փախչիլ, ապա հասնիլ Պրազիլ, ամուսնանալ, ունենալ զաւակ ու հաւանաբար թոռներ: Անոր գերեզմանն ալ հոն կը գտնուի, Սէն Փաուլոյի մէջ:
Երկրորդ. Յայտնագործուած արժէքաւոր լուսանկարը կը ներկայացնէ Կէօտէլէքեանի հրոսակախումբը, ձախէն՝ աջ, Տիգրան Կէօտէլէքեան, Ճին Թորոս Տարտաղանեան, Յակոբ Պըզըղըրեան (Պէզկիրեան?) եւ Համբարձում Կէօտէլէքեան: Լուսանկարը պարոն Ժիրայր Ժամկոչեանին հասած է Կիլա Հատտատի ֆէյսպուքեան էջէն, 28 Հոկտեմբերին: Ըստ երեւոյթին վերջինս կ’ապրի Պրիւքսէլի մէջ եւ կը զբաղուի նաեւ «antique» լուսանկարներ հաւաքելով: Հրատարակած լուսանկարին վրայ ան թրքերէնով գրած է հետեւեալը.-«Հաճընցի հայ միլիսներ, ձախէն աջ՝ Տիգրան Կէօտէլէքեան, Ճին Թորոս Տարտաղանեան, Յակոբ Պէզկիրեան, Համբարձում Կէօտէլէքեան: Թորոս Տարտաղանեան 1909 թուականի Ատանայի ջարդերուն, Ղարս Պազար (ներկայիս Ատանայի Գատիրլի գաւառակը) բնակավայրին վրայ յարձակող ամբոխներուն դէմ ինքնապաշտպանութիւն կատարած է»: Սոյնին տակ արձանագրուած է 79 «like» եւ 2 «comment»-ներ հետեւեալ մակագրութիւններով՝ «Ես յարգանքով կը խոնարհիմ անոնց յիշատակի ու պայքարին առջեւ» (Եիլմազ Չէլէպի) եւ «Ողջոյն քաջերուն» (Սիփան Պարան):
«Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը», 1942 Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա հատորի տպագրութեան մէջ՝ էջ 584-ի վրայ
ՆԱԶՕ Ճ.