Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԿՐԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ

November 19, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԿՐԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ

 

 

«Սեպտեմբերեան պատերազմ»ը եւ շատ սպասուած ենթադրեալ զինադադարի թղթածրարը անցնող երեք օրերուն ականատես դարձան ռազմական եւ քաղաքական յատկանշական փոխառնչուած զարգացումներու: Մինչ շատ կը խօսուի մօտալուտ զինադադարի ենթադրեալ մանրամասնութիւններուն մասին, լուսարձակները անցնող երեք օրերուն կեդրոնացած էին մայրաքաղաք Պէյրութի վարչական տարածքին վրայ, ուր փոխադրուեցան նախապէս հարաւային արուարձանները թիրախաւորող իսրայէլեան յարձակումները: Նախանցեալ օր ու երէկ, իսրայէլեան օդուժը երեք թիրախ ռմբակոծեց մայրաքաղաքին մէջ, գրեթէ հասնելով Պէյրութի կեդրոնը: Նորագոյն հարուածը երէկ երեկոյեան էր, երբ իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց վարչապետարանին եւ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մերձակայ Զոքաք Պլաթ շրջանին մէջ թիրախ մը: Նախանցեալ առաւօտեան, ծանրօրէն հրթիռակոծուեցաւ եւ ամբողջութեամբ քանդուեցաւ Սոտեքոյի մերձակայ Ռաս էլ-Նապաա թաղամասին մէջ գտնուող Պաաս կուսակցութեան կեդրոնատեղին, իսկ թիրախը՝ այնտեղ ժողով գումարող Հըզպալլայի տեղեկատուական ծառայութիւնն էր: Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ գործողութիւններու կեդրոնը քանի մը ժամ ետք յայտարարեց, թէ եօթը անձ մահացած է՝ ներառեալ կին մը, վիրաւորուած է նաեւ 16 հոգի: Հըզպալլա, իր կարգին, գուժեց կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Մոհամմատ Աֆիֆ Նապուլսիի եւ նոյն գրասենեակին մէջ ծառայող չորս այլ աշխատակիցի մահը, խոստանալով շարունակել պայքարը եւ միշտ յարգել զոհերուն յիշատակը: Քանի մը ժամ ետք, իսրայէլեան օուժը վերադարձաւ Պէյրութի օդային տարածք եւ այս անգամ հարուածեց Մար Էլիաս թաղին մէջ գործող ելեկտրոնային սարքերու «Մատի »վաճառատուն մը եւ ինքնաշարժ մը: Պայթումը յառաջացուց մեծ հրդեհ, որ կարելի եղաւ մարել միայն ժամեր անց: Ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, Մար Էլիասի մէջ մահացած է երեք անձ՝ ներառեալ կին մը, իսկ վիրաւորներուն թիւը հասած է 30-ի: Վաճառատան սեփականատիրոջ եղբայրը պնդեց, թէ իրենք որեւէ կապ չունին կուսակցութիւններու հետ, այլ սովորական քաղաքացիներ են, իսկ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին, թէ Մար Էլիասի հարուածին թիրախը Հըզպալլայի հարաւային գօտիի գործողութիւններու պատասխանատուն էր:

Պէյրութի հարուածները որոշակի շուքի տակ ձգեցին հարաւն ու Պեքաան, ուր անցնող երեք օրերուն չդադրեցան իսրայէլեան օդային եւ ցամաքային գործողութիւնները, կեդրոնանալով սահմանին մերձակայ լիբանանեան երկրորդ շարքի գիւղերուն վրայ: Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ արեւելեան էլ-Մարի գիւղին մերձակայ բանակի դիրքի ռմբակոծումէն զոհուեցան զինուորներ Պասսամ Զախուրին եւ Մոհամմատ Հըսէյնը: Արեւմտեան հատուածին մէջ, իսրայէլեան հարուածներէն Քանայի մէջ զոհուեցաւ շտապ օգնութեան երկու փրկարար, իսկ լիբանանեան Կարմիր խաչի կամաւորները յաջողեցան հասնիլ Սուրի մերձակայ շրջանները եւ տարհանել նախանցեալ օր ինկած 11 զոհերու դիերը: Հարաւային Ժուայա շրջանին մէջ ալ մահացաւ չորս մարդ, մինչ իսրայէլեան ուժերը իրենց գործողութիւններուն ընթացքին գործածեցին նաեւ հրետանի, որ տեղակայեցին լիբանանեան հողի իրենց ներխուժած հատուածներուն մէջ: Իսրայէլեան բանակի բանբերը միւս կողմէ նշեց, որ հարուածները կեդրոնացած են Հըզպալլայի հրթիռային համակարգերու կործանումին վրայ:

Հըզպալլա երէկ քանի մը անգամ հրթիռներ արձակեց իսրայէլեան հիւսիսային բնակավայրերուն վրայ, հրդեհ յառաջացնելով Քրիաթ Շմոնայի եւ այլ շրջաններու մէջ: Ըստ Հըզպալլայի յայտարարութեան, պատերազմի սկիզբէն ի վեր հրթիռակոծուած է իսրայէլեան 456 բնակավայր: Իսկ գիշերուայ ժամը 9-ին հաղորդուեցաւ, թէ Լիբանանէն արձակուած «Ֆէթեհ 110» հեռահար հրթիռ մը ինկած է Թել Աւիւի արեւելեան արուարձան Ռամաթ Ղանի վաճառական կեդրոններէն մէկուն մօտ՝ յառաջացնելով հրդեհ եւ պատճառելով նիւթական ծանր վնաս, իսկ խոչընդոտող հրթիռներու բեկորներ ինկած են մերձակայ շրջաններուն մէջ:

Share63Tweet39
Previous Post

Մարզական

Next Post

Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ ԲԱՆԱԳՆԱՑ ՀՈՔՇԹԱՅՆ

Next Post
Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ ԲԱՆԱԳՆԱՑ ՀՈՔՇԹԱՅՆ

Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ ԲԱՆԱԳՆԱՑ ՀՈՔՇԹԱՅՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.