«ԱՐԱՐԱՏ», 10 Նոյեմբեր-15 Նոյեմբեր 1969
Միշտ չէ, որ թերթի մը էջերը լեցնող սիւնակները կ’արդարացնեն իրենք զիրենք։ Այդպէս եղած է անցեալին, այդպէս է նաեւ այսօ՛ր։ Կան թերթեր, որոնք կը բանանք, կը թերթատենք, սակայն համով-հոտով ընթերցելի միա՛կ յօդուած մը անգամ չենք գտներ հոն…։ Կը շպրտենք թերթը անդին…։ Ես այս երեւոյթը կը վերագրեմ առաւելաբար թերթի պատասխանատուներուն ճաշակի պակասին։ Մեր խմբագիրները, յաճախ, չե՛ն յաջողիր ընթերցողին բազկերակը բռնել՝ զգալու համար անոր ակնկալութիւնը, անոր փնտռածը հայ թերթին մէջ, անոր թաքուն ու բնազդային նախասիրութիւնները։
Ինծի կը թուի, թէ «Արարատ»-ն ալ, 55 տարի առաջ, կը տառապէր նոյն հիւանդութենէն։ Թերթը կը հրատարակուէր չորս լայնածաւալ էջերով, շաբաթական վեց թիւ։ Այլ խօսքով, ան իւրաքանչիւր շաբաթ պէտք է լեցնէր 24 էջ։ Այո՛, սա կամ նա ձեւով կը լեցուէին այդ էջերը, բայց ի՞նչ էր տոկոսը այն էջերուն, որոնք հոգեկան բաւարարութիւն կամ հաճոյք կրնային պարգեւել հայ ընթերցողին…։
Երբեմն, իրենք զիրենք չեն արդարացներ նա՛եւ յօդուածագիրները։ Թափթփած են, «միջուկ» չեն կրնար դնել իրենց գրութեան մէջ, յուսախաբ կ’ընեն ընթերցողը։ Զորօրինակ, թերթին 10 Նոյեմբերի թիւին մէջ գրական բնոյթի յօդուած մը կ՛իյնայ ակնարկիս տակ. «Ալեքսանտր Ծատուրեան (կեանքն ու գործը)»։ Հեղինակ՝ Ս. Պալաթոն (այս յօդուածագրին ինքնութեան անդրադարձեր էի նախապէս)։ Կը կարդամ գրութիւնը ծայրէ-ծայր, սակայն կը նկատեմ որ դոյզն տեղեկութիւն անգամ չկայ Ծատուրեանի կեանքին մասին։ Չէ՞ որ խորագիրը կը խոստանար պատմել մեզի այս գրողին կեանքն ու գործը։ Չկայ։ Նոյնիսկ չէ յիշատակուած անոր ծննդեան ու մահուան թուականը…։ Շատ հպանցիկ ու անբաւարար ակնարկներ կան միայն անոր գործին մասին։ Մինչդեռ, արեւելահայ այս բանաստեղծին (1864-1917) կեանքին ու գործին շուրջ կարելի էր հիւսել կոկիկ յօդուած մը։ Բացէ՛ք Սիմոն Սիմոնեանի «Արեւելահայ գրականութիւն» հաստափոր ժողովածուն (Պէյրութ, 1965) ու էջ 345-ի վրայ կարդացէք «Գրչի հանաքներ»–ու հեղինակ Ալ. Ծատուրեանի մասին խիտ, բովանդակալից ու գոհացուցիչ տեղեկութիւններ…։
Անցնինք այլ գրութիւններու։
Ծաւալուն յօդուած մը, որ արտատպուեր է Երեւանի «Սովետական Հայաստան» օրաթերթէն, կը խօսի հիթլէրեան ուժերու Յունաստան ներխուժումին մասին, 1941-ին, Բ. Աշխարհամարտի թէժ օրերուն։ Յօդուածագիրը Ստեփան Կուրտիկեանն է (1908-1986, գրականագէտ եւ «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի խմբագիր)։ Ան կը պատմէ որ նացիներու դէմ յունաց դիմադրական շարժումը կը գլխաւորէր ընդյատակեայ ԷԼԱՍ բանակը։ Անոր կ’անդամակցէին նաեւ հայ երիտասարդներ, որոնցմէ շուրջ 300 տղաք նահատակուեցան մարտերու ընթացքին, ոմանք՝ դաժանօրէն գնդակահարուելով։ Աթէնքի Տուրղութիի շրջանի ԷԼԱՍ-ի ջոկատին հրամանատարը Անդրանիկ Ղուկասեանն է եղեր, որ նահատակուեր է 27 տարեկանին։ Հիթլէրականները Յունաստանէն քաշուեր են 1944-ի Հոկտեմբերին։ «Ազատութեան ազգային դրօշը նորից ծածանուեց Ակրոպոլի բարձունքում,–կը գրէ յօդուածագիրը։ Սակայն յոյն ժողովուրդը չկարողացաւ վայելել յաղթանակի պտուղները։ Իշխանութիւնը խլեցին ռէակցիոներները («սեւ գնդապետերու ռեժիմ»…), որոնք նոր ողբերգութիւն ստեղծեցին Յունաստանի համար՝ երկիրը վերածելով համակեդրոնացման ճամբարի»։ Կուրտիկեան կը հաւաստիացնէ, թէ ասոնց օրով տանջարաններու մէջ խոշտանգուեցան տասնեակ հազարաւոր յոյն դեմոկրատներ…։ Այնուհանդերձ՝ «Պայքարը շարունակւում է»… (յօդուածին խորագիրն է)։
Ամերիկայի «Երիտասարդ Հայաստան»-էն նոր արտատպում մը կայ այս շաբաթ եւս։ Յօդուածին հեղինակը նոյն թերթի հանրածանօթ խմբագիրն է՝ Սիրվարդը (Եղիա Գրիգորեան)։ Հիմնուելով Պէյրութի «Ազդակ»–ին մէկ խմբագրականին վրայ, ուր յստակօրէն ընդգծուեր է, որ Դաշնակցութիւնը դէմ է միջինարեւելեան գօտիներէն ու Խորհրդային Հայաստանէն դէպի այլուր կատարուող արտագաղթին, Սիրվարդ վերապահութեամբ ու կասկածով կը մօտենայ այդ հաստատումներուն եւ անկեղծութեան պակաս կը տեսնէ հոն, այնքան ատեն որ Հ.Յ.Դ. շրջանակը կը շարունակէ քաջալերել ԱՆՉԱ-ն։
Փրաւիտենսէն Վահրամ Փափազեան, որ պարբերաբար կ’աշխատակցի թերթին, այս անգամ ալ պատմեր է ամերիկահայ երիտասարդ զոյգի մը ամուսնութեան առջեւ ցցուած պատուարի մը մասին։ Փօլ եւ Կրէյս, երկուքն ալ հայածին, ազգային աւանդութիւններու կառչած, զիրար կը սիրեն եղեր ու որոշեր են ամուսնանալ հայ եկեղեցւոյ մը մէջ՝ հայկակա՛ն պսակով։ Սակայն… Փօլին հայրը էջմիածնական է եղեր, իսկ Կրէյսին ծնողքը՝ անթիլիասական։ Թնճո՜ւկ… (Ամերիկայի մէջ եկեղեցական տագնապը կամ հակադրութիւնը, այդ տարիներուն, սուր էր ու անդարմանելի)։ Յօդուածագիրը կը գրէ. «Եւ ըսել, լսել՝ թէ օտար ամուսնութիւնները կ’այպանենք. փոխանակ հայեցի ամուսնութիւնները քաջալերելու՝ կը ստեղծենք արգելքներ հանդէպ անոնց, որոնք կը պաշտեն Հայ Առաքելական հնատուր Ս. Եկեղեցին։ Այսպէս, ջուխտ մը սիրահար սիրտեր, ի խնդիր հայ եկեղեցւոյ մը, կը սպասեն եւ կը սպասեն, յետոյ ալ՝ ո՞վ գիտէ…»։ Իրա՛ւ, ի՜նչ անհեթեթ ու վնասաբեր վէճերով մաշեցուցեր ենք մենք զմեզ, խրտչեցուցեր ենք մեր նորահաս սերունդները՝ Միջին Արեւելքի սա ափերէն մինչեւ Ամերիկաներ…։
Մինաս Գանգրունի կը շարունակէ գրիչ շարժել երաժշտական նիւթերու շուրջ։ Այս անգամ ալ ան գրախօսական մը նուիրեր է Ամերիկա տպուած մանկապատանեկան հաստափոր երգարանի մը, որ կը կոչուի «Մանկական մեղեդիներ» (Նիւ Եորք, 1968)։ Ժողովածուն պատրաստեր է Ալթուն Մ. Սափրիչեան, որ նախապէս, երկար տարիներ, մանկապարտիզպանուհիի պաշտօն վարեր է եղեր Աթէնքի մէջ։ Գրախօսը կը գանգատի սակայն, որ նորատիպ ձայնագրեալ այս երգարանին մէջ ընդգրկուած երգերը մեծ մասամբ օտար լեզուներէ թարգմանութիւններ են ու եղանակներն ալ՝ ոչ անպայման հայկական կամ հայաշունչ…։ Այլ յօդուածի մը մէջ, Մինաս Գանգրունի բացատրեր է «Ֆոլքլորի դերը երաժշտագիտութեան մէջ»։ Ան «ֆոլքլոր» բառին համար առաջարկեր է «ժողովրդագիտութիւն» եզրոյթը։
«ԱՐԱՐԱՏի գրական էջ»–ին մէջ Պէպօ Սիմոնեան (1937-2015) ներկայացուցեր է թերթին պատասխանատու խմբագիր Ժիրայր Նայիրիի նոր գիրքը՝ «Հայուն արեւմուտը», որուն ծանուցումը կը կատարուէր շաբաթներէ իվեր։ Նորատիպին մէջ մէկտեղուեր են հեղինակին Հարաւային Ամերիկա կատարած ճամբորդութեան տպաւորութիւնները։ Հոն կը պարզուի եղեր «այդ ափերուն վրայ ապրելու ճակատագրուած հայութեան անհեռանկար ազգային ապագան։ Այս համոզումէն եւ սկզբունքէն թելադրուած ալ՝ խոր սրտցաւութեամբ եւ տագնապանքով մը [հեղինակը] կը յառաջացնէ այն տեսակէտը, թէ հակառակ ազգային, կրթական, մշակութային նուիրական ճիգերուն, այդ երկիրներու հայութիւնը իր արեւմուտը կ‘ապրի եւ ուշ կամ կանուխ դատապարտուած է կորստեան»։
Երեւանէն հասած լուր մը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի կառավարութեան յանձնարարութեամբ պիտի մշակուին ու վերահրատարակուին եղեր Սփիւռքի դպրոցներուն համար հայերէնի նոր դասագիրքեր։ Ըստ երեւոյթին, ասոնք վերանայուած տարբերակները պիտի ըլլան 60-ականներուն պատրաստուած Այբբենարաններուն, ընթերցարաններուն եւ լեզուի ու աշխարհագրութեան դասագիրքերուն։ Սփիւռքը երկա՜ր տարիներ օգտուեցաւ անոնցմէ։
Երեւանէն հասած այլ լուր մը հաղորդեր է, որ «այս տարուան Հոկտեմբեր ամսուան մէջ Իրանէն, Թուրքիայէն, Լիբանանէն եւ Իրաքէն մայր հայրենիք՝ Խորհրդային Հայաստան վերադարձաւ 251 տարագիր հայ (53 ընտանիք)»։ Անոնք մշտական բնակութիւն հաստատեր են Լենինական եւ այլ վայրեր։
Հոս-հոն ցանցնուած կը տեսնենք մանր լուրեր ալ։
Զորօրինակ, Պուէնոս Այրէսէն ստացուած հեռագիր մը գուժեր է մահը ազգային գործիչ ու հնչակեան դէմք ընկ. Երուանդ Միւրէքեանի։
«Արարատ»-ի խմբագրատուն այցելեր է եգիպտահայ գեղանկարիչ Բիւզանդ Գոճամանեան։ Ան մտադիր է եղեր ցուցահանդէս մը բանալու Պէյրութի մէջ, յիսուն նոր գործերով։
Ծանուցուեր է, թէ Լիբանանահայ Մշակ. Միութիւնը «Գրական-գեղարուեստական երեկոյ» մը պիտի սարքէ Թումանեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, միութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Խօսք պիտի առնեն եղեր փրոՖ. Աշոտ Պատմագրեան, Արմէն Դարեան, Գէորգ Աճեմեան եւ Պէպօ Սիմոնեան։ Գեղարուեստական բաժնին ալ մասնակցութիւն պիտի բերեն եղեր տիկնայք Ժանէթ Իլանճեան եւ Զ. Պուճիքանեան, պարոնայք Յակոբ Կիւլոյեան եւ Ա. Կիրակոսեան։
55 տարի անց՝ պատկառելի այս խմբակէն ի կեանս եղող կա՞յ…։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)