Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՍ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՀԱՆԴԱՐՏԵՑՈՒՄԻ

November 19, 2024
in Միջազգային
0
ՀԱՄԱՍ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՀԱՆԴԱՐՏԵՑՈՒՄԻ

 

 

Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ «երկու պետութիւններու լուծումը պայմանաւորուած է նախ եւ առաջ Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմի աւարտէն, որմէ առաջ կարելի չէ կատարել որեւէ քննարկում: Համաս շարժումի պատասխանատուներէն Պասէմ Նայիմ «Ֆրանս փրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են Կազայի մէջ յանգելու զինադադարի համաձայնութեան, պայմանաւ որ Իսրայէլ յարգէ որոշումը: Նայիմ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տոնըլտ Թրամփին կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ զինուորական գործողութիւններուն:

Իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարը շեշտեց, որ Համասի հետ հաղորդակցութիւններուն ընթացքին որպէս առաջնահերթութիւն կը քննարկէ իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակումին թղթածրարը:

«Ժազիրա» լրատուական ցանցը հաղորդեց, թէ երէկ առնուազն 32 մարդ մահացած է Կազայի զանազան շրջաններու ուղղութեամբ գործուած իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով: Համասի կառավարութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ 2023-ի 7 Հոկտեմբերին բռնկած պատերազմին ընթացքին մահացած մարդոց թիւը հասած է 44 հազարի, մինչ վիրաւորներուն թիւը մօտեցած է 104 հազարի:

Միջազգային մեկնաբանութիւններուն մէջ, Ինտոնեզիոյ խորհրդարանը առաջարկեց Իսրայէլը վտարել ՄԱԿ-էն, որպէս պատիժ պաղեստինցիներուն դէմ գործուած բռնութիւններուն:

Share63Tweet39
Previous Post

  ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԱՊԱԶԻՆԵԼ ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ

Next Post

ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.