Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ ԲԱՆԱԳՆԱՑ ՀՈՔՇԹԱՅՆ

November 19, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ ԲԱՆԱԳՆԱՑ ՀՈՔՇԹԱՅՆ

 

 

Մայրաքաղաքային թիրախներու ռմբակոծումը նշում կատարեց կարեւոր մէկ այլ թղթածրարի՝ զինադադարի բանակցութիւններու վճռորոշ փուլ մուտքին: Ռազմական գործողութիւններուն բանակցային վերջ դնելու պարտականութիւնը վստահուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Ամուս Հոքշթայնին, որ նախապէս յաջողած էր ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւն կնքելու աշխատանքին մէջ: Կը սպասուի, որ Հոքշթայն շուտով այցելէ Պէյրութ եւ Թել Աւիւ՝ վերջնականացնելու համար զինադադարի ամերիկեան առաջարկը, որուն յօդուածներուն վերաբերեալ կան շատ տարաձայնութիւններ: Նախապէս կը կարծուէր, թէ բանագնացը այսօր պիտի հասնէր Պէյրութ, սակայն ամերիկեան լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Հոքշթայն հաւանաբար ժամանէ վաղը՝ ստանալէ ետք զինադադարի ամերիկեան առաջարկին մասին լիբանանեան պաշտօնական պատասխանը: Այս առումով չէ բացառուած, որ Լիբանանի կառավարութիւնը այսօր ամերիկեան դեսպանատան փոխանցէ զինադադարի առաջարկին իր պատասխանը՝ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջնորդած եւ Հըզպալլան ներառած մանրամասն քննարկումներէ ետք: Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Հոքշթայն շուտով պիտի հասնի Պէյրութ, աւելցնելով որ Լիբանան դրական պատասխանած է ամերիկեան առաջարկին, սակայն կան որոշ կէտեր, որոնք պէտք է աւելի մանրամասն քննարկել: Իսկ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա վարչապետի պաշտօնակատարին հետ տեսակցելէ ետք յայտնեց, որ «զինադադարը շատ մօտալուտ է, եթէ Իսրայէլ վերջին պահուն չփոխէ իր կեցուածքը»: Կառավարութեան մէջ Հըզպալլան ներկայացնող նախարարներէն՝ աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պէյրամ երէկ այցելեց Այն Թինէ եւ տեսակցեցաւ Պըրրիի հետ, ապա լրագրողներուն յայտնեց, որ «մթնոլորտը դրական է եւ լիբանանեան պատասխանը Հոքշթայնին պիտի փոխանցէ այսօր, սակայն կը մնայ տեսնել, թէ իրապէս ինչ պիտի ըլլայ աւարտին»: Զինադադարի հաւանականութեան մասին խօսեցաւ նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ: Անոր համաձայն, ամերիկացի պատուիրակը չ’ուզեր ձախող այցելութիւն, այլ կ’աշխատի յաջողցնել զինադադարի համաձայնութիւնը:

Ի տես իսրայէլեան ոճրագործութիւններուն, Արտաքին գործերու նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի պատուիրակութեան յանձնարարեց նոր բողոք մը ներկայացնել Իսրայէլի դէմ՝ բողոքելով լիբանանեան բանակի շարունակական թիրախաւորումէն:

Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ «լիբանանցիները կարողութիւն ունին ճշդելու իրենց շահերը եւ կայացնելու անհրաժեշտ որոշումները՝ կասեցնելու համար իսրայէլեան ոճրագործութիւնները»

Share63Tweet39
Previous Post

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԿՐԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ

Next Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.