Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

November 19, 2024
in Հայաստան
0
  ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

 

Երէկ՝ 18 Նոյեմբերին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ կազմակերպուեցաւ համաժողով մը՝ նուիրուած Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանումին:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առանձնազրոյց մը ունեցաւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Վարչապետը Հայաստանի ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեց Վատիկանին՝ միջազգային հարթակներուն մէջ խաղաղութեան օրակարգի սպասարկումին եւ այդ ուղղութեամբ միասին գործելու հարցով: Վարչապետը պապին ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթին մանրամասնութիւններն ու վերահաստատեց Երեւանի յանձնառութիւնը խաղաղութեան հոլովոյթին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վատիկանին՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակումին ուղղութեամբ տարած աշխատանքին համար: Նշենք, որ Հայաստանի վարչապետը Վատիկան այցելութեան ընթացքին շրջեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի թանգարաններուն մէջ, ապա ծաղիկներ խոնարհեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձաններուն մօտ:

 

Share71Tweet45
Previous Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.