Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴԱՆԻԷԼ ՉԱՒՈՒՇ (1848 – 1895)

November 19, 2024
in Յօդուածներ
0
ԴԱՆԻԷԼ ՉԱՒՈՒՇ (1848 – 1895)

 

 

Դանիէլ Չաւուշ ծնած է Շապին Գարահիսարի մօտ գտնուող Կամիս գիւղը, 1848-ին:

Կը յաճախէ գիւղին դպրոցը։

Հօրը մահէն ետք իր ուսերուն կը ծանրանայ ընտանիքին ապրուստի հոգը։ Աշխատանք կը գտնէ Շապին Գարահիսարի մօտ գտնուող Թամ-Տէրէի անգլիացիներու շահագործած հանքին մէջ։ Հանքանիւթը` դէպի Կիրասոնի նաւահանգիստը փոխադրուած միջոցին յարձակումներու կ’ենթարկուի քիւրտ աւազակներու կողմէ։

Անգլիացի հանքատէրերը, ի տես Դանիէլի խիզախ բնաւորութեան, զինք կը նշանակեն փոխադրող կարաւաններուն պահակապետ եւ Գարահիսարի միջեւ թղթատար։ Դանիէլ Չաւուշ, իր այդ պաշտօնով, յաճախ կռիւի կը բռնուի քիւրտ աւազակներուն հետ եւ կը պաշտպանէ կարաւանը:

Հանքի գործունէութեան դադրումէն ետք, կը հաստատուի Կելճիսի յունական գիւղը։ Կը սկսի տարածել յեղափոխական գաղափարներ։ Կը ձերբակալուի եւ ութ ամիս կը բանտարկուի։

Բանտէն դուրս գալէն ետք չի դադրիր յեղափոխական տրամադրութիւններ հրահրելէ։ 1891–ին կառավարութիւնը անգամ մը եւս կը փորձէ զինք ձերբակալել։ Այս անգամ Դանիէլ կ’ընդդիմանայ, կը կռուի եւ կը փախի Էնտէրէս։ Հոն Գրիգոր Պարոնեանի ձեռամբ կը մտնէ Հնչակեան շարքերը եւ կուսակցութեան յանձնարարականով կը մտնէ Տէրսիմի Քեռիի խումբին մէջ։

1892–ին, Զէնկի Տիւզի կռիւին, իր խումբով կ’ապահովէ Քեռիին թիկունքը եղող Գարաքիւթիկի պահականոցի ճամբան։ Բախում կ’ունենան կռիւի վայրը օգնութեան շտապող ոստիկանական խումբի մը հետ։ Զանոնք կը սպաննեն եւ պահակատունը կ’այրեն։

Կ’անջատուի Քեռիի խումբէն  եւ առանձին խումբով կը սկսի գործել Անդրիասի շրջանին մէջ։ Կ’անցնի Էսկի-Շեհիր։ Գարահիսարի, Անդրիասի, Համիտիէի եւ Զառայի շրջաններուն մէջ յաղթական բախումներ կ’ունենայ քիւրտ ցեղախումբերու հետ։

Դանիէլ Չաւուշի խումբը կը դառնայ Արամ Աչըքպաշեանի հրահանգները գործադրող գլխաւոր մարտական ուժը։

1894-ին Դանիէլ Չաւուշ կ’ասպատակէ Կեչի Եուրտի շրջանները: Ապա կ’անցնի Սողան-Օպայի եայլաները։ Նոյն տարուան Մայիսին, Էսկի-Շեհիրի մէջ յաղթական բախումներ կ’ունենայ խումբը հետապնդող կառավարական զօրքին հետ եւ կ’ապաստանի Ալիս գետի ակունքները։ Կ’անցնի Տաղլըղ գիւղը։ Կը պատժեն Չալթուի աւազակաբարոյ քիւրտերը: Քիւրտ գիւղացիներուն խնդրանքով կը սպաննեն Հուսէյն անունով աշիրաթապետը եւ հարստութիւնը կը բաժնեն գիւղացիներուն: Կը սպաննեն Ածպտիրի գիւղապետ Էսսաթին եւ անոր գործակից լրտես Եփրեմը:

Արամ Աչըքպաշեանէն լուր կը ստանան, որ Երզնկայի բանտէն փախած եւ կրկին ձերբակալուած հնչակեան վեց ֆետայիներուն գազանաբար յօշոտման պատասխանատու գլխաւոր դատախազին տեղակալը ճամբայ ելած է դէպի Սեբաստիա։ Զառա-Սվազ ճամբուն վրայ, Չոպան Տէրէի մէջ կը յարձակին հայատեաց դատախազին վրայ, կը սպաննեն պահակները եւ կ’առեւանգեն դատախազը։ Վերջինս Դանիէլ Չաւուշի ձեռքով կը ստանայ «յեղափոխական դատարան»ին սահմանած արժանի պատիժը: Կը փորձեն նաեւ պատժել անգութ կառավարիչ Մահմուտ Պէյը, բայց չեն յաջողիր:

Դանիէլ Չաւուշի խումբը կը դառնայ շրջանին ահն ու սարսափը։ Իր մասին կը սկսին պատմուիլ առասպելներ։ (Աշխարհադաշտի հայերուն նուազագոյն վնասով դուրս գալուն (1895-ի ջարդերէն) գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ Դանիէլ Չաւուշի խումբին ազդած սարսափն էր: Ես թուրքերու բերնէն լսած եմ տարօրինակ բաներ այդ ֆետայիներու պետին վրայ։ Օրինակի համար, անոնք կը պատմէին թէ Դանիէլ Չաւուշ կարաս մը ունի, որուն վրայ եթէ նստելու ըլլայ՝ ուզած տեղը կրնայ երթալ։ Ահա այսպիսի առասպելներ շինած էր թուրք գիւղացին այդ հերոսին վրայ.- կը գրէ Սարգիս Տէօվլէթեանը):

Խումբին համբաւը այնքան կը տարածուի, որ նոյնիսկ արտասահմանէն, հնչակեան երիտասարդներ կտրելէ ետք երկար եւ վտանգաւոր ճամբայ, կու գան կամաւորագրուելու անոր:

Մեծ կ’ըլլայ Դանիէլ Չաւուշի դերը 1895-ի հայկական կոտորածներուն Շապին Գարահիսարի եւ շրջակայքի ինքնապաշտպանութեան կազմկերպման գործին մէջ: Իր խումբին շնորհիւ է որ կը պաշտպանուին եւ նախայարձակը պարտութեան կը մատնեն ոչ միայն Շապին Գարահիսարի, այլեւ շրջակայ գիւղերէն Չոպան Տէրէսիի, Բիւրքի, Խանծառի մէջ:

1895-ին, Փոլատ Տէրէսի յունական գիւղին մէջ խումբը կը պաշարուի զօրքին կողմէ։ Ծանր մարտերով կը յաջողին ճեղքել պաշարումը եւ թաքցնել հետքերը։ Կ’անցնին Շար Եր գիւղը եւ կը սպաննեն Ազիզ ընտանիքի լրտես ծառան։

1895 Հոկտեմբերին, Դանիէլ Չաւուշի խումբը կը շարժի դէպի Սեբաստիա, այնտեղ միանալու համար Մինաս Օղլուի խումբին եւ ուղղուելու դէպի Զէյթուն, որ Աղասիի ղեկավարութեամբ ապստամբութեան դրօշը պարզած էր։ Այս ծրագիրը, սակայն, չ’իրականանար։

Խանծառէն ետ կը դառնան։ Ղավրազի վրայով կ’անցնին Քէչէյրուտ։ 1895 Նոյեմբերին, Էնտէրէս-Գարահիսար երկարող Գարա Պէյիր կիրճին մէջ կը պաշարուին։ Անհաւասար բուռն կռիւին մէջ խումբին մեծ մասը կը նահատակուի: Քաջի մահով կ’իյնայ նաեւ Դանիէլ Չաւուշ։ Խումբին միակ վերապրող ընկ․ Գաբրիէլ Սալմանեան (Սամուէլ) հրատարակած է իր յուշերը «Ազատագրութեան ջահակիրները» խորագրով, ուր կայ արժէքաւոր փաստագրական նիւթ:

Դանիէլ Չաւուշի ղեկավարած խումբը մեր ֆետայական շարժումին ամէնէն արդիւնաւոր խումբերէն է։

 

Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի «Արիւնոտ գոյերթի վկաներ» գիրքէն

Share63Tweet39
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Next Post

ՍԻՐՈՅ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Next Post
ՍԻՐՈՅ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

ՍԻՐՈՅ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.