«Ֆրանս փրես» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, թէ ֆրանսական դատարան մը վերջապէս հրահանգած է ազատ արձակել լիբանանցի մարտական եւ հասարակական գործիչ Ժորժ Ապտալլան, որ Ֆրանսայի մէջ բանտարկուած է 1984-էն ի վեր՝ երկու օտարազգի դիւանագէտ ահաբեկելու յանցանքով: Այսուհանդերձ, Ֆրանսայի հակաահաբեկաչական հարցերու դատախազը խոստացաւ շուտով բողոքել Ապտալլայի ազատ արձակումին դէմ: