Հըզպալլայի մտերիմ մուֆթիներէն Ահմատ Քապալան դատապարտեց իսրայէլեան արարքներուն դիմաց լուռ մնացողները: «Յաղթանակն ու պարտութիւնը կ’որոշուին իրաւունքով, ոչ թէ ուժով», ըսաւ Քապալան: Հակադարձելով Հըզպալլան քննադատող Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յայտարարութիւններուն, Քապալան պնդեց, որ «անջրպետ հատելը աւելի դիւրին է քան Դիմադրութիւնը ապազինելը»: