40 ՄԱՐԴ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ Է ՖՐԱՆՍԱ-ԻՍՐԱՅԷԼ ՄՐՑՈՒՄԻՆ
ՈՒԵՖԱ-ի Ազգերու լիկայի Ա. լիկի Բ. խումբի 5-րդ փուլի Ֆրանսա-Իսրայէլ հանդիպման ժամանակ մօտ 40 երկրպագու ձերբակալուած է, որոնք իրար ծեծած են «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտի թրիպիւններուն վրայ:
Մրցումը վերջ գտած է 0-0 արդիւնքով: Ֆրանսայի հաւաքականը ունի 10 միաւոր եւ կը զբաղեցնէ երկրորդ հորիզոնականը: Իսրայէլ վաստակած է մէկ կէտ եւ չորրորդն է։ Երկրորդ քառեակը 13 միաւորով կը գլխաւորէ Իտալիոյ հաւաքականը, իսկ Պելճիքայի կազմը ունի 4 կէտ եւ կը գտնուի երրորդ տեղը: Իսրայէլի յաջորդ մրցակիցն է Պելճիքան… սակայն ծեծուըռտուքներէն շունչ մը պիտի քաշէ, քանի որ մրցումը տնային պայմաններու մէջ է:
58-ԱՄԵԱՅ ԹԱՅՍԸ՞Ն, ԹԷ՞ 27 ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԷՅՔ ՓՕԼ
Մայք Թայսըն դարձեալ ռինկ կը բարձրանայ: Անոր մրցակիցն է 27‑ամեայ Ճէյք Փօլը: Մենամարտը տեղի պիտի ունենայ Առլինկթընի մէջ (Թեքսաս)։
Բռնցքամարտի ծանր քաշային կարգի աշխարհի նախկին անվիճելի ախոյեանը 58 տարեկան է: Ան բռնցքամարտի ասպարէզը աւարտած էր 2005 թուականին։ 56 մենամարտ կատարած հսկան իր հաշուոյն ապահոված էր 44 յաղթանակ եւ միայն 6 անգամ գլխիկոր հեռացած էր ռինկէն:
Անկախ այս մենամարտի արդիւնքէն, երկու բռնցքամարտիկներուն ալ մեծ եկամուտ մը կը նախատեսուի։