Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

November 19, 2024
in Հայաստան
0

 

 

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Պաքուի հետ կնքուելիք խաղաղութեան պայմանագրի ամբողջացումին համար մնացած են 1-2 ձեւակերպումներ եւ յօդուածներ, որոնց շուրջ աշխատանքները կը շարունակուին աւելի կառուցողական մթնոլորտի մէջ, քան նախորդ փուլին: Հետեւաբար, նախարարը զգուշաւոր լաւատեսութիւն յայտնեց խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ մօտալուտ համաձայնութեան մասին:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ կնքուելիք խաղաղութեան պայմանագրին մնացեալ երկու յօդուածներուն վերաբերող առաջարկները հայկական կողմը փոխանցած է Ատրպէյճանին, սպասելով Պաքուի արձագանգը: Փաշինեան յայտնեց, որ վերջերս ՊՐԻՔՍ համախմբումի ժողովին ընթացքին շատ կարեւոր եւ արդիւնաւէտ տեսակցութիւն ունեցած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ քննարկելու համար տարակարծութեանց առարկայ հանդիսացող նիւթերը եւ խաղաղութեան պայմանագիր մը կնքելու հնարաւորութիւնները: Փաշինեանի համաձայն, Ալիեւի հետ խօսակցութեան կարեւորագոյն հատուածը այն էր, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը խաղաղ գոյակցութեան համար կարիք ունին ոչ միայն խաղաղութեան պայմանագրի կամ պայմանագրերու, այլ ռազմավարական գործարք մը կնքելու: Փաշինեան Ազգային ժողովէն հակադարձեց Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու մասին Ատրպէյճանի նախագահին շարունակական պահանջներուն, շեշտելով որ խաղաղութեան պայմանագրի ծիրին մէջ որեւէ կարիք չկայ փոխելու Սահմանադրութիւնը:

Share71Tweet45
Previous Post

Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ ԲԱՆԱԳՆԱՑ ՀՈՔՇԹԱՅՆ

Next Post

  ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post
  ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

  ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.