Հայրս բացառիկ կարողութիւն ունէր դէպք մը նկարագրելու կամ պատմելու: Ան կրնար նոյն պատմութիւնը տասնեակ անգամներ պատմել եւ ամէն անգամ նոր շեշտերով ու «համեմունքներով» կլանել ունկնդրողին հետաքրքրութիւնը։ Ինծի համար անփոխարինելի հաճոյք էր Կիրակի կէսօրէ ետք երկննալ հօրս կողքին եւ լսել հետաքրքրական պատմութիւն մը։ Երբեմն պատմութիւնը կ’ընդհատուէր հօրս անսպասելի մրափով, սակայն իմ համբերութիւնս չէր հատներ: Մագնիսացած կը գամուէի անկողինին վրայ, քաջ իմանալով, որ քանի մը վարկեան դադարէ ետք, պատմութիւնը անպայման պիտի շարունակուէր եւ հասնէր իր աւարտին։
– Հայրի՛կ, մեծահարուստ հօր եւ իր երեք աղջիկներուն պատմութիւնը կը պատմե՞ս հաճիս: Մանուկի բնազդովս խորհրդաւորութիւն մը կը զգայի այդ պատմութեան մէջ, երբ հայրը իր երեք աղջիկներուն նոյն հարցումը կ’ուղղէր՝ ըսելով. «Աղջի՛կս, որքա՞ն կը սիրես զիս»:
Աւագ քոյրերը շռայլ ու քաղցր խօսքերով կը հաւաստիացնէին, որ իրենք անսահման ու անսասան սէր կը տածեն իրենց հօր նկատմամբ։ Նոյն հարցումը երբ մեծահարուստը կ’ուղղէր իր կրտսեր աղջկան, ոչ գոհացուցիչ պատասխան մը կը ստանար. «Հա՛յր, քեզ կը սիրեմ այնքան, որ հայր ու դուստր կապը կը թելադրէ, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս»։ Մեծահարուստը հիասթափուած իր կրտսեր դստեր պատասխանէն, ակնթարթի մը մէջ կ’որոշէր իր բոլոր ունեցուածքը՝ ժառանգը, բաժնել աւագ դուստրերուն միջեւ, անկէ չարաչար զրկելով «սառնասիրտ» կրտսերը:
Օրերը՝ ինչպէս բոլորին, նոյնպէս ալ մեծահարուստին չեն խնայեր: Կեանքի բնական ընթացքով՝ ծերութիւնը կը յայտնուէր, որուն կ՚ընկերակցէր վատառողջութիւնն ու անկելութիւնը: Ծերունին առանց վարանելու իր աւագ դուստրերուն կը դիմէր, որոնց սիրոյն եւ խնամելու պատրաստակամութեան վրայ ամէնէն դոյզն կասկածն իսկ չունէր։
Հոս պատմութիւնը աւելի գրաւիչ կը դառնար, երբ ծերունին չարաչար կը մերժուէր իր «գորովալից» դուստրերէն եւ չէր արժանանար անոնց հոգածութեան ու գութին: Յուսախաբ ու ճարահատ՝ հայրը կը դիմէր իր կրտսեր աղջկան եւ ի զարմանս իր ակնկալութեան, դուստրը գրկաբաց կ՚ընդունէր ու կը խնամէր զինք մինչեւ մահ, անսակարկ սիրով եւ նուիրուածութեամբ:
Ծերունին զղջումի եւ ինքնամեղադրանքի պահեր կ’ապրէր, երբ կ’անդրադառնար, թէ ինք անարդարօրէն զրկած էր իր ազնուասիրտ դուստրը ժառանգի արդար բաժինէն: Սաստիկ կը խղճահարուէր, բայց ի զուր…։
Տարիներ այս պատմութիւնը լսեցի հօրմէս, առանց իմանալու անոր հեղինակը: Վերջապէս օր մը, երկրորդականի ուսումնական գրասեղաններուն վրայ իմացայ, որ մեծահարուստին պատմութիւնը անգլիացի մեծանուն գրագէտ՝ Շէյքսփիրի հռչակաւոր գործերէն «Քինկ Լիր»ն էր։
Վերջերս, երկու դուստրերուս ընկերակցութեամբ, այցելեցի Սէն Մարինոյի մէջ գտնուող «Հանթինկթըն գրադարան, արուեստի թանգարան եւ պարտէզներ» (Huntington library, art museum and botanical gardens) համալիրը: Նախապէս այցելած էի համալիրը եւ մանրամասնօրէն պտըտած ու սերտած, բայց ամէնէն շատ զիս հետաքրքրած էր «Արուեստի թանգարան»ին շէնքը, ուր կը ցուցադրուին նկարչական արուեստի հատընտիրներ ու գլուխգործոցներ։
Կրկին մեծ հաճոյքով պտըտեցայ գեղանկարներուն միջով, յատկապէս երբ դուստրերս կողքս էին եւ կարգ մը գործերուն հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնս, հիացմունքս կամ տպաւորութիւններս կրցայ բաժնեկցիլ իրենց հետ։
– Տեսէ՛ք աղջիկներ, սա կինը եթէ պալատական ընտանիքի մը մէջ ծնած չըլլար, ո՞վ պիտի ուզէր իր տգեղութիւնը նկարել այս հսկայ պաստառին վրայ։ Դիտեցէ՛ք սա գծանկարը եւ եթէ կրնաք զսպեցէ՛ք ձեր հիացմունքը։ Սա տեսարանը հրաշալի է, կ’ուզես մաս մը դառնալ անկէ։ Այս ալ հոյակապ վրձին է… ։
Յանկարծ դէմս կ’ելլէ իւղանկար մը, ուր Լիր արքան կը յայտնուի ալեհեր, այլակերպուած ու խղճալի ծերունիի տեսքով, որ ոչինչ կը յուշէ թագաւորի մը կերպարէն։ Իր կողքին կը գտնուի իր կրտսեր դուստրը, խնամակալի դերին մէջ:
Պատկերը տխուր իրականութիւն մը կը պարզէր, սակայն ես ապրեցայ անակնկալ ոգեւորութիւն մը, կարծես թէ իմ վաղեմի հարազատներս գտած էի եւ իրենց ներկայութեամբ անյայտ ոյժ մը փոխադրած էր զիս դէպի մանկութիւն, դէպի հօրենական տունս, ուր Կիրակի կէսօրէ ետք հօրս կողքին երկնցած՝ կը լսէի աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ պատմութիւնները:
Դուստրերս քիչ մը անդին այլ գեղանկարով մը հետաքրքրուած էին, անմիջապէս կանչեցի զիրենք եւ իրենց ուշադրութեան յանձնեցի Լիր արքային իւղանկարը, կողքի բացատրողականը եւ մեծ խանդավառութեամբ պատմեցի հօրս կապուած քաղցր յիշողութիւններս…։
Անցեալին, այս բովանդակ պատմութիւնը վրդովմունք կը պատճառէր ինծի, նախ կը դատապարտէի Լիր արքային անարդար վերաբերմունքը, երբ ան հաւատալով իր աւագ դուստրերուն՝ Քոներիլի եւ Ռիկընի, մեղրածոր խօսքերուն, իր ժառանգը նուիրեց անոնց, ապա կը ցաւէի, որ կրտսեր Քորտելիան ոչինչ ստացաւ, որովհետեւ իր զգացումները արտայայտեց պարզ բառերով, առանց շաքարապատումի, կեղծիքի եւ աւելորդաբանութեան։
Այսօր այս պատմութիւնը կ’ընկալեմ այլ ձեւով, ուր ոչ մեղադրանք կ’ապրիմ, ոչ ալ ցաւ։ Հոս այլեւս չեմ տեսներ իրաւազրկուած դուստր մը եւ անարդար թագաւոր մը, հապա կը տեսնեմ հիւանդ ու խղճալի վիճակով ծերունի մը, որ կարիքը ունի հոգածութեան։ Կը տեսնեմ բարի ու գթասիրտ դուստր մը, որ նեցուկ կանգնած է իր անկեալ հօրը:
Ինծի համար նոր արար մը կը բացուի, ուր բոլոր սխալները, յանցանքներն ու մեղքերը կը սրբուին ու կ՚անհետանան սիրոյ ու կարեկցանքի քաւարանին մէջ: Փոքր դուստրը պատեհ առիթ մը չի նկատեր վրիժառութեան, այլ՝ ընդհակառակն, ոսկեա՛յ առիթ մը՝ ներողամտութեան, գթութեան ու հոգածութեան։
Հոս Քորտելիա նշանակալից յաղթանակ մը կ՚արձանագրէ առանց պատերազմի, դիմադրութեան եւ ատելութեան։ Ան իր անկեղծութեամբ, աննիւթական սիրով ու բարեխղճութեամբ կը յաղթէ կեղծիքին, հարստահարութեան, շողոքորթութեան եւ անարդարութեան։ Թէեւ ան անցեալին թերացաւ իր սէրը շռայլ բառերով բնութագրելէ, բայց անհրաժեշտութեան պարագային չթերացաւ ապացուցելու իր սէրը՝ գործով: Յաղթական Քորտելիան իր առաքինի կերպարով յաւիտեան պիտի արժանանայ ընթերցասէրներու յարգանքին, համակրանքին ու «դափնէ պսակին»:
Շէյքսփիրի «Քինկ Լիր»ը առաջին անգամ հրատարակուած է 1608-ին, իսկ իւղանկարը, որուն ականատես եղայ «Հանթինկթընի արուեստի թանգարան»ին
մէջ, նկարուած է 1784-ին, Պենճամին Ուեսթի ձեռամբ։
«Քինկ Լիր»ի թեմայով բազմաթիւ իւղանկարներ կան, որոնք տարբեր ժամանակներու եւ արուեստագէտներու վրձինէն ծնունդ առած են ու այլազան թանգարաններու մէջ կը ցուցադրուին, արժանանալով արուեստասէրներու հետաքրքրութեան ու հիացմունքին:
Շէյքսփիրի գործերուն բազմաթիւ ջատագովներն ու ուսումնասիրողները յատուկ լրջութեամբ կը մօտենան «Քինկ Լիր»ին: Հակառակ որ անիկա հրատարակուած է տասնեօթներորդ դարուն սկիզբը, գրականագէտները կ’անդրադառնան անոր այժմէականութեան, գրական բարձր արժէքին, յղած պատգամներուն եւ արծարծած նիւթերու կարեւորութեան, որոնք կ’առնչուին ընտանեկան, ընկերային, տնտեսական, հոգեբանական եւ նիւթաբարոյական հարցերու:
Անձնական փորձառութենէս մեկնելով՝ մանուկ հասակէս մինչեւ օրս Լիր արքան եւ իր երեք դուստրերը յոյզերու ալեկոծում եւ խոհերու շարան մը կը ստեղծեն մօտս։ Կը հաւատամ, որ այս գրական գործը իր հրապոյրէն ո՛չ պիտի զիջի եւ ոչ ալ ենթարկուի ժամանակի փտումին, մոռացութեան ու մաշումի սղոցին։ Կը կարծեմ, որ միշտ ալ պիտի ըլլան Սիլվային նման խնդրողներ. «Հայրի՛կ, մեծահարուստ հօր եւ իր երեք աղջիկներուն պատմութիւնը կը պատմե՞ս հաճիս»:
ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ