Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

November 19, 2024
in Այլազան, Գաղութային
0
  ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

 

 

Լիբանան կ’ապրի տագնապալի ու տխուր օրեր։ Մարդոց դէմքին ժպիտ չկայ, ճի՛շդ է։ Այնուհանդերձ,  Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբերը, մեզի համար դարձաւ ուրախութեան եւ հրճուալից ապրումներու բացառիկ օր մը, երբ պատեհութիւնն ունեցանք դէմ-յանդիման գալու եւ երկարօրէն զրուցելու լիբանանահայ ծանօթ քերականագէտ ու լեզուաբան տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի հետ։

Իր յօդուածներէն դատելով` խստաբարոյ ու խոժոռադէմ մարդ մը, բայց իսկութեան մէջ` շա՜տ քաղցր, ազնիւ ու բարեհամբոյր անձնաւորութիւն մը, որ հմայեց մեզ։ Ծառուկեան պիտի ըսէր` «Տարօրինակ բայց իրաւ»…։

Տոքթորը կրնանք սեպել լիբանանահայ մտաւորականութեան նահապետը։ Շշմեցուցիչ է իր երիտասարդական կորովը, նոյնքան շշմեցուցիչ է իր ամէնօրեայ կարգապահ աշխատանքը` Անթիլիասի իր բնակարանին անդորրաւէտ մթնոլորտին մէջ, մի՛շտ գիրքերով ու բառարաններով շրջապատուած…։

Ասպարէզով` վկայեալ ատամնաբոյժ, մեր սիրելի բարեկամը քանի մը տարիէ ա՛լ չի զբաղիր մարդոց ատամներով։ Փոխարէնը` իր զբաղումին կիզակէտը դարձուցեր է մեր տառապեալ արեւմտահայերէնը, անոր քերականութիւնը, ուղղագրութիւնը, կէտադրութիւնը, ոճաբանութիւնը…, բաներ` որոնք բաւարար չափով չէին ուսումնասիրուած անցնող տասնամեակներուն։

Տոքթ. Եղիայեան արդէն իր ստորագութիւնը դրած է կոթողային աշխատանքի մը տակ, որ կը կոչուի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական եւ ոճաբանական ուղեցոյց» եւ որ թէեւ տպագրուած չէ տակաւին, սակայն զետեղուած է համացանցային «Նայիրի» կայքէջին վրայ ու հասանելի է ամէնուն։

Տոքթորը ատով բաւարարուած չէ։ Հայ մամուլին հետեւողները կը նկատեն անշուշտ իր լեզուական յօդուածները` շաբաթը քանի մը անգամ, մերթ «Ի պէտս զարգացելոց», մերթ «Հայերէնը կը զուարճանայ», մերթ «Փրկենք հայերէնը» վերնագրերով։ Ծո՜վ գիտելիքներ ու համոզիչ փաստարկումներ, որոնցմէ կրնան օգտուիլ չափահասն ու դպրոցականը, ընթերցասէր անհատն ու ուսուցիչը, հոգեւորականն ու աշխարհականը հաւասարապէս, բայց նաեւ մե՛նք` մամլոյ սպասարկուներս, բոլորէն առաջ ու բոլորէն աւելի…։

Տոքթ. Արմենակին կը մաղթենք արեւշատ օրեր, լի` հայոց լեզուի անդաստանին մէջ կատարուած նորանոր պեղումներով։

 

Share66Tweet41
Previous Post

Հայագաղութներ

Next Post

ԱՐԱՐՈՒՄ ՄԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ (ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿԱԾ 100 ԳԻՐՔԵՐԸ)

Next Post

ԱՐԱՐՈՒՄ ՄԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ (ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿԱԾ 100 ԳԻՐՔԵՐԸ)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.