Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայագաղութներ

November 19, 2024
in Այլազան
0
Հայագաղութներ

* ԿԼԵՆՏԷԼ.- «Ասպարէզ» կը տեղեկացնէ, որ 7 Նոյեմբերին, ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի տաղերու գիրքի անգլերէն թարգմանութեան ներկայացումը։ Բանախօսութեամբ եւ երկխօսութեամբ հանդէս եկան փրոֆեսոր Աբրահամ Տէրեանը, դոկտոր Ճեսի Արլենը եւ Մաթիու Սարգիսեանը։ Երեկոյին «Բաց Մեզ Տէր», «Նոր Ծաղիկ» շարականներու երգեցողութեամբ հանդէս եկան նաեւ Սուրբ Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի երգչախումբի երգիչ-երգչուհիներ։

* ՊՈԼԻՍ.- Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 11 Նոյեմբեր 2024-ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահած է Արժանթինէն ծանօթ տուտուկահար Գագիկ Գասպարեանի ու պոլսահայ երաժիշտ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի համերգին, արուեստասէր եւ եկեղեցասէր բազմութեան մը ներկայութեամբ։ Համերգը իրագործուած է Տիգրան Կիւլմէզկիլին մեկենասութեամբ:

Հանդիսավարներ Ժպիտ Իսկենտէրօղլու եւ Գրիգոր Տինչքայըքճը ծանօթացուցած են արուեստագէտները։

Համերգի երկու բաժիններուն, զոյգ արուեստագէտները ներկայացուցած են հայկական հոգեւոր երգերէ եւ շարականներէ կազմուած փունջ մը՝ Կոմիտաս Վարդապետի, Արա Պարթեւեանի, Էտվին Կալիպեանի, Մակար Եկմալեանի, Վահագն Ստամպուլցեանի, Գրիգոր Պահլաւունիի, Ռոպերթ Աթայեանի, Առնօ Պապաճանեանի, Եդուարդ Յակոբեանի դաշնաւորումով եւ փոխադրումով։ Համերգի աւարտին Գագիկ Գասպարեանը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Արժանթինի վարչութեան շնորհակալութեան գիրը եւ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանին՝ գնահատանքի գիր։ Ապա Հոգեւոր Պետը արուեստագէտներուն տուած է գնահատանքի գիրեր եւ կատարած Հուսկ Բանքը:

* ԳԱԼԻՖՈՐՆԻԱ.- Կազմակերպութեսմբ «Մասիս» շաբաթաթերթին, 7  Նոյեմբերին, Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ պատմաբան, ուսումնասիրող դոկտ. Տէր Աբէլ Մանուկեանի անգլերէնով հեղինակած «Հնչակեան Կուսակցութեան ծագումը Ժընեւի մէջ Եւ Քսան Կախաղաններու աւանդը» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը ներկայացուց իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեան՝ նշելով, որ տքնաջան պրպտումներուն եւ բծախնդիր հետազօտութեանց շնորհիւ գիրքը կրցած է լոյս աշխարհ բերել մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ռահվիրաներու գործունէութեանց տարբեր երեսակները: Ան ըսաւ, որ «Հնչակեան Կուսակցութեան կազմաւորումը Ժընեւի մէջ եւ Քսան Կախաղաններու աւանդը» գիրքը իր տեսակին մէջ եզակի ուսումնասիրութիւն մըն է, որ աղբիւրագիտական հարուստ նիւթերով, տարբեր դիտանկիւնէ կը ներկայացնէ հայ ազգային ազատագրական պայքարի որոշ փուլերը եւ գիտական պատշաճ որակով, անգլիախօս ընթերցողին կը ծանօթացնէ զուիցերիական եւ գերմանական արխիւներուն մէջ գտնուած նիւթերը:

 

* ՊՈԼԻՍ – «Մարմարա»էն կը կարդանք, որ «Սասուն-Պիթլիս հայ-տէր» միութեան ու Եշիլգիւղի Սանուց Միութեան միասնաբար կազմակերպած փոքր դաշտի ֆութպոլի մրցաշարքը, նուիրուած՝ համայնքային գործիչ եւ բարերար Ճէզօ Թաշի «Ճէթաշ» ընկերութեան հիմնադրութեան 50-ամեակին, հասած է իր աւարտին: Պարսքի խումբը 5-2 արդիւնքով յաղթելով «Քարամ Սիթի»ին ախոյեան հռչակուած է։ Մրցումի ընթացքին մարզասէրներուն հրամցուած է թէյ եւ Սասունի սիրուած ուտելիքներէն՝ ընկոյզի շարոց։ Ամէնէն «ճենթըլմէն» խումբի մրցանակին արժանացած է «Ճէթաշ» խումբը, իսկ ամէնէն ճէնթըլմէն մարզիկը՝ Կարպիս Գափ։ Կոլերու արքայ դարձած է Արեգ Պոլաքը, իսկ կոլային փոխանցումներու արքան՝ դարձեալ Արեգ Պոլաք: Վերջապէս, ամէնէն տպաւորիչ կոլի հեղինակ ընտրուած է Պուրակ Սիւմէրը, իսկ եզրափակիչ խաղի լաւագոյն մարզիկը՝ Առէն Պաղ։

* ՊՈԼԻՍ – Ս. Խաչ Դպրեվանքի տնօրէնութիւնը Ֆէյսպուքի իր էջով կը յայտնէ, թէ վարժարանի 11-րդ դասարանի սաներէն Այգ Նշան ընդգրկուած է Թուրքիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան երիտասարդ մրցավարներու խումբին մէջ եւ 9 Նոյեմբերին առաջին անգամ որպէս մրցավար մասնակցեցած է խաղի մը։

Կը շնորհաւորենք:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԺՈՐԺ ԱՊՏԱԼԼԱ ԴԷՊԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻ՞ՒՆ

Next Post

  ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

Next Post
  ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

  ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.